Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի անցեալ շաբթուան ընթացքին Ռիատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման գծով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ նշանակուած յատուկ պատուիրակ Ֆրանսուա Ժիրոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ժիրօ Հարիրիին ներկայացուց Թեհրանի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մանրամասնութիւնները` շեշտելով, որ իրանեան իշխանութիւնները Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան մասին իրենց խորհրդակցութիւններուն մէջ ետքայլ արձանագրած են:
Կը նախատեսուի, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգով Ժիրօ քանի մը օրէն ուղղուի Վատիկան, ինչպէս նաեւ ամիսը չաւարտած վերստին այցելէ Լիբանան: