Ռուսիան, Իրանը եւ Չինաստանը 12 մարտին պիտի սկսին «Ծովային անվտանգութեան գօտի 2024» ծովուժերու միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ-ն:
Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսը: Անոնց պիտի մասնակցին Իրանի, Չինաստանի եւ Ռուսիոյ զինուորական նաւատորմիղները: Ռազմափորձերուն ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ազրպէյճանի, Ղազախստանի, Օմանի, Փաքիստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներ:
Ռազմափորձերուն նպատակներն են շրջանին մէջ անվտանգութեան ամրապնդումը, ներառեալ միջազգային ծովային առեւտուրի պաշտպանութիւնը, ռազմափորձերուն մասնակցող երկիրներուն միջեւ բազմակողմ համագործակցութեան ամրապնդումը, ծովահէնութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, գործողութիւններու եւ մարտավարական փորձառութեան փոխանակումն ու երկիրներու «համաշխարհային խաղաղութիւնը միասնաբար պահպանելու» կարողութեան ցուցադրումը:


