Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Իսրայէլ Կը Դիմէ Նախազգուշութիւններու. Հըզպալլայի Նահատակները Կը Յանձնուին Հողին, Իսկ Իրան Կը Բացայայտէ Իրանցի Բարձրաստիճան Զինուորականի Մը Նահատակութիւնը

Յունուար 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
11915_Jihad_Meghnieh
Ժիհատ Իմատ Մուղնիէի յուղարկաւորութիւնը

Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձած Հըզպալլայի նահատակներուն մարմինները երէկ յանձնուեցան հողին:

Ժիհատ Իմատ Մուղնիէի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ  եւ անոր մարմինը ամփոփուեցաւ «Ռաուտաթ Շահիտայն» դամբարանին մէջ, իր հօր` Իմատ Մուղնիէի աճիւններուն կողքին:

Թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններ, երեսփոխաններ, քաղաքական եւ կուսակցական դէմքեր, ինչպէս նաեւ ժողովրդային պատուիրակութիւններ:

Քնայթրայի մէջ նահատակուած մարտիկ Ապպաս Հիժազիի հայրը` Իպրահիմ Հիժազի իր զաւկին նահատակութեան լուրէն քանի մը ժամ ետք մահացաւ:

Հըզպալլա իր մարտիկներուն նահատակութեան առիթով այսօր` երեքշաբթի, 20 եւ վաղը` չորեքշաբթի, 21 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 ցաւակցութիւն պիտի ընդունի Հատասի Մուժթապա մզկիթին մէջ:

Իրանցի հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ալի Ալլա Տատի
Իրանցի հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ալի Ալլա Տատի

Իրանեան բանակը երէկ յայտնեց, որ Քնայթրայի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին ընթացքին նահատակուած է նաեւ իրանցի հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Ալի Ալլա Տատին, որ Սուրիոյ պետութեան ու սուրիացի ժողովուրդին օժանդակելու եւ հաւատադրժողականներուն դէմ պայքարելու յատուկ խորհրդակցութիւններ կատարելու առաքելութեամբ կը գտնուէր Քնայթրայի մէջ:

Նշենք, որ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ հսկողութիւնն ու պատրաստ վիճակը ինքզինք պարտադրեց:

Իսրայէլեան ուժերու շրջուն ջոկատները ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին սահմանին վրայ եւ հսկողութիւնը խստացուցին:

Իսրայէլեան բանակը հիւսիսային շրջաններուն մէջ զետեղեց հսկայ ռատար մը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան սահմանային շրջաններուն քաղաքապետները հրաւիրեց ապահովական անմիջական նիստի մը:

11915_southԼիբանանեան բանակն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց կարգին խստացուցին հսկողութիւնը, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծին շրջակայքը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն երէկ Հըզպալլայէն պահանջեց յստակացումներ ներկայացնել սուրիական հողերուն վրայ իր գոյութեան մասին:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանը կրնայ Արեւմուտքի մէջ իսրայէլեան շահերը հարուածող գործողութիւն մը ըլլալ:

Իսրայէլացի վերլուծաբաններու համաձայն, Ժիհատ Մուղնիէն սպաննելու որոշումը տրուած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ` հիմնուելով պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոնի թելադրանքներուն վրայ:

11915_kabadatՄիւս կողմէ, իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան նախագահ Ամոս Ետլին հաստատեց, որ Հըզպալլա եւ անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պիտի պատասխանեն Հըզպալլայի մարտիկներուն դէմ կատարուած գործողութեան:

Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ Պենի Կանց հաստատեց, որ իսրայէլեան բանակը կրնայ հակադարձել Հըզպալլայի կողմէ կատարուելիք որեւէ յարձակումի` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ մտահոգութիւն ունի իսրայէլեան բանակին կարողութիւններուն մասին:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանի հաղորդումներուն համաձայն, իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցած են հիմնականին մէջ նկատի ունենալով Ապու Ալի Թապթապային, որ Դիմադրութեան ուժերը կը մարզէ Գալիլիա ներխուժելու եւ իսրայէլեան բնակեցման վայրեր գրաւելու համար:

Հակազդեցութեան Ալիք

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ յայտնեց, որ Քնայթրայի գործողութիւնը փաստ մըն է, որ իսրայէլացիները բնաւ չեն փափաքիր Լիբանանը հանգիստ տեսնել` աւելցնելով, որ երկրին կայունութեան առումով արձանագրուած յառաջդիմութիւնը վկայելէ ետք, Իսրայէլ Լիբանանը քանդելու նոր հոլովոյթի մը մէջ կը գտնուի:

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ եւ  խստիւ դատապարտեց Քնայթրայի մէջ Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցած իսրայէլեան ոճրային արարքը:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Ռաատին եւ զգուշացուց հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ գործողութիւն մը կատարելու վտանգներէն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ Քնայթրայի սպանդին կարիք չկար` բացայայտելու համար, թէ Իսրայէլ ահաբեկչութեան մարմնացում է. անոր պատմութիւնը կը վկայէ այդ մասին:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան զգուշացուց Իսրայէլը, որ մնայուն կերպով կը խախտէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ կը սարսափեցնէ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները:

Ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասի յայտնեց, որ իսրայէլեան գոյացութիւնը դարձեալ փաստած է, թէ ինք ահաբեկչութեան ուղղակի հովանաւորն է:

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Կոլանի դէմ գործուած յարձակումը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Դիմադրութեան, անոր ռազմավարութեան եւ տրամադրութեան վրայ: Ան շեշտեց, որ Քնայթրայի նման շրջաններուն մէջ Դիմադրութեան գոյութեան նպատակն է կանխարգիլել Շեպաայի շրջանը երկրորդ Արսալի մը վերածելը, որովհետեւ իսրայէլեան ուժերը կը դիւրացնեն դէպի Կոլան զինեալ խմբաւորումներուն մուտքը:

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Քնայթրայի մէջ Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու իսրայէլեան արարքը կը միտի ուղղակի հարուած հասցնել ներքին լիբանանեան երկխօսութեան:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա ցաւակցութիւն յայտնեց Դիմադրութեան` շեշտելով, որ իսրայէլացին եւ ՏԱՀԵՇ-ականը նոյն դրամին երկու երեսները կը ներկայացնեն:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի դէմ արձանագրուած իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք արաբական հողերու վրայ գործուած են:

Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլին տրուելիք հաւանական պատասխանի մը անդրադառնալով` Հուրի յայտնեց, որ պէտք է նկատի ունենալ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել, թէ Իսրայէլի կողմէ նոր պատերազմ մը կարելի չէ սանձազերծել:

Ղովմի կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան դատապարտեց իսրայէլեան բռնարարքը` շեշտելով, որ Դիմադրութեան դէմ սիոնական ռմբակոծումը ահաբեկչութիւն է եւ վտանգաւոր մագլցում մը, որ ամբողջ շրջանը կրնայ վերածել բոլոր հաւանականութիւններուն դիմաց բաց շրջանի մը:

Թաուհիտ կուսակցութիւնը զգուշացուց Քնայթրայի դէպքին վտանգներէն` շեշտելով, որ այդ յարձակումին դիմաց Դիմադրութիւնը լուռ պիտի չմնայ: Կուսակցութեան նախագահ Ուիամ Ուահապ հաստատեց, որ Իսրայէլ մեծ յիմարութիւն մը գործած է եւ շրջանցած բոլոր կարմիր գիծերը` աւելցնելով, որ ան սուղ պիտի վճարէ իր արարքին համար:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Քնայթրայի յարձակումը` շեշտելով, որ Սուրիոյ ճակատամարտը Իսրայէլին դիմադրելու մէկ մասնիկն է:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ դատապարտեց Քնայթրայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը` ընդգծելով, որ այդ յարձակումը իսրայէլեան կառավարութեան կողմէ գործուած ահաբեկչական քաղաքականութիւն է:

Զարիֆ շեշտեց, որ սիոնական գոյացութեան քաղաքականութիւնը կը միտի շրջանին մէջ ահաբեկչութիւն եւ տագնապներ գրգռել` խանգարելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Ան շեշտեց նաեւ, որ հիւլէական թղթածրարին մասին բանակցութիւնները կը մտահոգեն Իսրայէլը, որուն վարչապետը` Պենիամին Նեթանիահու կը ջանայ նման արարքներով ձախողեցնել այդ բանակցութիւնները:

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց սէյիտ Նասրալլայի. ան խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան ուժերուն գործած ահաբեկչութիւնը` հաստատելով, որ նահատակներուն թափած արիւնով կարելի պիտի ըլլայ ձախողեցնել սիոնականներուն եւ հաւատադրժողական շարժումներուն ծրագիրները:

Իրանեան խորհրդարանի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուժերտի շեշտեց, որ Հըզպալլա իր մարտիկներուն վրէժը լուծելու համար ծանր հարուած մը պիտի հասցնէ իսրայէլեան գոյացութեան:

Պորուժերտի ցաւակցական նամակ մը յղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, որուն յայտնեց, որ նման արարքներ կը միտին տկարացնել Դիմադրութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ նման դէպքեր պիտի երաշխաւորեն Դիմադրութեան գոյութիւնը:

 

Նախորդը

Սայտայի Մէջ Պայթում

Յաջորդը

Շիրակի Մարզպետը Կը Միանայ Գիւմրեցիներու Պահանջին

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի  Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Ժողովի Օրակարգին Վրայ Գտնուող Կէտերուն Մեծամասնութիւնը

Նոյեմբեր 21, 2025
Պըրրի. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` Իրենց Ժամկէտին»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»

Նոյեմբեր 21, 2025
Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ  Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կը Վերահաստատենք Իսրայէլի Հետ Բանակցելու Մեր Պատրաստակամութիւնը»

Նոյեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?