Միջազգային

Պայտըն. «Իսրայէլ Չի Կրնար Կազայի Մարդասիրական  Օժանդակութեան Թղթածրարը Իբրեւ  Սակարկութեան Առարկայ Օգտագործել»

Պայտըն. «Իսրայէլ Չի Կրնար Կազայի Մարդասիրական Օժանդակութեան Թղթածրարը Իբրեւ Սակարկութեան Առարկայ Օգտագործել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն զգուշացուց Իսրայէլը, թէ չի կրնար Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններու թղթածրարը իբրեւ «սակարկութեան առարկայ» օգտագործել` կոչ ուղղելով 6 շաբաթ տեւողութեամբ անմիջական զինադադար հաստատելու: Պայտըն Քոնկրեսին ուղղուած իր տարեկան ուղերձին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլի ղեկավարներուն կ՛ըսեմ` մարդասիրական օժանդակութիւնները չեն կրնար երկրորդական հարց կամ սակարկութեան առարկայ ըլլալ: Անմեղներու կեանքերը պաշտպանելն ու փրկելը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլան»: «Կազայի մէջ պատերազմը մարդկային...

«Ըստ Մաքրոնի` Ուքրանիա Զօրք Ուղարկելը Կարելի Է,  Եթէ Ռուսիան Ճեղքէ Պաշտպանութիւնը`  Քիեւի Կամ Օտեսայի Ուղղութեամբ»  Կը Գրէ «Լ՛էնտեփանտան»

«Ըստ Մաքրոնի` Ուքրանիա Զօրք Ուղարկելը Կարելի Է, Եթէ Ռուսիան Ճեղքէ Պաշտպանութիւնը` Քիեւի Կամ Օտեսայի Ուղղութեամբ» Կը Գրէ «Լ՛էնտեփանտան»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն խորհրդարանական կուսակցութիւններու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է, որ Ուքրանիա զօրք ուղարկելը կարելի է, եթէ ռուսական զօրքերը ճեղքեն պաշտպանութիւնը` Քիեւի կամ Օտեսայի ուղղութեամբ: «Քորրեսփոնտենթ», յղում կատարելով «Լ՛էնտեփանտան»-ի, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի Համայնավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ֆապիեն Ռուսել: Ան աւելցուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահը խորհրդարանականներուն ցոյց տուած է Ուքրանիոյ մէջ ռուսական հարուածներու հաւանական ուղղութիւններու քարտէսները:...

Մոլտովան Ու Ֆրանսան Պաշտպանական  Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Մոլտովան Ու Ֆրանսան Պաշտպանական Համաձայնագիր Ստորագրած Են

Ֆրանսան եւ Մոլտովան 7 մարտին Փարիզի մէջ պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր ստորագրած են: Անցեալ տարի երկու կողմերուն միջեւ համաձայնեցուած կէտերով Ֆրանսան մոլտովացի զինուորներու վարժանքներ պիտի կազմակերպէ, զինուորական խնդիրներուն նուիրուած պարբերական խորհրդակցութիւններ պիտի կատարուին: Բացի ատկէ, Փարիզն ու Քիշնեւը համաձայնած են հետախուզական տուեալներու փոխանակում կատարել:

Պայտըն. «ՕԹԱՆ-ը Շուէտի Անդամակցութենէն Ետք  Աւելի Քան Երբեք Հզօր Է»

Պայտըն. «ՕԹԱՆ-ը Շուէտի Անդամակցութենէն Ետք Աւելի Քան Երբեք Հզօր Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութենէն ետք դաշինքը «աւելի քան երբեք հզօր է»: Շուէտ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումէն ետք վերջ տուած էր իր երկու դարեայ ոչ յանձնառութեան եւ հինգշաբթի օր ի վերջոյ միացաւ ՕԹԱՆ-ին: Պայտըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Երբ Փութին Ուքրանիոյ ժողովուրդին դէմ իր թշնամական վայրագ յարձակումը գործեց, կարծեց, որ կրնայ Եւրոպան տկարացնել եւ ՕԹԱՆ-ը պառակտել»:...

Պայտըն. «Փութինին Ուղերձս Պարզ Է` Ես Չեմ Յանձնուիր»

Պայտըն. «Փութինին Ուղերձս Պարզ Է` Ես Չեմ Յանձնուիր»

Եթէ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ տրամադրեն ինքզինք պաշտպանելու համար անհրաժեշտ զէնք, ապա ան պիտի կարենայ յաղթել Ռուսիոյ: «Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ այս մասին համոզուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն` Քոնկրեսի մէջ իր տարեկան ուղերձի ընթացքին: Պայտըն նաեւ խոստացած է ամերիկեան զօրքեր չուղարկել Ուքրանիա, սակայն հաստատած է իր աջակցութիւնը շարունակելու մտադրութիւնը: Ան համոզուած է, որ Քիեւին օգնութեան տրամադրումը «կ՛արգելակուի անոնց կողմէ,...

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Կանգ Առին  Եւ Պիտի Շարունակուին Յառաջիկայ Շաբաթ

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Կանգ Առին Եւ Պիտի Շարունակուին Յառաջիկայ Շաբաթ

Աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման Գահիրէի 5 օրէ ի վեր ընթացող բանակցութիւնները աւարտած են առանց համաձայնութեան գոյացման` նշելով, որ Իսրայէլ մերժած է Համասի մնայուն զինադադարի հաստատման, Կազայէն իսրայէլեան բանակի հեռացման եւ տեղահանուածներու առանց նախապայմաններու տունդարձի պահանջները: Միջնորդները փորձած են Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ վիհը կամրջել, սակայն անոնց ջանքերը ձախողած են: Համաս «Ժազիրա»-ին յայտնած է. «Մեր պատուիրակութիւնը Գահիրէէն...

Ֆրանսան Եւ Մոլտովան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան  Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

Ֆրանսան Եւ Մոլտովան Պաշտպանութեան Ոլորտին Մէջ Համագործակցութեան Համաձայնագիր Պիտի Ստորագրեն

Ֆրանսան եւ Մոլտովան վերջինիս նախագահ Մայա Սանտուի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագիր պիտի ստորագրեն: Այս մասին հաղորդեց Սանտուի մամլոյ ծառայութիւնը: «Սանտուն 7-8 մարտ Փարիզ պիտի ըլլայ: Աշխատանքային այցելութեան ծրագիրը կը ներառէ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ եւ համագործակցութեան համաձայնագիրներու ստորագրում», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Համագործակցութեան համաձայնագիրը կը նախատեսէ ընդլայնել երկու...

Կալանթ. «Ռամատանի Նախօրեակին Այսրյորդանանի Մէջ Մագլցումը Պիտի Դժուարացնէ Կազայի Պատերազմի Նպատակներու Իրագործումը»

Կալանթ. «Ռամատանի Նախօրեակին Այսրյորդանանի Մէջ Մագլցումը Պիտի Դժուարացնէ Կազայի Պատերազմի Նպատակներու Իրագործումը»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ իսրայէլեան ապահովական մարմինները զգուշացուց, որ իսլամներու սրբազան ռամատան ամսուան նախօրեակին բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ ապահովական մագլցում մը «պիտի դժուարացնէ Կազայի դէմ պատերազմի նպատակներու իրագործումը»: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Կալանթ այս մասին յայտնած է ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն, ներառեալ նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամներուն ուղղուած «ներքին շրջաբերական»-ի մը մէջ: Ան նաեւ մատնանշեց ռամատանի նախօրեակին կուսակցութիւններու եւ...

Ապտոլլահեան. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի  Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Բացուած Է.  Ազրպէյճանը Կարեւոր Տեղ Կը Գրաւէ Իրանի  Դրացնութեան Քաղաքականութեան Մէջ»

Ապտոլլահեան. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Բացուած Է. Ազրպէյճանը Կարեւոր Տեղ Կը Գրաւէ Իրանի Դրացնութեան Քաղաքականութեան Մէջ»

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բաց է եւ երկու ժողովուրդներուն յոյս կը ներշնչէ, իսկ երկու երկիրներուն առջեւ կը բացուին փոխշահաւէտ համագործակցութեան մեծ կարելիութիւններ: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: «Ազրպէյճան կարեւոր տեղ կը գրաւէ Իրանի դրացնութեան քաղաքականութեան մէջ, եւ երկու ժողովուրդները, դրացիական...

Հունգարիոյ Նախագահը Ստորագրեց Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմումը

Հունգարիոյ Նախագահը Ստորագրեց Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Դիմումը

Հունգարիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ երկրի նախագահ Թամազ Շույոք ստորագրած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան նախագիծը: Հունգարիոյ խորհրդարանը 26 փետրուարին վաւերացուցած էին Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումը: Այսպիսով, Շուէտի անդամակցութեան վերջին խոչընդոտը վերցուեցաւ:

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններուն  Վերաբերեալ Հակասական Տեղեկութիւններ

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններուն Վերաբերեալ Հակասական Տեղեկութիւններ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս Սպիտակ տան մէջ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանցի հետ հանդիպումի ընթացքին Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան նկատմամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց: Հարիսի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ Իսրայէլը յորդորած է Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտքը արտօնելու: Ան նաեւ պաղեստինեան Համաս շարժումին կոչ ուղղած է ժամանակաւոր զինադուլի համար «սեղանի վրայ դրուած պայմանները ընդունելու»:...

Ֆիտան 7-8 Մարտին Պիտի Այցելէ  Միացեալ Նահանգներ Եւ Քննարկէ  Հարաւային Կովկասի Կացութիւնը

Ֆիտան 7-8 Մարտին Պիտի Այցելէ Միացեալ Նահանգներ Եւ Քննարկէ Հարաւային Կովկասի Կացութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 7-8 մարտին պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ` քննարկելու համար Կազայի եւ Ուքրանիոյ պատերազմները, թուրք-ամերիկեան զինուորական եւ ուժանիւթային համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական աղբիւրը: Կը հաղորդուի, որ Ֆիտան հանդիպում պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ, բանակցութիւններ պիտի վարէ նաեւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով...

Ուքրանիոյ Հետախուզութիւնը  Յայտնած Է Ռուսիոյ  Պարեկային «Սերկէյ Քոթով»  Նաւը Ոչնչացնելու Մասին

Ուքրանիոյ Հետախուզութիւնը Յայտնած Է Ռուսիոյ Պարեկային «Սերկէյ Քոթով» Նաւը Ոչնչացնելու Մասին

5 մարտին Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Գլխաւոր հետախուզական վարչութեան «Կրուփ 13» յատուկ ստորաբաժանումը «Մակուրա Վի5» ծովային հեռակառավարուող սարքերու միջոցով յարձակած է ռուսական պարեկային «Սերկէյ Քոթով» նաւուն վրայ: «Մետուզա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի հետախուզական վարչութեան հեռագրային ալիքի վրայ: Կը նշուի նաեւ, որ նաւը ոչնչացուած է: Յարձակումը տեղի ունեցած է Քերչի նեղուցին մօտ: Ուքրանիոյ զինուորական հետախուզութիւնը տուեալներ չի հաղորդեր...

Միլլըր. «Ռուսիոյ Դրացիները Մտահոգուած Են  Սպառնալից Հռետորաբանութեամբ  Եւ Գործողութիւններով, Որոնք Մոսկուան  Պատրաստ Է Ձեռնարկել Անոնց Դէմ»

Միլլըր. «Ռուսիոյ Դրացիները Մտահոգուած Են Սպառնալից Հռետորաբանութեամբ Եւ Գործողութիւններով, Որոնք Մոսկուան Պատրաստ Է Ձեռնարկել Անոնց Դէմ»

Ռուսիոյ կառավարութեան հռետորաբանութիւնը կ՛ապակայունացնէ շրջանը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը: «Եւ այդ է պատճառը, որ Ռուսիոյ բազմաթիւ դրացիներ մտահոգուած են սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ սպառնալից գործողութիւններով, որոնք Ռուսիոյ կառավարութիւնը բազմիցս ցուցադրած եւ պատրաստ է ձեռնարկելու իր դրացիներուն դէմ», ըսած է Միլլըր: Ան նաեւ...

Էրտողան. «Թուրքիան Ամրան Կը Պատրաստուի  Լուծել Իր Հարաւային Սահմաններու  Երկայնքով` Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ  Իր Ապահովութեան Սպառնացող Վտանգները»

Էրտողան. «Թուրքիան Ամրան Կը Պատրաստուի Լուծել Իր Հարաւային Սահմաններու Երկայնքով` Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Իր Ապահովութեան Սպառնացող Վտանգները»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը կը պատրաստուի լուծել իր հարաւային սահմաններուն երկայնքով` Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ իր ապահովութեան սպառնացող վտանգները: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ-ը: «Մենք կը շարունակենք վճռականօրէն պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ, հակառակ մեր սահմաններէն ներս եւ դուրս գոյութիւն ունեցող խոչընդոտներուն: «Իրաքի հետ մեր սահմանի անվտանգութեան հարցը մենք այս ամառ պիտի լուծենք: Սուրիոյ մէջ 30-40 քիլոմեթր...

Պաքուի Մէջ Առաջարկած Են Այլ Երկիրներու Մէջ  Կռուած Ազրպէյճանցիները Զրկել Քաղաքացիութենէ

Պաքուի Մէջ Առաջարկած Են Այլ Երկիրներու Մէջ Կռուած Ազրպէյճանցիները Զրկել Քաղաքացիութենէ

Ազրպէյճանի խորհրդարանի մարդու իրաւունքներու հարցերով յանձնախումբի նախագահ Զահիտ Օրուճ յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ կռուած ազրպէյճանցիները պէտք է զրկել քաղաքացիութենէ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Սուրիա մեկնած մեր քաղաքացիներուն թիւը գերազանցած է 1000-ը: Նոյն կացութիւնը այժմ ստեղծուած է ուքրանական պատերազմին մէջ: «Կը ցաւինք, որ ազրպէյճանցիները երկու կողմէն ալ իրարու...

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններու  2-րդ Օրը Աւարտեցաւ

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւններու 2-րդ Օրը Աւարտեցաւ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս երէկ իսրայէլեան կառավարութեան կոչ ուղղեց` յաւելեալ ջանք թափելու դէպի Կազա օժանդակութիւններու հոսքը աւելցնելու` նշելով, որ Կազայի բնակիչները մարդասիրական աղէտէ կը տառապին: Հարիս Ալապամա նահանգ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի մէջ պէտք է հաստատուի անմիջական զինադադար մը, որ կ՛երաշխաւորէ գերիներու ազատ արձակումը եւ դէպի Կազա յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսք կ՛ապահովէ: Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի...

Ապպաս Այսօր Թուրքիա Կ՛այցելէ

Ապպաս Այսօր Թուրքիա Կ՛այցելէ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երեքշաբթի օր պիտի այցելէ Թուրքիա: Այս մասին Անթալիոյ մէջ 3-րդ դիւանագիտական համախմբումին ժամանակ յայտարարած է Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի: Մալիքին եւրոպական երկիրներուն կոչ ուղղած է` ճանչնալու Պաղեստին պետութիւնը: «Եւրոպական երկիրները պէտք է նախաձեռնեն, եւ այս նախաձեռնութիւնը կրնայ սկսիլ Պաղեստին պետութեան ճանաչումով», ըսած է ան: Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարարը իսլամական երկիրներուն եւ միջազգային ընտանիքին...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Խրիմը Հարուածելու Ծրագիրի Սպրդումէն Ետք. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իր Մօտ Կը Կանչէ Գերմանիոյ Դեսպանը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի օր իր մօտ կանչեց Մոսկուայի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ալեքսանտր Լամպստորֆը` գերմանացի սպաներու միջեւ Խրիմի կամուրջը հարուածելու խօսակցութիւններու սպրդումէն ետք: «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանի խմբագրապետ Մարկարիթա Սիմոնեան ուրբաթ օր հրապարակած էր 19 փետրուարին գերմանացի սպաներու միջեւ խօսակցութեան ձայնագրութիւն մը, որուն մէջ անոնք կը քննարկեն Սեւ ծովուն մէջ Քերչի նեղուցին ճամբով Խրիմի կամուրջը հարուածելու կարելիութիւնները: Սիմոնեան նշեց,...

Ռուսիոյ Սամարա Մարզին Մէջ Երկաթուղային Կամուրջը Պայթեցուած Է

Ռուսիոյ Սամարա Մարզին Մէջ Երկաթուղային Կամուրջը Պայթեցուած Է

Ռուսիոյ Սամարա մարզին մէջ անյայտ անձեր պայթեցուցած են երկաթուղային կամուրջը: Թելեկրամեան «Պազա» ալիքը կը հաղորդէ, որ մեծ պայթումին պատճառով վնասուած է Չափայեւքայի երկաթուղային կամուրջը: Ալիքի աղբիւրներուն տուեալներով` վնասուած են կամուրջի մետաղեայ կառոյցները, ինչպէս նաեւ պատուարը: Շաղախէ հիմքը, սակայն, ըստ նախնական տուեալներու, չէ վնասուած: «Ներկայ պահուս կանգնեցուած են երեք ճամբորդատար գնացքներ, որոնք ճամբայ ելած էին Մոսկուայէն, եւ մէկ ելեկտրական գնացք: Այժմ...

Page 164 of 882 1 … 163 164 165 … 882

Արխիւներ