Լիբանանեան

Ալի Հասան Խալիլ Անակնկալ Կերպով  Ուղղուեցաւ Օդակայանի Մաքսատուն

Ալի Հասան Խալիլ Անակնկալ Կերպով Ուղղուեցաւ Օդակայանի Մաքսատուն

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ անակնկալ կերպով ուղղուեցաւ օդակայանի մաքսատուն` ստուգելու համար արգիլուած նիւթեր, որոնց Պէյրութ հասնելուն մասին ինք ստացած էր տեղեկութիւններ: Հակառակ այդ տեղեկութիւններուն գծով իր կատարեալ գաղտնապահութեան եւ նիւթերուն օդակայան հասնելու պահուն իր ներկայութեան, այդ նիւթերը փոխադրող 50 տուփեր անհետացան: Ալի Հասան Խալիլ մէկ-մէկ ստուգեց այդ նիւթերուն կցուած փաստաթուղթերը, որոնց վրայ արձանագրուած էին «գլխարկներ» մինչդեռ անոնք նիւթեր...

Միւֆթի Տըրիան Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Քաթարի Վարչապետին Հետ

Միւֆթի Տըրիան Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Վարչապետին Հետ

Միւֆթի Տըրիան եւ Քաթարի վարչապետը Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Ապտալլա պըն Նասեր Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքը յարգելու անհրաժեշտութիւնը: Միւֆթի Տըրիան նշեց, որ Տար Ֆաթուա կը յարգէ այդ...

Լիբանանեան Բանակը Հերքեց Իր Հրամանատարին  Վերագրուող Յայտարարութիւնները

Լիբանանեան Բանակը Հերքեց Իր Հրամանատարին Վերագրուող Յայտարարութիւնները

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հրապարակած Քնայթրայի դէպքին վերաբերող  յայտարարութիւնները, որոնք վերագրուած են բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Միւս կողմէ, բանակը Թրիփոլիի ներքին շուկային մէջ կատարեց ներխուժումներ եւ ձերբակալեց տասնեակ մը յանցագործներ, որոնց մեծ մասը` սուրիացի քաղաքացիներ, որոնք անձնական փաստաթուղթեր չունէին` ապօրինի կերպով Լիբանան մուտք գործած ըլլալնուն պատճառով:

Սաքըր 28 Յանցագործներ Ամբաստանեց  Ժապալ Մըհսենի Պայթումներուն Յանցանքով

Սաքըր 28 Յանցագործներ Ամբաստանեց Ժապալ Մըհսենի Պայթումներուն Յանցանքով

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 28 յանցագործներ ամբաստանեց Ժապալ Մըհսենի պայթումներուն յանցանքով` աւելցնելով, որ անոնցմէ չորսը ամբաստանուած են ՏԱՀԵՇ-ի անդամակցութեան յանցանքով: Սաքըր նշեց, որ անոնց մաս կը կազմեն նաեւ ադարութենէն փախուստ տուած ահաբեկիչներ Շատի Մաուլաուի եւ Ուսամա Մանսուր, որոնք ամբաստանուած են ահաբեկիչներ զինուորագրելու եւ զանոնք լիբանանեան բանակին դէմ ահաբեկչութիւններու պատրաստելու յանցանքով: Սաքըր բոլոր յանցագործներուն պարագաները փոխանցեց...

Աֆրամ. «Ինչո՞ւ Աշխարհը Լուռ Կը Մնայ  Նիկերիոյ Մէջ 10 Եկեղեցիներու  Հրկիզումին Ի Տես»

Աֆրամ. «Ինչո՞ւ Աշխարհը Լուռ Կը Մնայ Նիկերիոյ Մէջ 10 Եկեղեցիներու Հրկիզումին Ի Տես»

Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ շեշտեց, որ աշխարհին կողմէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնարարքներուն անտեսումը ոճիրին մեղսակցութիւն է, ինչպէս նաեւ մարդկային սկզբունքներէն եւ արժէքներէն հրաժարելու քայլ: «Արդեօք Նինուէն ու անոր գիւղաքաղաքները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու ծրագիրը զինուորական առասպե՞լի վերածուած է եւ մեծ պետութիւններուն բանակներուն, ինչպէս նաեւ Պաղտատի եւ Էրպիլի բանակներուն համար անկարելի գործողութիւն է ատիկա», հարց տուաւ Աֆրամ: Ան հարց...

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Ոչ Մէկ  Արկածախնդրութիւն Կրնայ Հանդուրժել»

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Ոչ Մէկ Արկածախնդրութիւն Կրնայ Հանդուրժել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հաստատեց, որ այս հանգրուանին Լիբանան ոչ մէկ արկածախնդրութիւն կրնայ հանդուրժել` նկատել տալով, որ նախանցեալ օր Քնայթրայի մէջ կատարուածը սուրիական հողերուն դէմ գործուած ոտնձգութիւն է եւ ոչ թէ լիբանանեան հողերուն վրայ գործուած բռնարարք: Ժոմպլաթ նշեց, որ Դիմադրութիւնը եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան լաւ գիտեն, թէ Լիբանան զինուորական արկածախնդրութիւններ չի կրնար հանդուրժել,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱԶԱՐԵՀ Շեպաայի եւ Արքուպի վերեւ իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ իր թռիչքները կատարել, իսկ հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին հսկողութիւնը կը շարունակէ խստօրէն գործադրուիլ: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Թէյմուր Ժոմպլաթին խորհուրդ տուաւ քաղաքականութեան մէջ մտքով մտածելու եւ ոչ թէ սրտով:...

Մինչ Իսրայէլ Կը Դիմէ  Նախազգուշութիւններու.  Հըզպալլայի Նահատակները Կը Յանձնուին Հողին,  Իսկ Իրան Կը Բացայայտէ Իրանցի Բարձրաստիճան  Զինուորականի Մը Նահատակութիւնը

Մինչ Իսրայէլ Կը Դիմէ Նախազգուշութիւններու. Հըզպալլայի Նահատակները Կը Յանձնուին Հողին, Իսկ Իրան Կը Բացայայտէ Իրանցի Բարձրաստիճան Զինուորականի Մը Նահատակութիւնը

Ժիհատ Իմատ Մուղնիէի յուղարկաւորութիւնը Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձած Հըզպալլայի նահատակներուն մարմինները երէկ յանձնուեցան հողին: Ժիհատ Իմատ Մուղնիէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ  եւ անոր մարմինը ամփոփուեցաւ «Ռաուտաթ Շահիտայն» դամբարանին մէջ, իր հօր` Իմատ Մուղնիէի աճիւններուն կողքին: Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, քաղաքական եւ կուսակցական դէմքեր, ինչպէս նաեւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ: Քնայթրայի մէջ նահատակուած...

Սայտայի Մէջ Պայթում

Սայտայի Մէջ Պայթում

Երէկ գիշեր ժամը շուրջ 10:30-ին Սայտայի մէջ լսուեցաւ ուժգին պայթում մը, որուն մասին ապահովական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ ան հետեւանք էր անգլիական գերեզմանատան մօտակայքը` Զահթարիի պարտէզին մէջ նետուած ձայնային ռումբի մը: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը փութացին դէպքին վայրը եւ շրջափակեցին զայն: Դէպքին մասին անմիջապէս հետաքննութիւն բացուեցաւ:  

Լիբանանեան Բանակը Պաալպեքի Մէջ  Ներխուժումներ Կը Կատարէ

Լիբանանեան Բանակը Պաալպեքի Մէջ Ներխուժումներ Կը Կատարէ

Լիբանանեան բանակը երէկ Պաալպեքի մէջ կատարեց ներխուժումներ, որոնց ընթացքին կատարեց շարք մը ձերբակալութիւններ` դատական իշխանութիւններուն կողմէ տարբեր յանցանքներով ամբաստանուած յանցագործներու: Ներխուժումներուն ընթացքին արձանագրուեցան ընդհարումներ` պահանջուած յանցագործներուն եւ բանակին միջեւ: Բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի զինուորներ:

Ապու Ֆաուր Յայտարարեց Առողջապահական  Չափանիշներ Չամբողջացնող Սննդեղէն  Վաճառող Նոր Ճաշարաններու Անուններ

Ապու Ֆաուր Յայտարարեց Առողջապահական Չափանիշներ Չամբողջացնող Սննդեղէն Վաճառող Նոր Ճաշարաններու Անուններ

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ սկսած են շօշափել յստակ փոփոխութիւններ` առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող սննդեղէնի առումով, նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով ճաշարաններ իրենց վաճառած սննդեղէնին մասին կը կատարեն անհրաժեշտ քննութիւնները, որոնց արդիւնքները լաւ դուրս կու գան: Ան ողջունեց ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարները, որոնք առաւելագոյն չափով գործակցեցան առողջապահութեան նախարարութեան հետ`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց սննդանիւթի առողջապահութեան վերաբերող նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ Զահլէի մէջ սիմենթի գործարան մը հաստատելու արտօնագիրը չեղեալ նկատեն: «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերու ընդհանուր ներկայացուցիչ Ճեֆրի Ֆելթման Լոնտոնի մէջ հանդիպում...

Քնայթրայի Մէջ .  Հըզպալլայի Մարտիկներ Թիրախ  Դարձան Իսրայէլեան Օդուժի Ռմբակոծումին

Քնայթրայի Մէջ . Հըզպալլայի Մարտիկներ Թիրախ Դարձան Իսրայէլեան Օդուժի Ռմբակոծումին

Ժիհատ Իմատ Մուղնիէ Իսրայէլեան ուղղաթիռներ երէկ երեկոյեան Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին Հըզպալլայի վեց մարտիկներ, երբ անոնք հետախուզական պարտականութեամբ մը ուղղուած էին Մազրաաթ Ամալ շրջանը: Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց իր մարտիկներուն նահատակութիւնը: Անոնք են. - Մոհամետ Ահմետ Իսա` «Ապու Իսա»: Ծնեալ` 1972-ին, Արապսալիմ, ամուսնացած է եւ ունի չորս զաւակ: - Ժիհատ Իմատ...

Վարչապետ Թամմամ Սալամ  Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 17 յունուար 2015-ի երեկոյեան, վարչապետ Թամմամ Սալամ այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Աւելի քան ժամ մը տեւեց վարչապետին ու վեհափառ հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան աշխատանքներուն եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:

Ռայի Պատրիարքը Ցաւակցութեան  Նպատակով Ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն

Ռայի Պատրիարքը Ցաւակցութեան Նպատակով Ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն` անցեալ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած զոյգ պայթումներուն պատճառած նահատակներուն ընտանիքներուն ցաւակցելու նպատակով: Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի` նշելով, որ ինք մարոնի եկեղեցւոյ եւ եպիսկոպոսներուն անունով ցաւակցութիւն կը յայտնէ Ժապալ Մըհսենի մէջ արձանագրուած նահատակներուն համար` ընդգծելով միաժամանակ, որ իրենք խոր յարգանք կը տածեն Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն...

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթն Ու Ապու Ֆաուրը

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթն Ու Ապու Ֆաուրը

Ապու ֆաուր, Թէյմուր Ժոմպլաթ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թէյմուր Ուալիտ Ժոմպլաթն ու առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը առկայ կը մնայ: Պըրրի շեշտեց նախագահական ընտրութիւն...

Քաակ Հասաւ Պէյրութ

Քաակ Հասաւ Պէյրութ

Սիկրիտ Քաակ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի նախանցեալ օր պաշտօնապէս աւարտեց իր առաքելութիւնը եւ մեկնեցաւ Լիբանանէն` հաստատելով, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը պիտի օժանդակէ ապահովական վտանգներուն դէմ դնելու: Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր ներկայացուցիչն է Սիկրիտ Քաակը, որ շաբաթ օր հասաւ Պէյրութ:

«Պահրէյն Թշնամի Երկիր Չէ»   Հաստատեց Վարչապետ Սալամ

«Պահրէյն Թշնամի Երկիր Չէ» Հաստատեց Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Անցեալ շաբաթավերջին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ հսկայ աղմուկ մը բարձրացաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Պահրէյնի մասին կատարուած յայտարարութիւններուն գծով: Այս առումով, վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ Պահրէյնի մասին կատարուած յայտարարութիւնները Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չեն արտայայտեր` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ խօսքի ազատութեան եւ անհատական տեսակէտ ունենալու ազատութեան իրաւունքը կը յարգուի, սակայն այդ կեցուածքները պէտք չէ...

Ռիֆի Ընդունեց Իսլամական  Բանտարկեալներուն Ընտանիքները

Ռիֆի Ընդունեց Իսլամական Բանտարկեալներուն Ընտանիքները

Ռիֆի` իսլամական բանտարկեալներու ընտանիքներուն հետ Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց իսլամական բանտարկեալներուն ընտանիքներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան յայտնեց, որ անկարելի է սուրիական վարչակարգին ձգած երեսուն տարուան սխալները երեք ամսուան մէջ սրբագրել` աւելցնելով, որ անիկա ժամանակի եւ պետութեան կողմէ ի գործ դրուելիք մեծ ջանքերու կը կարօտի: Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է անոնց զաւակներուն թղթածրարները մանրամասնութեամբ ուսումնասիրելու`...

Հարիրի – Ժիրօ Հանդիպում

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբթուան ընթացքին Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման գծով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ նշանակուած յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Ժիրօ Հարիրիին ներկայացուց Թեհրանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ իրանեան իշխանութիւնները Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մասին իրենց խորհրդակցութիւններուն մէջ ետքայլ արձանագրած են: Կը նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան...

Page 980 of 985 1 … 979 980 981 … 985

Արխիւներ