Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Իսրայէլի Նկատմամբ Կարմիր Գիծ Չկայ, Զայն Երբեք Պիտի Չլքեմ Եւ Զայն Զէնքերէ Պիտի Չզրկեմ»

March 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ամերիկեան «Էմ.Էս.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պաղեստինցի 30 հազար այլ զոհեր չեն կրնար արձանագրուիլ, եւ Համասի պատճառած ցնցումին հակազդելու այլ ձեւեր կան»:

«Ես երբեք պիտի չլքեմ Իսրայէլը, Իսրայէլի պաշտպանութիւնը տակաւին կարեւոր է, ուստի կարմիր գիծեր չկան: Ես զայն զէնքերէ պիտի չզրկեմ», ըսաւ Պայտըն:

Սպիտակ տան ղեկավարը ընդգծեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն «Իրաւունք ունի Իսրայէլը պաշտպանելու եւ Համասը հալածել շարունակելու»:

Պայտըն միեւնոյն ժամանակ «սխալ» կոչեց Նեթանիահուի գործողութիւնները, որոնք կը յանգեցնեն անմեղ մարդոց մահուան, եւ «ան պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնէ» ատոր եւ հաշուի առնէ ատոր հետեւանքները:

«Իմ կարծիքով, ասիկա Իսրայէլին աւելի շատ կը վնասէ, քան կ՛օգնէ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ան իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց` «չկրկնելու այն սխալները, որոնք Միացեալ Նահանգներ նախապէս գործեցին»` նշելով. «Կան բազմաթիւ պաղեստինցիներ, որոնք անարդար կերպով անիրաւութեան ենթարկուեցան»:

Պայտըն մէկ օր առաջ ըսած էր. «Նեթանիահու պէտք է Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտքը արտօնէ, եւ ռամատանէն առաջ զինադադարի հասնիլը դժուար կը թուի»:

Համասի ղեկավարներէն մէկը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է. «Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններու վերսկսման ճշգրիտ թուական գոյութիւն չունի»:

Նշենք, որ աղբիւր մը 7 մարտին Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու կանգ առնելէն ետք «Գահիրա Իխպարիա»-ի յայտնած էր. «Բանակցութիւնները յառաջիկայ շաբաթ պիտի շարունակուին: Ռամատան ամիսէն առաջ զինադուլի գոյացման շուրջ բոլոր կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին»:

Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Կազայի մէջ շարժումին մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելով կը վերակենդանացնէ Համասը»:

«Պայտըն (Կազայի վրայ) մարդասիրական օժանդակութիւններ նետելով եւ Միջերկրական ծովուն մէջ ծփացող նաւահանգիստ կառուցելով կը փորձէ վերակենդանացնել Համաս շարժումը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հասարակական կարծիքը դանդաղօրէն դէպի շարժում կ՛արշաւէ»:

Ձայնասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Կազայի մէջ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Եահիա Սընուար Իսրայէլի հետ գերիներու փոխանակման գործարքի պիտի չդիմէ, որովհետեւ վտանգուած չէ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ իսրայէլացի պատանդները կ՛արգելափակէ»:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Էրտողան Համասին Կ՛աջակցի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Ժխտէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.