Թուրքիան իր սահմաններուն մօտ հակաահաբեկչական գործողութիւն կատարելու համար արտօնութիւն պիտի չխնդրէ, պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ քայլեր: «Հիւրրիեթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր:
Թրքական օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ բանակը մտադիր է լայնածաւալ ցամաքային գործողութիւն կատարել Իրաքի հիւսիսը` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ, Պաղտատի հետ այդ առնչութեամբ համապատասխան համաձայնութիւն գոյացած է:
«Երբ խօսքը մեր երկրի անվտանգութեան մասին է, մենք ոչ ոքէ բան մը պիտի խնդրենք եւ պիտի ընենք այն, ինչ որ անհրաժեշտ է: Ոչ ոք պէտք է մոռնայ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը մեծ պետութիւն է: Մենք չենք ենթարկուած եւ պիտի չենթարկուինք ոեւէ մէկու հրամանին», «Հիւրրիեթ»-ին յայտնած է Կիւլեր` խօսելով Թուրքիոյ լայնածաւալ անդրսահմանային գործողութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հաւանական արձագանգին մասին:
Թուրքիան Յոյս Ունի Վերադարձնել
«Էֆ-35»-ի Համար Վճարած Գումարները
Թրքական «Սապահ» օրաթերթը, յղում կատարելով Կիւլերի, կը հաղորդէ, որ Թուրքիան յոյս ունի վերադարձնել այն միջոցները, որոնք վճարած է «ԷՖ-35» ամերիկեան հալածիչներ գնելու համար:
«Ես կը կարծեմ` մենք պիտի կարենանք վերադարձնել դրամները, զորս վճարած ենք «ԷՖ-35»-ներու համար, բանակցութիւնները կը շարունակուին», ըսած է ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան նախապէս յայտնած էր, որ Թուրքիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ քննարկելու «ԷՖ-35» հալածիչներու ծրագիրին վերադառնալու հարցը, Անգարան զինք այդ ծրագիրէն հանելը անհիմն կը նկատէ:
Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան այդ ծրագիրէն դուրս բերած էր հակադարձելով 2017-ին Թուրքիոյ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու քայլին:


