Միջազգային

Հէյլի Առաջին Անգամ Ըլլալով Պարտութեան Մատնած Է Թրամփը

Հէյլի Առաջին Անգամ Ըլլալով Պարտութեան Մատնած Է Թրամփը

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Նիքի Հէյլին Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման նախնական ընտրութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով յաղթանակ արձանագրած է: Քոլոմպիա նահանգին մէջ Հէյլիի յաղթանակը կը նախատեսուի ամերիկեան յառաջատար լրատուամիջոցներու քուէներու շուրջ 99 առ հարիւրի հաշուարկման հիմամբ, ներառեալ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, «Ուաշինկթըն Փոսթ» եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթերը, «Էյ.Պի.Սի.» եւ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը: Անոնց հաշուարկներով` Հէյլին մայրաքաղաքային...

Մետվետեւ. «Ուրիշի Հողը Ռուսիոյ Պէտք Չէ,  Սակայն Իր Ունեցածէն Երբեք Պիտի Չհրաժարի»

Մետվետեւ. «Ուրիշի Հողը Ռուսիոյ Պէտք Չէ, Սակայն Իր Ունեցածէն Երբեք Պիտի Չհրաժարի»

Ռուսիոյ ընդդիմախօսները իրենց ականջին օղ պէտք է դնեն, որ ուրիշին հողը Ռուսիոյ պէտք չէ, սակայն իր ունեցածէն ալ պիտի չհրաժարի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւ: «Կ՛ուզեմ ըսել ակնյայտ բաներու մասին, զորս կը հասկնան մեր բարեկամները եւ դաշնակիցները, եւ զորս մեր ընդդիմախօսները պէտք է իրենց ականջին օղ ընեն: Ուրիշի...

Լոյտ. «Եթէ Ուքրանիան Պարտուի, Ես Իսկապէս  Կը Կարծեմ, ՕԹԱՆ-ը Պիտի Պայքարի Ռուսիոյ Դէմ»

Լոյտ. «Եթէ Ուքրանիան Պարտուի, Ես Իսկապէս Կը Կարծեմ, ՕԹԱՆ-ը Պիտի Պայքարի Ռուսիոյ Դէմ»

Ուքրանիոյ պարտութիւնը կրնայ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ ուղղակի բախումի վտանգը ստեղծել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին: Օսթինի համաձայն, եթէ Ուքրանիան պարտութիւն կրէ, Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը «դադար պիտի չտայ»: «Անկեղծօրէն, եթէ Ուքրանիան իյնայ, ես իսկապէս կը կարծեմ, որ ՕԹԱՆ-ը պիտի պայքարի Ռուսիոյ դէմ», ըսած է Փենթակոնի ղեկավարը: Ֆրանսան Ուքրանիոյ Համար 100...

Ռամատանէն Առաջ Կազայի Հարցով  Համաձայնութիւն Գոյացնելու Աշխուժ Ջանքեր

Ռամատանէն Առաջ Կազայի Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացնելու Աշխուժ Ջանքեր

Եգիպտական պատկերասփիւռի կայան մը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներէն, Քաթարէն եւ պաղեստինեան Համաս շարժումէն ներկայացուցիչներ երէկ հասած են Գահիրէ` Կազայի հարցին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու: Պաղեստինեան շարժումի փոխնախագահ Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Գահիրէ` Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցելու համար: Այս մասին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեց պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը` աւելցնելով, որ իրենք տակաւին սպասուող համաձայնութեան կնքման համար վերջին ճշդումները...

Մոսկուայի Մէջ Կրնայ Ասատ-Էրտողան Հանդիպում Տեղի Ունենալ

Մոսկուայի Մէջ Կրնայ Ասատ-Էրտողան Հանդիպում Տեղի Ունենալ

Էրտողանն ու Ասատը կրնան մօտ օրէն Փութինի աջակցութեամբ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունենալ: Վերջնական թուականը պիտի որոշուի Ռուսիոյ նախագահին Թուրքիա կատարելիք այցելութեան լոյսին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով «Այտընլըք»-ին: Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «դիտողական դիրքորոշում» կը ցուցաբերէ Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ, սուրիական կողմէն դրական վերաբերմունք չկայ:

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հոլովոյթը

Լաւրով Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հոլովոյթը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ քննարկած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը: Այս մասին, ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, Անթալիոյ մէջ դիւանագիտական հաւաքէն ետք լրագրողներուն ըսած է Ֆիտան: Ան նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին «կարելիութիւն ստեղծուած է քննարկելու շրջանային կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները»: «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Կովկասի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը, Սեւ ծովու եւ Սուրիոյ...

Ալիեւ. «Հարաւային Կազային Միջանցք»-ը Ամբողջովին Կը Փոխէ Ուժանիւթի` Եւրոպա Մատակարարումներու Աշխարհագրութիւն»

Ալիեւ. «Հարաւային Կազային Միջանցք»-ը Ամբողջովին Կը Փոխէ Ուժանիւթի` Եւրոպա Մատակարարումներու Աշխարհագրութիւն»

«Հարաւային կազային միջանցք»-ը նոր կապուղիներու կառուցման շնորհիւ ամբողջովին կը փոխէ դէպի Եւրոպա ուժանիւթի մատակարարումներու աշխարհագրութիւնը: Այս մասին «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «3500 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակաշարը այժմ իրականութիւն դարձած է: Ատիկա այլեւս երազանք չէ: Անիկա կ՛ընդգրկէ աճող թիւով երկիրներ, որովհետեւ մենք ունինք նոր կապուղիներ, որոնք կ՛արտօնեն բնական կազը տեղափոխել դէպի նոր ուղղութիւններ: Փաստօրէն, ատիկա ամբողջովին...

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային  Ծառայութեան Մասնայատուկ Ուժերը Ինկուշեթիոյ Մէջ  6 Ահաբեկիչ Վնասազերծեցին

Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութեան Մասնայատուկ Ուժերը Ինկուշեթիոյ Մէջ 6 Ահաբեկիչ Վնասազերծեցին

Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան մասնայատուկ ուժերը Ինկուշեթիոյ մէջ յատուկ գործողութեան մը ընթացքին սպաննած են 6 ահաբեկիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Իզվեսթիա»-ն` յղում կատարելով իրաւապահ մարմիններու աղբիւրին: «Մեր աղբիւրներուն համաձայն, ահաբեկիչներու վնասազերծումը արդիւնքն է լայնածաւալ աշխատանքին յատուկ ծառայութիւններուն, որոնք բացայայտած են արտերկրէն ղեկավարուող ահաբեկչական ընդյատակեայ գործունէութիւնը», կը գրէ «Իզվեսթիա»: «ՌԻԱ Նովոսթի» նախապէս հաղորդած է ինկուշական Քարապուլաք քաղաքին մէջ իրաւապահներու եւ զինեալներու...

Ֆիտան. «Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Հասած Են  Այն Սահմանագիծին, Որուն Կարելի Էր Զինուորական  Ճամբով Հասնիլ. Բանակցելու Ժամանակն Է»

Ֆիտան. «Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Հասած Են Այն Սահմանագիծին, Որուն Կարելի Էր Զինուորական Ճամբով Հասնիլ. Բանակցելու Ժամանակն Է»

Թուրքիոյ կարծիքով, Ռուսիան եւ Ուքրանիան հասած են այն սահմանագիծին, որուն կարելի էր հասնիլ զինուորական ճամբով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան` Մոսկուային ու Քիեւին կոչ ուղղելով բանակցութեան սեղանի շուրջ նստելու: «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ երկու կողմերը արդէն հասած են այն սահմանագիծին, որուն կարելի է հասնիլ զինուորական ճամբով: Մենք կը...

Ուաշինկթըն Արգելակած Է Կազայի Մէջ Մարդասիրական  Օժանդակութիւններու Սպասող Քաղաքայիններու  Սպանդին Համար Իսրայէլը Մեղադրող Ապահովական  Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Ուաշինկթըն Արգելակած Է Կազայի Մէջ Մարդասիրական Օժանդակութիւններու Սպասող Քաղաքայիններու Սպանդին Համար Իսրայէլը Մեղադրող Ապահովական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Քաթարի եւ Եգիպտոսի հետ քննարկեց գերիներու ազատ արձակման դիմաց Կազայի մէջ առնուազն 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադուլի հաստատման հարցը: Այս մասին յայտարարեց Սպիտակ տունը: Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Պայտըն Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ երկու անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին քննարկած է հիւսիսային Կազայի մէջ օժանդակութիւններու...

Նեթանիահուն Ալիեւին Ուղերձ Յղած Է

Նեթանիահուն Ալիեւին Ուղերձ Յղած Է

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իլհամ Ալիեւին արտակարգ նախագահական ընտրութեան մէջ արձանագրած յաղթանակին առիթով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետի ուղերձին մէջ նշուած է. «Տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդները իրարու կը կապեն ջերմ յարաբերութիւններ` հիմնուած հասարակաց նպատակներու եւ շահերու վրայ»: «20 տարի առաջ ձեր նախագահութեան սկիզբէն ի վեր մեր համագործակցութիւնը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ընդլայնուած է եւ...

Մոսկուայի Մէջ Հաւաքուած Պաղեստինեան  Խմբաւորումները ՊԱԿ-ը Ճանչցան Իբրեւ Պաղեստինցի  Ժողովուրդի Օրինական Միակ Ներկայացուցիչ

Մոսկուայի Մէջ Հաւաքուած Պաղեստինեան Խմբաւորումները ՊԱԿ-ը Ճանչցան Իբրեւ Պաղեստինցի Ժողովուրդի Օրինական Միակ Ներկայացուցիչ

Մոսկուայի մէջ հաւաքուած պաղեստինեան խմբաւորումները, որոնց շարքին` Համասը, Ֆաթհն ու Ժիհատ Իսլամին միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ ղեկավարութեան իրենց «դրական ու շինիչ մթնոլորտի մէջ ընթացած» ժողովները հիւրընկալելուն համար: Անոնք յայտնեցին, որ իրենց ժողովները պիտի շարունակուին յաջորդական երկխօսութեան փուլերով` հասնելու համար համապարփակ ազգային միասնականութեան, որ կը ներառէ «պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական միակ ներկայացուցիչ» Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) մաս կազմող պաղեստինեան...

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Անոր Աշխատանքային Խումբը Անդադար Կ՛աշխատին Զինադուլի Հաստատման Համար Եւ Լաւատես Են»

Սպիտակ Տուն. «Պայտընն Ու Անոր Աշխատանքային Խումբը Անդադար Կ՛աշխատին Զինադուլի Հաստատման Համար Եւ Լաւատես Են»

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Պատանդները ազատ արձակելն ու քաղաքայիններուն օժանդակութիւնները հասցնելը գլխաւոր առաջնահերթութիւններն են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին, որ իր աշխատանքային խումբին հետ անդադար կ՛աշխատի զինադուլի հասնելու, եւ անոնք լաւատես են»: Նշենք, որ իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Կազայի հարաւ արեւմուտքին մէջ մարդասիրական օժանդակութիւններ ստանալու համար հերթի կանգնած քաղաքայիններու բազմութիւն մը` պատճառելով նուազագոյնը 112 զոհեր եւ 760 վիրաւորներ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ...

Լաւրով Այսօր Երկօրեայ Այցելութեամբ Պիտի Հասնի Թուրքիա

Լաւրով Այսօր Երկօրեայ Այցելութեամբ Պիտի Հասնի Թուրքիա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 1-2 մարտին պիտի այցելէ Թուրքիա` մասնակցելու դիւանագիտական խորհրդաժողովին: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Կը հաղորդուի, որ Լաւրով բանակցութիւններ պիտի վարէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ:

Ալիեւ. «Ռուսիան Հիմա Լաւ Կը Հասկնայ, Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի, Եւ Կ՛ընդունի Նոր Իրողութիւնները. Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Պէտք Է Նոյնը Ընեն»

Ալիեւ. «Ռուսիան Հիմա Լաւ Կը Հասկնայ, Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի, Եւ Կ՛ընդունի Նոր Իրողութիւնները. Միացեալ Նահանգներն Ու Ֆրանսան Պէտք Է Նոյնը Ընեն»

Մոսկուան, Փարիզն ու Ուաշինկթընը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին փորձած են ճնշում գործադրել Պաքուի վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Անոր պնդումով` իր գոյութեան շուրջ 30 տարուան ընթացքին Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան, որեւէ քայլի չեն ձեռնարկած «արդարութեան վերականգնման» համար: «Եւ երբ մենք սկսանք ազատագրել մեր հողերը, այս երեք երկիրները սկսան ճնշում գործադրել մեր վրայ:...

Շոլց. «Ես Գերմանացի Զինուորները  Ուքրանիա Պիտի Չուղարկեմ»

Շոլց. «Ես Գերմանացի Զինուորները Ուքրանիա Պիտի Չուղարկեմ»

Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց հաստատած է իր ղեկավարած կառավարութեան` գերմանացի զինուորներ զինուորական գործողութիւններու մասնակցելու համար Ուքրանիա ուղարկելու կտրուկ մերժումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: «Իբրեւ Գերմանիոյ վարչապետ` երբեք զինեալ ուժերու զինուորները Ուքրանիա պիտի չուղարկեմ», ըսած է Շոլց 28 փետրուարի գիշերը հրապարակուած տեսաուղերձի մը մէջ: «ՕԹԱՆ-ը այս պատերազմի կողմերէն մէկը չէ եւ պիտի չըլլայ», յայտնած է Շոլց` նշելով, որ չ՛ուզեր,...

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Ուշադիր  Կը Հետեւին Մերձտնեսթրի Կացութեան»

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Ուշադիր Կը Հետեւին Մերձտնեսթրի Կացութեան»

Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Մերձտնեսթրի կացութեան այն բանէն ետք, երբ չճանչցուած մարզը օգնութեան համար դիմած է Ռուսիոյ: «Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր: «Հաշուի առնելով Եւրոպայի մէջ Ռուսիոյ հետզհետէ աճող յարձակողական դերը` մենք ուշադիր կը հետեւինք Մերձտնեսթրի մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններուն եւ առհասարակ իրավիճակին», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է...

«Կազայի Մէջ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Ժամանակի Դէմ Մրցում Գոյութիւն Ունի»  Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

«Կազայի Մէջ Գերիներու Ազատ Արձակման Համար Ժամանակի Դէմ Մրցում Գոյութիւն Ունի» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը Ֆրանսա իր երկօրեայ այցելութեան ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադարի դիւանագիտական մղումին իբրեւ մաս գերիներու ազատ արձակման ապահովման համար ժամանակի դէմ մրցում գոյութիւն ունի»: «Տոհան ու Փարիզը աշխուժ կերպով կ՛աշխատին Կազայի հարցով դիւանագիտութեան վրայ», սակայն իշխանը նաեւ զգուշացուց հետզհետէ աճող մարդկային կորուստներէն` նշելով, որ աշխարհը կը տեսնէ «պաղեստինցի ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը»: Շէյխ Թամիմ նշեց,...

Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ուքրանիա Զօրքեր Ուղարկելու

Միացեալ Նահանգներ Չեն Պատրաստուիր Ուքրանիա Զօրքեր Ուղարկելու

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահի այն յայտարարութեան, թէ արեւմտեան զօրքերու Ուքրանիա ուղարկումը «չի բացառուիր», յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն պատրաստուիր Ուքրանիա զօրքեր ուղարկելու, ինչպէս այդ մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ճօ Պայտըն: «Իւրաքանչիւր երկիր ազատ է խօսիլ` իր սեփական շահերէն մեկնելով: Ի լրումն այն բանի, որ նախագահը յստակ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կռուելու...

Պայտըն Յոյս Կը Յայտնէ Մինչեւ Յառաջիկայ  Երկուշաբթի Կազայի Մէջ Զինադադար  Հաստատելու, Սակայն…

Պայտըն Յոյս Կը Յայտնէ Մինչեւ Յառաջիկայ Երկուշաբթի Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատելու, Սակայն…

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, թէ յոյս ունի, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւնը կրնայ մինչեւ 4 մարտ ձեռք բերուիլ: «Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականս (Ճէյք Սալիվըն, «Ա.») ինծի ըսաւ, որ մենք մօտ ենք: Մենք մօտ ենք, սակայն ատիկա տակաւին չէ կատարուած: Եւ ես յոյս ունիմ, որ մինչեւ յաջորդ երկուշաբթի պիտի ըլլայ զինադադար», ըսած է Ճօ...

Page 165 of 882 1 … 164 165 166 … 882

Արխիւներ