Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Պայտըն Կը Սխալի Կարծելով, Որ Վարած Քաղաքականութիւնս Իսրայէլացիներու Մեծամասնութեան Աջակցութիւնը Չի Վայելեր»

March 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «կը սխալի» կարծելով, թէ իր քաղաքականութիւնը իսրայէլացիներուն աջակցութիւնը չի վայելեր:

Մեկնաբանելով Պայտընի այն խօսքը, թէ «Նեթանիահուի իրաւունքն է Իսրայէլը պաշտպանել, սակայն պէտք է աւելի զգուշ ըլլայ նկատմամբ անմեղ կեանքերու, որոնք որդեգրուած քայլերուն պատճառով կը կորսուին»` աւելցնելով. «Իմ կարծիքովս` ասիկա Իսրայէլին աւելի շատ կը վնասէ, քան կ՛օգնէ»: Նեթանիահու ըսաւ. «Ճիշդ չեմ գիտեր, թէ նախագահը ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր, սակայն եթէ ըսել կ՛ուզէ, որ փոխան մեծամասնութեան սեփական քաղաքականութիւնս է, որ կը վարեմ, ընդդէմ իսրայէլացիներու մեծամասնութեան փափաքին, եւ ատիկա Իսրայէլի շահերուն կը վնասէ, ապա երկու պարագային ալ կը սխալի»:

«Ասիկա միայն իմ սեփական քաղաքականութիւնս չէ: Անիկա քաղաքականութիւն մըն է, որուն իսրայէլացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը զօրակցի: Անոնք կը զօրակցին Համասի փաղանգներու մնացորդացը ոչնչացնելու համար մեր որդեգրած քայլին: Կ՛ըսեն, թէ Համասը ոչնչացնելէ ետք վերջին բանը, որ պէտք է ընենք իր երեխաներուն ահաբեկչութիւն սորվեցնող եւ ահաբեկչութիւնը ֆինանսաւորող Պաղեստինեան իշխանութիւնը Կազայի մէջ տեղադրելն է, Կազայի մէջ պատասխանատուութեան անոր ստանձնումն է: Անոնք նաեւ կը զօրակցին այն դիրքորոշումիս, թէ պէտք է կտրուկ կերպով մերժենք, որ Պաղեստինեան պետութիւնը մեզի պարտադրուի», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:

Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին ալ յայտնեց. «Մեր պետութեան ապագային պատասխանատուն ես եմ եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը»:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի քաղաքական եւ ապահովական պաշտօնատարներ նկատեցին, որ Նեթանիահուի գրասենեակի հրապարակած «Մոսատի հաղորդագրութիւն»-ը, թէ «Համաս ներկայ փուլին կառչած կը մնայ իր դիրքորոշման` մէկու մը պէս, որ գործարքով հետաքրքրուած չէ եւ կը ձգտի ռամատանի ընթացքին շրջանը բռնկեցնել», ճիշդ չէ եւ «սուտերու շարք մըն է»:

Անոնք նշեցին, որ այդ հաղորդագրութեան նպատակը Իսրայէլին գերիներու փոխանակման գործարքի շուրջ հաղորդակցութիւնները սառեցնելու եւ «մարդոց կեանքերուն հաշուոյն ժամանակ շահիլ շարունակել»-ն է` աւելցնելով, որ իսրայէլեան նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի «ոչ սակաւաթիւ անդամներ կը կարծեն, որ կարելի է բանակցութիւնները շարունակել, եւ կը պնդեն, որ Համաս դուռը չփակեց եւ կարծրացած չի մնար, ընդհակառակը` անցեալ շաբաթ Փարիզի ծրագիրի բարեփոխումներուն մանրամասն կերպով պատասխանեց»:

«Կացութիւնը, որ Մոսատի հաղորդագրութիւնը կը փորձէ նկարագրել, ըստ որուն, չկայ մէկը, որուն հետ կարելի է խօսիլ, ճիշդ չէ: Իրողութիւնը հակառակն է: Եթէ կայ մէկը, որ հիմա բանակցիլ կը մերժէ, ապա իսրայէլեան կողմն է», նշած են վերոնշեալ իսրայէլացի պաշտօնատարները:

«Իրականութիւնը այն է, որ Նեթանիահուն կը մերժէ իրեն առաջարկուած որեւէ լուծում, ինչ որ մեծապէս կը զօրացնէ Համասը, եւ ամերիկացիներն ու եւրոպացիները մեր ետին որեւէ բան կ՛ընեն` օժանդակութիւններ օդէն նետել եւ մինչեւ իսկ ծովային նաւահանգիստը: Սընուարն, ալ (Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Եահիա Սընուար, «Ա.») կը գիտակցի, որ այս առումով ժամանակը ի նպաստ իրեն կը գործէ», աւելցուցած են աղբիւրները:

Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարած է Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու համար ժամանակաւոր նաւահանգիստ ստեղծելու սարքեր ուղարկելու մասին:

9 մարտին Միացեալ Նահանգներու ծովուժի «Ճեներըլ Ֆրանք Ս. Պեսըն» նաւը լքած է իր ռազմակայանը եւ շարժած դէպի արեւելեան Միջերկրական: Նաւը կը տեղափոխէ նաւահանգիստի ստեղծման համար ճարտարապետներու եւ սարքերու առաջին քանակը:

Փենթակոնի տուեալներով` նաւահանգիստի շինարարութիւնը պիտի տեւէ շուրջ երկու ամիս, ատոր պիտի մասնակցի շուրջ հազար զինուոր:

Նաւահանգիստը պիտի ընդունի մեծ նաւեր` սննդամթերքով, դեղորայքով եւ պաղեստինցիներուն համար ժամանակաւոր կացարաններու կառուցման համար անհրաժեշտ ամէն ինչով:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Ամերիկացիները մէկ կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն դէմ վեթօ օգտագործելով կ՛արգիլեն պատերազմի դադրեցումը, իսկ միւս կողմէ կը փորձեն համաշխարհային հասարակական կարծիքին քով բարելաւել պատերազմը սիրող իրենց բնոյթը` Կազա խորհրդանշական ու հեգնական օժանդակութիւններ ուղարկելով»:

Ռամատանի Առաջին Շաբթուան Ընթացքին
Զինադուլի Հաստատման Եգիպտական Աշխատանք

Հակառակ ռամատան ամսուան ընթացքին զինադադար հաստատելու նկատմամբ յոյսերու նահանջին, աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են, որ Գահիրէն լայնածաւալ հաղորդակցութիւններու ձեռնարկած է ռամատանի առաջին շաբթուան ընթացքին զինադուլի հաստատման հասնելու համար:

Եգիպտոս վերականգնած է բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցութիւնը` յաւելեալ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար:

Աղբիւրները նշած են, որ Գահիրէն աշխուժացուցած է միջնորդներուն, ամերիկեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հետ հաղորդակցութիւնները ռամատանի ընթացքին սննդեղէններու եւ դեղորայքի առանց արգելքի եւ աւելի արագ Կազա հոսքը արտօնելու համար: Եգիպտացիները մասնաւորաբար ամերիկացի պաշտօնատարներէն խնդրած են, որ Իսրայէլի հետ կապ հաստատեն` Ռաֆահի ցամաքային անցքին ճամբով օժանդակութիւններու անարգել եւ անսահմանափակ մուտքը ապահովելու համար:

Մինչ այդ, իսրայէլեան ապահովական ուժերը ռամատանի առիթով Այսրյորդանանի մէջ ապահովական խիստ քայլեր որդեգրեցին:

Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, անդրադառնալով իսրայէլեան այդ քայլերուն, յայտարարեց. «Իսրայէլ Այսրյորդանանի մէջ 750 զինուորական անցարգելներ հաստատեց եւ վերականգնեց իր բռնագրաւումը»:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ Հարետիմները զինուորական ծառայութեան կանչելու շուրջ բուռն վէճի լոյսին տակ, Իսրայէլի արեւելեան մեծագոյն ռաբբի Իցհաք Եուսեֆ յայտնարարեց. «Ղեւիի ցեղը բանակին մէջ ծառայելէ ազատ են: Անոնք որեւէ պարագայի չեն զինուորագրուիր: Եթէ մեզի բանակ երթալ ստիպեն, բոլորս արտասահման պիտի ճամբորդենք, տոմսերը պիտի գնենք եւ պիտի մեկնինք»:

Նախորդը

Այսօր Ռուսիա – Իրան – Չինաստան Ռազմափորձեր. Անոնց Ներկայ Պիտի Գտնուին Նաեւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.