Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Էրտողան Համասին Կ՛աջակցի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Ժխտէ»

March 11, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն բաղդատած է պատմութեան ֆաշական ղեկավարներուն հետ` նշելով. «Նեթանիահուն իր տեղը ապահովեց Հիթլերի, Մուսոլինիի եւ Ստալինի կողքին»: Այս մասին հաղորդեց «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը:

Էրտողան նաեւ Իսրայէլը ամբաստանած է «Կազայի մէջ մարդասիրական ոճիրներ գործելով մեր ժամանակուան նացիներ»-ուն պէս վարուելու յանցանքով:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ մերժած է Համասը դատապարտել` նշելով. «Մեզի չեն կրնար ստիպել Համասը ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել: Մենք անոնց հետ բացայայտ կերպով կը հաղորդակցինք եւ անոնց թիկունքին կը կանգնինք»:

Նեթանիահու հակադարձելով Էրտողանին «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Իսրայէլ պատերազմի օրէնքներուն հաւատարիմ է եւ պիտի չլսէ բարոյական քարոզները Էրտողանի, որ ահաբեկչական Համաս կազմակերպութեան մարդասպաններուն եւ բռնաբարողներուն կ՛աջակցի, կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իր երկրին մէջ քիւրտերու զանգուածային սպանդը, եւ կը բռնաճնշէ վարչակարգին ընդդիմախօսներն ու լրագրողները»:

Իսրայէլեան նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ, Ազգային միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանց իր կարգին յայտարարեց. «Էրտողանի` Համասի կողքին կանգնիլը զինք մարդկութեան դէմ ոճիրներու զօրակցող կը դարձնէ, եւ Իսրայէլի վարչապետը բռնատէրերու հետ բաղդատելը կեղծաւորութեան գագաթնակէտն է»:

«Այն իրողութիւնը, որ Էրտողան կը հաւատայ, թէ Համաս ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը չէ, կու գայ բացատրելու իր սեփական քաղաքացիներուն նկատմամբ իր վարմունքը: Իսրայէլ պիտի շարունակէ կառչած մնալ միջազգային օրէնքին` նոյնիսկ պատերազմի մը մէջ անոնց դէմ, որոնք փաստած են մարդկայնականութենէն իրենց զուրկ ըլլալը», ըսաւ Կանց:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարեց. «Հրեաներու եւ Իսրայէլի պետութեան դէմ Համասի ոճիրներն ու սեռային յանցագործութիւնները պատմութեան մէջ բռնաճնշումի եւ հակասեմականութեան մեծագոյն արարքներէն են: Թուրքիան աշխարհի վրայ, Իրանէն անմիջապէս ետք, ահաբեկչութեան մեծագոյն աջակցողն է: Ի՛նչ ամօթ արդի Թուրքիոյ հայր Քեմալ Աթաթուրքի կողմէ հիմնուած հանրապետութեան համար»:

 

Նախորդը

Լիբանանի Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ` 4-0

Յաջորդը

Պայտըն. «Իսրայէլի Նկատմամբ Կարմիր Գիծ Չկայ, Զայն Երբեք Պիտի Չլքեմ Եւ Զայն Զէնքերէ Պիտի Չզրկեմ»

RelatedPosts

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.