Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթար. «Կազայի Շուրջ Բանակցային Ջանքերը Կը Շարունակուին, Սակայն Համաձայնութեան Գոյացման Մօտ Չենք»

March 13, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Տակաւին կոչ կ՛ուղղենք, որ անհրաժեշտ է ցամաքային անցքերը բանալ, որպէսզի օժանդակութիւնները անարգել մուտք գործեն Կազա, եւ Կազա օժանդակութիւններ մտցնելու համար ծովային միջանցքը չի կրնար ցամաքային անցքերը փոխարինել»:

«Բանակցութիւններուն մէջ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու համար յոյս կը դնենք Միացեալ Նահանգներու դերակատարութեան վրայ», նշեց Անսարի` աւելցնելով. «Բանակցային ջանքերը կը շարունակուին, եւ համաձայնութեան հասնելու նպատակով ռամատան ամիս մուտք գործելով կ՛աշխուժանան»:

«Համաձայնութեան գոյացման մօտ չենք, եւ ատիկա կը նշանակէ, թէ չենք տեսներ, որ երկու կողմերը կը համաձայնին խօսելաոճի մը շուրջ, որ կրնայ համաձայնութեան գործադրութեան շուրջ ներկայ տարակարծութիւնը լուծել», շեշտեց Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ «տակաւին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի որոշակի թուական չկայ»` աւելցնելով. «Ներկայիս Քնեսեթի առջեւ խօսք արտասանելու ծրագիրներ չունիմ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց. «Ուաշինկթըն իսրայէլեան կառավարութենէն Ռաֆահի վերաբերեալ ծրագիր մը չստացաւ: Ան նաեւ նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմին դիրքորոշումը այն է, որ «պէտք չէ հարաւ ուղղուիլ եւ մարդասիրական տագնապը բարդացնել»:

«Ժամանակաւոր նաւահանգիստը մարդասիրական օժանդակութիւնները հասցնելու այլընտրանք դարձաւ` նկատի ունենալով, որ սահմանային անցքերը ներկայիս ապահով չեն, եւ առնչակից կողմերուն հետ կը խորհրդակցինք անցքերու ճամբով օժանդակութիւններու հոսքը բարելաւելու համար», ըսաւ Միլլըր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց, որ չի կրնար ռամատան ամսուան ընթացքին զինադադարի հաստատման թուականի մասին կանխատեսում կատարել:

Ան նաեւ նշեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Կազայի յառաջիկայ իշխանութեան բնոյթին եւ շրջանին մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմավարութեան առնչուած այլ հարցերու վերաբերեալ կապ հաստատած է Թուրքիոյ հետ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Կազայի մէջ ծովային ժամանակաւոր նաւահանգիստի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին: Նեթանիահուին մօտիկ աղբիւր մը օրաթերթին համաձայն նշած է, որ Իսրայէլի վարչապետը այս գաղափարը Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին արտայայտած է հոկտեմբեր 2023-ին: Նեթանիահուն նաեւ 31 հոկտեմբերին նոյն գաղափարը ներկայացուցած է Կիպրոսի նախագահին:

Իսրայէլ Կ՛առաջարկէ Պաղեստինեան Իշխանութեան
Հետախուզութեան Պետը Նշանակել Կազայի Կառավարիչ

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ առաջարկած է, որ պատերազմէն ետք Պաղեստինեան իշխանութեան հետախուզութեան պետ Մաժետ Ֆարաժը ժամանակաւորապէս ստանձնէ Կազայի կառավարումը:

Կայանը հաղորդեց, որ կը սերտէ Ֆարաժը պատերազմին յաջորդող օրը Համասի իշխանութեան իբրեւ այլընտրանք օգտագործելու կարելիութիւնը: Առաջարկին համաձայն, Ֆարաժ Համասի անդամ չեղող այլ անձնաւորութիւններու հետ կը ստանձնէ Կազայի կառավարումը:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Պաղեստինեան իշխանութեան հետախուզութեան պետը Իսրայէլի նկատի առած միակ անունը չէ:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ իր կարգին նշած է. «Բնական է, որ Ֆարաժի անունը նշենք, որովհետեւ ան Պաղեստինեան իշխանութեան մէջ մեզի հետ Համասի դէմ ամէնէն շատ աշխատած անձնաւորութիւններէն մէկն է»:

Մաժետ Ֆարաժի անունը նախապէս նաեւ իբրեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի այլընտրանք նշուած էր:

 

Նախորդը

Շուէտը Երկրին Մէջ ՕԹԱՆ-ի Մնայուն Ռազմակայաններու Տեղակայում Չ՛ուզեր

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»
Միջազգային

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` Թրամփ. «Կը Կարծեմ Ամերիկեան Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ետք Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Գոյացնենք»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.