Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաքրոն Չի Բացառեր Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Զօրքերու Ուքրանիոյ Մէջ Տեղակայումը

Փետրուար 28, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն չէ բացառած Եւրոպական Միութեան երկիրներու զօրքերու Ուքրանիոյ մէջ տեղակայումը:

Այդ մասին Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած է երկուշաբթի երեկոյեան Փարիզի մէջ` եւրոպական շուրջ երկու տասնեակ պետութիւններու հաւաքի աւարտին:

«Այս պահուս Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու հարցին մէջ համախոհութիւն գոյութիւն չունի: Ոչինչ, սակայն, պէտք չէ բացառել: Մենք պիտի ընենք այն ամէնը, ինչ որ պարտաւոր ենք, որպէսզի Ռուսիան չյաղթէ», յայտարարած է Մաքրոն:

Փեսքով. «ՕԹԱՆ–ի Զօրքերու Մուտքը Ուքրանիա
Տագնապը Դաշինքին Հետ Անխուսափելի Պիտի Դարձնէ»

«Եթէ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւններու զօրքերը մուտք գործեն Ուքրանիա, ապա կրնանք խօսիլ ոչ թէ տագնապի կարելիութեան, այլ ատոր անխուսափելիութեան մասին», Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնը մեկնաբանելով ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Կացութիւնը նոյնպէս պէտք է գնահատեն (ՕԹԱՆ-ի անդամ) երկիրները` փորձելով հասկնալ, թէ արդեօք այդ ամէնը կը համապատասխանէ՞ իրենց շահերուն, իրենց քաղաքացիներու շահերուն», յայտարարած է Փեսքով:

Սթոլթենպերկ. «ՕԹԱՆ–ը Ուքրանիա
Զօրքեր Ուղարկելու Մտադրութիւն Չունի»

«ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու մտադրութիւն չունի», «Էսոշիէյթըտ Փրես» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին երէկ յայտարարած է դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ` մեկնաբանելով Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութիւնները:

«ՕԹԱՆ-ի անդամները աննախադէպ օժանդակութիւն ցուցաբերած են Ուքրանիոյ: Մենք ատիկա ըրած ենք տակաւին 2014 թուականէն սկսեալ, եւ այդ օգնութեան ծաւալները աւելցած են յատկապէս լայնածաւալ ներխուժումէն ետք: Ատոր հետ մէկտեղ ՕԹԱՆ-ը Ուքրանիա մարտական ստորաբաժանումներ ուղարկելու ծրագիրներ չունի», յայտարարած է Սթոլթենպերկ:

 

 

Նախորդը

Ուքրանիոյ Նախագահը Սէուտական Արաբիա Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Պայտըն Յոյս Կը Յայտնէ Մինչեւ Յառաջիկայ Երկուշաբթի Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու, Սակայն…

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?