Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԶԱՐԵՀ Շեպաայի եւ Արքուպի վերեւ իսրայէլեան օդուժը կը շարունակէ իր թռիչքները կատարել, իսկ հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին հսկողութիւնը կը շարունակէ խստօրէն գործադրուիլ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Թէյմուր Ժոմպլաթին խորհուրդ տուաւ քաղաքականութեան մէջ մտքով մտածելու եւ ոչ թէ սրտով:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Քնայթրայի գործողութեան դէմ Հըզպալլայի պատասխանը պիտի ուշանայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ ազգային երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի` անկախ Քնայթրայի մէջ կատարուած իսրայէլեան ահաբեկչութենէն:

ԱՐՍԱԼԻ Ուատի Հմայտ շրջանին մէջ զինեալներ առեւանգած են լիբանանցի քաղաքացի Եունես Հուժէյրին: Կարգ մը լրատուական միջոցներ հաղորդեցին նաեւ, որ մեծ թիւով զինեալներ մուտք գործած են Արսալ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Հըզպալլա լուռ պիտի չմնայ իր ղեկավարներն ու մարտիկները թիրախ դարձուցած ահաբեկչութեան ի տես` աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կը ջանայ Կոլանի մէջ գործուած բռնարարքները զսպել:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական եւ տնտեսական առումով: Հանդիպումէն ետք Մուաուատ խստիւ դատապարտեց Քնայթրայի մէջ գործուած իսրայէլեան յարձակումը:

ՍԱՅՏԱՅԻ Շարհապիլ շրջանին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւած են նեխած սննդամթերք, որուն մէջ կը գտնուէին մեծ քանակով գետնախնձոր եւ դդմաճ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆահի յայտնեց, որ Հըզպալլա պիտի չաճապարէ Քնայթրայի գործողութեան պատասխանելու` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուղղուին լիբանանեան երկխօսութեան շրջագիծը ընդլայնելու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը, սուրիացի գաղթականներուն գոյութիւնն ու պետական հաստատութիւններուն արձանագրած բացթողումները երկրին սպառնացող վտանգներ են:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Կոլանի մէջ Հըզպալլայի գոյութեան նպատակն է արգիլել դէպի Լիբանան Ժապհաթ Նուսրայի յառաջխաղացքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Քնայթրայի գործողութիւնը կը փաստէ Հըզպալլայի շարքերուն մէջ ապահովական յստակ խախտումի գոյութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ պատրաստուող փոխըմբռնումի համաձայնագիրին մէջ արձանագրուած են երկու ուժերուն հասարակ յայտարարները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացման մասին լուրերը կը նշանակեն, որ ՏԱՀԵՇ իր ամբողջ ուժով կրնայ հասնիլ Լիբանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հաստատեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ տրուելիք որեւէ պատասխան, ըլլայ ան հարաւային Լիբանանէն թէ Կոլանէն, վտանգի կ՛ենթարկէ Լիբանանն ու լիբանանցիները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի դէմ տրուելիք պատասխանը ծանր պիտի ըլլայ, եւ իսրայէլացիք պիտի հրաժարին նման արկածախնդրութիւններ կատարելէ:

ԻՐԱՆԻ ապահովութեան նախարար Մահմուտ Ալաուի յայտնեց, որ Քնայթրայի դէպքը բացայայտած է Իսրայէլի եւ ահաբեկիչներուն միջեւ գործակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը դատապարտէ արաբական հողերու դէմ գործուած որեւէ յարձակում:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլը պիտի չհանգստանայ եւ պիտի չհանդարտի, այլ պիտի մնայ երկիւղած:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ Հըզպալլա Քնայթրայի գործողութեան պէտք է պատասխանէ սուրիական հողերէն` Լիբանանը հաւանական բռնարարքներէ զերծ պահելու նպատակով:

 

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան Դէպի Համաձայնութիւն Կ՛ուղղուին» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանան Ոչ Մէկ Արկածախնդրութիւն Կրնայ Հանդուրժել»

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը  Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Պիզլի
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Սննդեղէնի Համաշխարհային Ծրագիրը Մնայուն Կերպով Լիբանանի Կողքին Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Պիզլի

Յունուար 28, 2023
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական  Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի  Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Օգնական Լաքրուա Քննարկեց Թիւ 1701 Բանաձեւի Գործադրութեան Մանրամասնութիւնները

Յունուար 28, 2023
Իրլանտայի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Լիբանան
Լիբանանեան

Իրլանտայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Լիբանան

Յունուար 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In