Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին պատասխանած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին յայտարարութեան. սրբազան քահանայապետը առաջարկած էր «սպիտակ դրօշ բարձրացնել եւ բանակցիլ»` խօսելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԵՈՒՆԻԱՆ-ը:
Զելենսքի տեսաուղերձ մը հրապարակելով յայտնած է, որ Ուքրանիան ժամանակին ունէր բազմաթիւ տուներու եւ եկեղեցիներու սպիտակ պատեր, սակայն անոնք ռուսական ռումբերէն այրած եւ ջարդուած են: «Եւ ասիկա շատ պերճախօս կերպով կ՛ըսէ, թէ ճիշդ ո՛վ պէտք է կանգ առնէ, որ պատերազմը դադրի: Իւրաքանչիւր ոք, որ կեանքեր եւ մարդիկ կը պաշտպանէ, կը կատարէ ամէնէն պատուաբեր առաքելութիւնը, որ կրնայ ըլլալ միայն նման անմարդկային ներխուժման պայմաններու մէջ», ըսած է նախագահը:
Ան աւելցուցած է, որ լայնածաւալ ներխուժման մեկնարկէն ետք քրիստոնեաները, իսլամները եւ հրեաները սկսան պաշտպանել Ուքրանիան: «Եւ ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իւրաքանչիւր ուքրանացի քահանայի, որ բանակին հետ է, պաշտպանութեան ուժերուն մէջ է, այնտեղ` առաջնագիծին վրայ: Պաշտպանենք կեանքն ու մարդկութիւնը: Անոնք մեզի կ՛աջակցին աղօթքի, զրոյցի եւ գործողութիւններու միջոցով: Ահա թէ ի՛նչ է եկեղեցին` մարդոց հետ: Եւ ոչ թէ 2,5 հազար քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, այնտեղ տեղ մը, անշօշափելի միջնորդութեամբ զբաղիք անոնց միջեւ, որոնք կ՛ուզեն ապրիլ, եւ որոնք կ՛ուզեն ձեզ ոչնչացնել», ընդգծած է Զելենսքի:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան իր կարգին ընկերային ցանցի վրայ գրած է. «Երբ խօսքը կը վերաբերի «սպիտակ դրօշ»-ին, մենք գիտենք Վատիկանի այս ռազմավարութիւնը 20-րդ դարու առաջին կէսէն»:
Բազմաթիւ պատմաբաններ քննադատած են Վատիկանը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ` ըսելով, որ Փիոս ԺԲ. պապը Ողջակիզումի ժամանակ լուռ մնացած է:
«Ես կոչ կ՛ուղղեմ խուսափելու անցեալի սխալները կրկնելէ եւ աջակցելու Ուքրանիոյ եւ անոր ժողովուրդին իրենց կեանքին համար արդար պայքարին մէջ: Ամէնէն ուժեղը ան է, որ բարիի եւ չարի միջեւ պայքարին մէջ կանգնած է բարիի կողքին, եւ ոչ թէ կը փորձէ զանոնք դնել նոյն հիմքի վրայ եւ ատիկա կոչել «բանակցութիւններ»: Մեր դրօշը դեղին եւ կապոյտ է: Ասիկա այն դրօշն է, որով մենք կ՛ապրինք, կը մեռնինք… Մենք երբեք այլ դրօշներ պիտի չբարձրացնենք», աւելցուցած է ուքրանական դիւանագիտութեան պետը:
Ֆրանչիսկոս պապը յայտնած էր, որ ուքրանական տագնապին մէջ պարտուող կողմը պէտք է համարձակութիւն գտնէ զայն ընդունելու եւ համաձայնի բանակցելու: Ան Ուքրանիան կոչած էր պարտուող կողմ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին պապը ըսած է զուիցերիական «Էռ.Էս.Ի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին մէջ, որ պիտի սփռուի 20 մարտին:
Անոր համաձայն, այսօր բանակցութիւնները կարելի է վարել միջազգային ուժերու օգնութեամբ: Այժմ ուքրանական տագնապին մէջ շատ են անոնք, որոնք կ՛ուզեն իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ, մասնաւորաբար Թուրքիան:
«Մի՛ ամչնաք բանակցելու, քանի դեռ կացութիւնը շատ չէ վատացած», աւելցուցած է պապը:
Վատիկանի բանբեր Մաթէօ Պրունի աւելի ուշ յստակացուց, որ Ֆրանչիսկոս պապը ըսել չ՛ուզեր, որ Ուքրանիան պէտք է անձնատուր ըլլայ, այլ զինադադարի եւ բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղէր: Ան աւելցուց, որ պապը պարզապէս կը կրկնէր զրուցավարին կողմէ օգտագործուած «սպիտակ դրօշ» եզրը եւ կը յուսայ, որ կարելի կ՛ըլլայ «արդար ու տեւական խաղաղութեան հասնիլ»:
Զախարովա. «Պապը Ոչ Թէ Քիեւին Դիմած Է,
Այլ Արեւմուտքին»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովայի կարծիքով` Ֆրանչիսկոս պապը, Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ լուծման մասին խօսելով կը դիմէ Արեւմուտքին, որ Ուքրանիան կ՛օգտագործէ իբրեւ իր նպատակներուն հասնելու գործիք: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Զախարովա ԱՆՍԱ-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ ըսած է. «Ես ատիկա այսպէս կը դիտեմ. Հռոմի պապը Արեւմուտքէն կը խնդրէ հրաժարիլ իր յաւակնութիւններէն եւ ընդունիլ իր սխալը: Ռուսիան երբեք չէ արգելակած Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները»:
Անոր կարծիքով, Ֆրանչիսկոս պապը բանակցութիւններ սկսելու կոչով ոչ թէ Քիեւին կը դիմէ, այլ` Արեւմուտքին:


