Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ կատարած է Կազայի կացութեան գնահատում մը, որմէ ետք յայտնած է. «Նոյնիսկ անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ ուշացած ենք, մօտ օրէն պիտի տեսնեն, որ ամէնուր պիտի հասնինք»:
«7 հոկտեմբերի դէպքերուն մասնակից իւրաքանչիւր անձ արդարադատութեան պիտի յանձնենք: Կամ զինք պիտի ոչնչացնենք կամ Իսրայէլի մէջ դատարանին յանձնենք», ըսաւ ան:
«Ապահով վայր չկայ, ո՛չ հոս, ո՛չ Կազայէն դուրս, ո՛չ ալ Միջին Արեւելքի բոլոր կողմերուն մէջ: Անոնց բոլորը իրենց տեղը պիտի վերադարձնենք», յայտնեց Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
«Մարդասիրական հարցը, որ մօտ օրէն օրակարգի վրայ պիտի գայ… կեդրոնական հարց է, որ մատակարարումներու քաղաքայիններուն եւ ոչ թէ Համասին հասանելիութիւնը պիտի ապահովէ», աւելցուց ան:
Կալանթ նաեւ ծովային միջանցքի բացման համար ընթացող աշխատանքներուն վերաբերեալ նկատումներ կատարած է: Ըստ անոր, այդ միջանցքը պիտի նպաստէ պաշարեալ Կազայի մէջ «Համաս շարժումի իշխանութիւնը խալխլելուն»` շեշտելով, որ ատիկա կը ձեռնարկուի Միացեալ Նահանգներու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Կիպրոսի հետ ապահովական ու քաղաքային համակարգումի ծիրին մէջ:
Փենթակոնէն պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ»-ին յայտնած է. «Իսրայէլի` Ռաֆահի մէջ քայլ չառնելը ցուցանիշ է, որ ան ամերիկեան զգուշացումները նկատի կ՛ունենայ»:
Օրաթերթը նաեւ հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրենց իսրայէլացի պաշտօնատարներուն յայտնած են, որ Պայտընի վարչակազմը պիտի զօրակցի Իսրայէլի կողմէ Ռաֆահի մէջ կամ անկէ հարաւ Համասի «բարձրարժէք» թիրախներու հետապնդման, այնքան ատեն որ Իսրայէլ զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը շղթայազերծումէն կը խուսափի:
«Փոլիթիքօ» աւելցուց, սակայն, որ Պայտընի աշխատախումբի կարգ մը հիմնական անդամներ այն կասկածը ունին, որ Իսրայէլ մօտ օրէն Ռաֆահի մէջ զինուորական մեծ գործողութեան մը կը պատրաստուի:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլ միջնորդներուն յայտնած է, թէ պատրաստ է «Կազայի գաղթական դարձած բնակիչներու մէկ մասին Կազայի հիւսիս վերադառնալը արտօնելու, եթէ Համաս շարժումը Փարիզի առաջարկին համաձայնի»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Ուաշինկթըն աշխատանք կը տանի դէպի Կազա օժանդակութիւններու մատակարարման ծովային միջանցք ստեղծելու բազմազգեան ջանքերուն իրագործման ուղղութեամբ` շրջանը մարդասիրական օժանդակութիւններով «ողողելու» ամերիկեան ռազմավարութեան ծիրին մէջ:
Ան նշեց, որ իր երկիրը այս հարցով կ՛աշխատի նաեւ Իսրայէլի հետ, եւ միջանցքը կը վայելէ Գերմանիոյ, Յունաստանի, Իտալիոյ, Նետերլանտներու եւ Քանատայի զօրակցութիւնը, սակայն անոր կառուցումը որոշ ժամանակի պիտի կարօտի:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ անիկա լրացուցիչ է եւ ոչ թէ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու այլ ուղիներու այլընտրանք, մանաւանդ ցամաքային ճամբուն, որ կը շարունակէ մնալ անոր կարիքը ունեցող անձերուն օժանդակութիւնները հասցնելու ամէնէն կարեւոր ուղին», շեշտեց Պլինքըն:
Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ պէտք է դէպի Կազա կարելի եղածին չափ մեծաթիւ ցամաքային անցքեր բանայ` աւելցնելով. «Մէկ խօսքով` պէտք է Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններով ողողումը տեսնենք»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ ճնշում բանեցնել Կազայի մէջ պահուող մնացեալ բոլոր գերիներու ազատ արձակման յանգեցնող կռիւի ժամանակաւոր դադրեցման համաձայնութեան գոյացման համար: