Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Վատիկանի Դեսպանը Կանչած Է

March 13, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ իր մօտ կանչած է Ուքրանիոյ մէջ Վատիկանի ներկայացուցիչ Վիսվատաս Քուլպոքասը` Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի` բանակցութիւններու եւ զինադադարի կոչերէն ետք: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած էր, որ ուքրանական տագնապին մէջ պարտուող կողմը պէտք է համարձակութիւն գտնէ այդ մէկը ընդունելու եւ համաձայնի բանակցելու, որ Ուքրանիան պէտք է «քաջութիւն ունենայ սպիտակ դրօշը բարձրացնելու եւ բանակցելու»:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի կարծիքով` Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումներ անհրաժեշտ են եւ ոչ թէ սպիտակ դրօշներ` ատով իսկ չհամաձայնելով պապի վերջին յայտարարութիւններուն: Սթոլթենպերկ այս մասին յայտարարած է «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

«Եթէ մենք կ՛ուզենք, որ բանակցութիւններու ընթացքին խաղաղ եւ տեւական լուծում ձեռք բերուի, ապա մենք պէտք է Ուքրանիոյ զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերենք», ըսած է ան:

«Այն, ինչ որ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ տեղի կ՛ունենայ, անքակտելիօրէն կապուած է մարտադաշտի մէջ կայունութեան հետ», յայտնած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք անոր արձագանգը կը նշանակէ՞, որ այժմ տեղին չէ խօսիլ սպիտակ դրօշի մասին, Սթոլթենպերկ ըսած է. «Այժմ ժամանակը չէ խօսելու ուքրանացիներու անձնատուութեան մասին»:

Ան աւելցուցած է, որ նման կացութիւնը «ողբերգութիւն պիտի ըլլայ ուքրանացիներուն համար» եւ «վտանգաւոր պիտի ըլլայ բոլորիս համար»:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այս Շաբաթ` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Ազրպէյճանի, Վրաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

RelatedPosts

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ  Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք.  Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական  Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն
Գլխաւոր լուրեր

«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն

November 9, 2026
Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային  Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող  Առանցքային Երթուղի Է»
Միջազգային

Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող Առանցքային Երթուղի Է»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.