Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն ըսած են, որ Նետերլանտներու գործող վարչապետ Մարք Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի հիանալի նոր ընդհանուր քարտուղար պիտի դառնայ:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու համար առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:
«Միացեալ Նահանգներ իրենց դաշնակիցներուն հասկցուցած են, որ մենք կը կարծենք, թէ պարոն Ռիւթէն ՕԹԱՆ-ի հիանալի ընդհանուր քարտուղար կ՛ըլլայ», ըսած է ան:
Արեւմտեան մամուլը Ռիւթէն կը նկատէ այդ պաշտօնի գլխաւոր թեկնածուն: Անոր թեկնածութիւնը ամբողջովին կը համապատասխանէ Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ դաշինքի անդամ առնուազն 17 այլ երկիրներու շահերուն:
Կ՛ենթադրուի, որ նետերլանտցի քաղաքական գործիչը լաւ յարաբերութիւններ ունի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Վերջին գործօնը կարեւոր է, եթէ նոյեմբերին Սպիտակ տան համար պայքարին մէջ յաղթէ ամերիկացի գործարարը:
Ռումանիա Իր Թեկնածուն
Կ՛առաջադրէ
Ռումանիան ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին պիտի առաջադրէ երկրի գործող նախագահ Քլաուս Եոհանիսի թեկնածութիւնը: Ռումանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Պուքրեշը տեղեկացուցած է ռազմաքաղաքական դաշինքի իր դաշնակիցներուն, սակայն տակաւին պաշտօնապէս չէ հաստատած այդ տեղեկութիւնը: