Լիբանանեան բանակը երէկ Պաալպեքի մէջ կատարեց ներխուժումներ, որոնց ընթացքին կատարեց շարք մը ձերբակալութիւններ` դատական իշխանութիւններուն կողմէ տարբեր յանցանքներով ամբաստանուած յանցագործներու:
Ներխուժումներուն ընթացքին արձանագրուեցան ընդհարումներ` պահանջուած յանցագործներուն եւ բանակին միջեւ:
Բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի զինուորներ: