Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանց. «Գերիներու Փոխանակման Նոր Գործարքի Գործադրման Հաւանականութեան Նախնական Դրական Ցուցանիշեր Կան»

February 23, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Իսրայէլ կը սպառնայ 1,5 միլիոն գաղթականներ պատսպարող Ռաֆահ քաղաքին դէմ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծել, Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց յայտնեց, որ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի գործադրման հաւանականութեան դրական նախնական ցուցանիշեր կան:

Ան ըսաւ, որ գերիներու փոխանակման նոր գործարքի համաձայնութեան չգոյութեան պարագային, իսրայէլեան բանակը ռամատան ամսուան ընթացքին պիտի շարունակէ իր գործողութիւնները:

«Արապիա»-ի աղբիւրները յայտնեցին, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Գահիրէի մէջ սկսած է եգիպտացի պաշտօնատարներու հետ խորհրդակցիլ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ:

«Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլացի լաւատեղեակ աղբիւր մը յայտնած է, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ այսօր պիտի այցելէ Փարիզ, ուր քաթարցի, եգիպտացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութեան գոյացման ջանքերը:

Աղբիւրը աւելցուց, որ ամերիկեան վարչակազմի պաշտօնատարները կ՛ուզեն ռամատան ամսուան սկիզբէն առաջ, այսինքն` յառաջիկայ 3 շաբթուան ընթացքին համաձայնութեան հասնիլ` երաշխաւորելու համար, որ իսլամներու սրբազան ամսուան ընթացքին ժամանակաւոր զինադադար ըլլայ, սակայն գերիներու փոխանակման առաջարկին մէջ տակաւին բացեր կան: Ըստ աղբիւրին, Ուաշինկթընի առաջարկը առնուազն 6 շաբաթ տեւողութեամբ զինադուլի պիտի յանգեցնէ: Տարակարծութեան գլխաւոր նիւթը ազատ արձակուելիք պաղեստինցի բանտարկեալներու թիւն է:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ Համաս առաջարկին վերաբերեալ Եգիպտոսին «բերանացի պատասխան» մը հաղորդած է, եւ համաձայն գտնուած իր պահանջներուն «թեթեւ բարեփոխումներուն», սակայն, հակառակ անոր, ըստ իսրայէլացի պաշտօնատարին, ատիկա ելքի մը ցուցանիշը չէ:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Պրազիլի մէջ «Քսաններու խումբ»-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումին ընթացքին նշած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծին դէմ վեթոյի օգտագործումը անարդարանալի է, եւ նշեց, որ իր երկիրը կը մերժէ ամերիկեան վեթոյի յաջորդական կիրարկման պատճառով Ապահովութեան խորհուրդի զինադադար պահանջելու անկարողութիւնը:

Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ վերահաստատած է, որ իր երկիրը կտրուկ կերպով կը մերժէ որեւէ ծրագիր կամ քայլ, որ պաղեստինցիներու Կազայէն տեղահանման կը յանգեցնէ` նշելով, որ այդպիսի ծրագիր մը կամ քայլ մը պիտի յանգեցնէ պաղեստինեան դատի ոչնչացման, պիտի վտանգէ մերձակայ երկիրներու ազգային անվտանգութիւնը եւ շրջանին մէջ յաւելեալ անկայունութեան գործօն պիտի դառնայ:

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրա իր կարգին դատապարտեց Ապահովութեան խորհուրդի Կազայի եւ Ուքրանիոյ պատերազմներու դիմակայման մէջ «անընդունելի անդամալուծութիւնը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով եւս յայտնեց. «Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ալճերիոյ նախագիծին դէմ կիրարկուած ամերիկեան վեթոն, Կազայի մէջ անմեղներու սպանութիւնը շարունակելու արտօնագիրի համազօր դարձաւ»:

«Ասիկա շատ ժխտական բան մըն է, եւ առաջին անգամը չէ, որ ամերիկացիները վեթոյի իրաւունքը կ՛օգտագործեն պատերազմին վերջ տալու կոչ ուղղող նախագիծի մը որդեգրումը արգիլելու համար», ըսաւ Պոկտանով:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ վեթոյի ենթարկեց Ալճերիոյ կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ Կազայի մէջ «անմիջական» զինադադարի հաստատում կը պահանջէր: Ասիկա Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր երրորդ անգամն էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նմանօրինակ նախագիծերու դէմ վեթօ կը կիրարկէր:

«Մեր կարծիքով` առաջարկուած նախագիծը կ՛ականահարէ բանակցութիւնները, եւ կը հաւատանք, որ ժամանակը յարմար չէ զայն առաջարկելու», յայտարարած էր ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտ:

Միւս կողմէ, Երուսաղէմի մօտ Մաալիէ Ատոմիմ բնակեցման վայրի մերձակայքը գտնուող զինուորական անցարգելի մը դէմ կրակոցի պատճառով սպաննուեցաւ իսրայէլացի զինուոր մը, եւ վիրաւորուեցան 8 ուրիշներ, որոնցմէ 3-ին վիճակը ծանր եւ յուսահատական է:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ յարձակումին հեղինակը սպաննուած է, իսկ անոր երկու ընկերակիցները` ձերբակալուած:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռը յայտնեց, որ գործողութեան հեղինակներէն երկուքը Բեթղեհեմէն երկու եղբայրներ են:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցլայէլ Սմոթրիչ մեկնաբանելով դէպքը յայտնեց. «Պէտք է Մաալիէ Ատոմիմի մէջ վտանգաւոր յարձակումին հակադարձել ապահովական կերպով, վճռականօրէն եւ նաեւ բնակեցումով»:

«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն կը պահանջենք անմիջապէս հաւանութիւն տալ Մաալիէ Ատոմիմի եւ ամբողջ շրջանին մէջ հազարաւոր բնակարաններ կառուցելու ծրագիրներուն», աւելցուց ան:

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր իր կարգին յայտնեց, որ պիտի շարունակէ իսրայէլացիներուն զէնք բաժնել, որպէսզի «իրենք զիրենք պաշտպանեն»` աւելցնելով. «Մեր ապրելու իրաւունքը (պաղեստինցիներուն) երթեւեկի ազատութենէն աւելի կարեւոր է, եւ պէտք է յաւելեալ անցարգելներ հաստատենք եւ պաղեստինեան իշխանութեան ճամբաներու հրապարակները փակենք»:

Իսրայէլի կրթութեան նախարար Միքի Զոհար նշեց. «Մաալիէ Ատոմիմի մէջ տեղի ունեցածին նման յարձակումները պիտի ազդեն պաղեստինցի աշխատաւորներու Իսրայէլ մուտք գործելու որոշումին վրայ»:

Նախորդը

Մետվետեւ. «Ռուսիան Պէտք Է Ամբողջովին Ապահովէ Իր Շահերը, Ներառեալ Պաշտպանական Շղթայի Ստեղծումը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.