
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թէյմուր Ուալիտ Ժոմպլաթն ու առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Պըրրի հաստատեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը առկայ կը մնայ:
Պըրրի շեշտեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը: