«Ռազմական-արհեստագիտական տեսանկիւնէն Ռուսիան պատրաստ է հիւլէական պատերազմին», Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Մեր հիւլէական ուժերը մշտապէս ռազմական բարձր պատրաստութեան պայմաններու մէջ են», լրագրող Տմիթրի Քիսելիովի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին նաեւ անդրադարձած է Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան` նշելով, որ Հելսինքիի այդ քայլէն ետք Ռուսիան կը մեծցնէ հիւսիսային ուղղութեան վրայ իր զինուորական ներկայութիւնը:
«Ֆինլանտայի հետ մենք կատարեալ յարաբերութիւններ ունէինք, մեր երկիրներուն միջեւ որեւէ խնդիր չկար: Մենք նոյնիսկ մեր զօրքերը ետ քաշած էինք Ֆինլանտայի սահմանէն», յայտնած է Ռուսիոյ նախագահը` ենթադրելով, որ Հելսինքին ՕԹԱՆ-ին անդամակցեցաւ, որովհետեւ «կ՛երեւի շատ կ՛ուզէր արեւմտեան ակումբին մաս դառնալ»:
«Իմ կարծիքովս` Ֆինլանտայի այդ քայլը, ազգային շահերու ապահովման տեսանկիւնէն, բացարձակ անիմաստ էր: Սակայն ատիկա իրենց որոշումն էր, ի՞նչ ընենք: Եթէ նախապէս սահմանին վրայ զօրքեր չկային, այժմ պիտի ըլլան, նախապէս չկային նաեւ խոցման միջոցներ, հիմա պիտի ըլլան», յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին նաեւ ըսած է, որ Արեւմուտքի հետ «ազնիւ համաձայնութեան» հարցին մէջ ոչ ոքի կարելի է վստահիլ, Ռուսիոյ պէտք են գրաւոր երաշխիքներ:
«Ինչ կը վերաբերի Արեւմուտքի հետ «ազնիւ համաձայնութեան» կարելիութեան, Ռուսիոյ անհրաժեշտ են այնպիսի գրաւոր երաշխիքներ, որոնց մենք պիտի հաւատանք», ըսած է ան:
«Ասիկա ըսելու ցանկութիւն չկայ, սակայն ոչ ոքի կը վստահիմ: Մեզի երաշխիքներ պէտք են: Եւ երաշխիքները պէտք է գրուին, անոնք պէտք է այնպիսին ըլլան, որ համապատասխանեն մեզի, եւ մենք հաւատանք անոնց», ըսած է Փութին:
Ան աւելցուցած է, որ կը նախընտրէ «առաջնորդուիլ փաստերով, ոչ թէ բարի ցանկութիւններով, խօսակցութիւններով այն մասին, որ կարելի է վստահիլ բոլորին, եւ որ ինք պիտի չխաբուի դատարկ խոստումներէն»:
«Կը հասկնաք, երբ այս մակարդակի վրայ որոշում կու տաք, որդեգրուած որոշումի հետեւանքներուն համար պատասխանատուութեան աստիճանը շատ բարձր է: Ուստի մենք պիտի չընենք բան մը, որ մեր երկրի շահերուն չի համապատասխաներ», ըսած է Փութին:
Ֆրանսայի Հակառուսական
Յայտարարութիւններուն Պատճառը
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Մոսկուայի հասցէին սուր արտայայտութիւնները կրնան կապուած ըլլալ Ափրիկէի մէջ գործողութիւններու հետ: Այս մասին լրագրող Տմիթրի Քիսելիովի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Քիսելիով Փութինին հարցուցած է, որ Փարիզի հակառուսական յայտարարութիւնները կրնա՞ն վրէժ ըլլալ այն բանին համար, որ Ռուսիան ափրիկեան ցամաքամասի վրայ Ֆրանսայի «պոչին կոխած է»:
«Այո՛, կը կարծեմ, որ դժգոհութիւն մը կայ, սակայն երբ ես եւ ան (Մաքրոնը, «Ա.») ուղիղ կապ կը պահէինք, մենք բաւական բաց կը խօսէինք այդ նիւթին շուրջ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
Փութին նախապէս նշած էր, որ Ռուսիան Ափրիկէի մէջ չէ միջամտած եւ Ֆրանսան այնտեղէն դուրս չէ մղած, եւ որ ափրիկեան երկիրներու ղեկավարները իրենք կ՛ուզեն Ռուսիոյ հետ աշխատիլ:


