Եւրոպական երկիրները պէտք է Ուքրանիոյ այնքան գումար յատկացնեն, որքան Միացեալ Նահանգները, հակառակ պարագային ատիկա անարդար է ամերիկացի հարկատուներուն նկատմամբ: «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ:
«Եւրոպան Ուքրանիոյ վրայ մեզմէ շուրջ 100 միլիառ տոլար նուազ կը ծախսէ: Կը կարծեմ` ասիկա շատ անարդար է Ամերիկայի նկատմամբ: Ասիկա շատ անարդար է Միացեալ Նահանգներու հարկատուներուն նկատմամբ», ըսած է Թրամփ` պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթելու պարագային պիտի կրճատէ՞ Քիեւի ֆինանսաւորումը:
«Եւրոպական երկիրները միասին պէտք է վճարեն նոյն գումարը», աւելցուցած է Թրամփ` ընդգծելով, որ Ուքրանիոյ մէջ կացութիւնը անոնց անվտանգութեան համար աւելի կարեւոր է:
Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան, որ 8 մարտին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահի Ֆլորիտայի կալուածին մէջ հանդիպած էր Թրամփի հետ, ըսած էր, որ վերջինս Սպիտակ տուն վերադառնալու պարագային պիտի չֆինանսաւորէ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները եւ Եւրոպայի անվտանգութեան համար միջոցներ պիտի չյատկացնէ:


