Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլի Նախագահը Չի Պատրաստուիր Իսրայէլէն Ներողութիւն Խնդրելու

Փետրուար 22, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաորօ Վիէյրա իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եիսրայէլ Քացը «ստախօսութեամբ» ամբաստանեց: «Եիսրայէլ Քացի յայտարարութիւնները իրենց բնոյթով անընդունելի են եւ բովանդակութեամբ սուտ, ինչպէս նաեւ վիճելի են»:

Ան ըսաւ, որ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան չի կրնար ետդարձ կատարել իրողութիւն եղող բանէ մը, որ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումն է, եւ իսրայէլեան կառավարութիւնը տեղեակ պահուած է, որ Պրազիլ դիւանագիտութեան սկզբունքներուն հիմամբ պիտի հակադարձէ Նախագահ տա Սիլվան Իսրայէլի մէջ «անբաղձալի անձ» հռչակելու քայլին:

«Սի.Էն.Էն. Պրազիլ» հաղորդեց, որ պրազիլական դիւանագիտութեան պետը նախքան այդ իր մօտ կանչած է Իսրայէլի դեսպան Տանիէլ Զոնշայնը եւ հրաժարած Պրազիլի նախագահի յայտարարութեան համար ներողութիւն հայցելէ, իր դժգոհութիւնը յայտնած է եւ վերահաստատած Պրազիլի դիրքորոշումը:

Պրազիլի նախագահի միջազգային հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սելսօ Ամորիմ յայտարարեց, որ Պրազիլի նախագահ Լուիս Ինասիօ Լուլա տա Սիլվան, որ Կազայի մէջ Իսրայէլեան գործողութիւնները համեմատած էր նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլերի յանցագործութիւններուն հետ, մտադիր չէ ներողութիւն խնդրել Իսրայէլէն իր այդ յայտարարութիւններուն համար:

«Մենք միշտ յարգանքով վերաբերած ենք իրարու եւ պաշտպանած ենք երկու պետութիւն ստեղծելու գաղափարը, սակայն ներողութիւն խնդրելու ոչինչ կայ: Իսրայէլը ինքզինք կը դնէ աճող մեկուսացման պայմաններու մէջ», անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Սի.Էն.Էն.Պրազիլ»-ը:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց 19 փետրուարին Պրազիլի նախագահը «անբաղձալի անձ» յայտարարած էր, քանի տակաւին ան ներողութիւն չէ խնդրած եւ չէ հրաժարած Իսրայէլը հիթլերեան Գերմանիոյ հետ համեմատելէ:

«Մենք պիտի չմոռնանք եւ պիտի չներենք. ասիկա հակասեմական լուրջ յարձակում է: Իմ եւ Իսրայէլի քաղաքացիներուն անունով նախագահ Լուլային փոխանցեցէք, որ ան «անբաղձալի անձ է» Իսրայէլի մէջ, քանի տակաւին ետ չէ վերցուցած իր խօսքերը», ըսած էր Քաց:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն տա Սիլվայի խօսքերը որակած էր իբրեւ «ամօթալի ու տագնապալի» եւ «Ողջակիզումի նսեմացում»:

Միւս կողմէ, «Սի.Էն.Էն. Պրազիլ» հաղորդեց, որ աւելի քան 100 պրազիլցի երեսփոխաններ կոչ ուղղած են տա Սիլվան պաշտօնազրկելու: Այս մասին ըսած է Պրազիլի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քարլա Զամպելին: Անոր համաձայն, արդէն 108 երեսփոխան թեր արտայայտուած է այդ գաղափարին:

Օրէնքին համաձայն, դաշնակցային Ծերակոյտը կրնայ Պրազիլի նախագահը պաշտօնանկ ընել միայն յանցանքի մասին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ առաջադրուած պաշտօնական մեղադրանքի հիմամբ: Եթէ երեսփոխաններու թիւին երկու երրորդը` 513-էն 342-ը, հաւանութիւն տայ նախագահը պաշտօնազրկելու առաջարկին, ապա դիմումը քննարկման կ՛ենթարկուի խորհրդարանի վերին պալատին` դաշնակցային Ծերակոյտին մէջ: Եթէ վերին պալատը աջակցի պաշտօնազրկման, նախագահը պաշտօնէն կը հեռացուի, իսկ անոր դէմ դատավարութիւնը կը սկսի 180 օրուան ընթացքին:

Նախորդը

Փենթակոն. «Եթէ Ուաշինկթըն Նոր Օգնութիւն Չյատկացնէ, Ուքրանիոյ Բանակը Պէտք Է Որոշէ, Թէ Ո՛ր Քաղաքները Կրնայ Իր Ներուժով Պահպանել»

Յաջորդը

Դամասկոսի Քաֆարսուսա Շրջանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?