Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պահրէյն Թշնամի Երկիր Չէ» Հաստատեց Վարչապետ Սալամ

Յունուար 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վարչապետ Թամմամ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ

Անցեալ շաբաթավերջին լիբանանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ հսկայ աղմուկ մը բարձրացաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Պահրէյնի մասին կատարուած յայտարարութիւններուն գծով:

Այս առումով, վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ Պահրէյնի մասին կատարուած յայտարարութիւնները Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը չեն արտայայտեր` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ խօսքի ազատութեան եւ անհատական տեսակէտ ունենալու ազատութեան իրաւունքը կը յարգուի, սակայն այդ կեցուածքները պէտք չէ պատճառ դառնան, որ արաբական քոյր երկիրներու հետ լիբանանեան շահերն ու յարաբերութիւնները վնասուին:

Իր կարգին, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ Պահրէյնի մասին սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքները արտաքին գործոց նախարարութեան կամ Լիբանանի կառավարութեան տեսակէտները չեն ներկայացներ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մերժեց Պահրէյնը Իսրայէլի կամ սիոնական գոյացութեան նմանցնելու առումով հնչած կեցուածքները:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նշեց, որ Պահրէյնի մասին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին արտայայտած կեցուածքները լիբանանեան պետութեան տեսակէտը չեն դրսեւորեր` պահանջելով Պահրէյնէն ներում հայցել:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ սէյիտ Նասրալլայի կողմէ իբրեւ հանրապետութեան առաջնորդ վարուելակերպը. ան ներում հայցեց Պահրէյնէն սէյիտ Նասրալլայի վարուելակերպին համար:

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ շեշտեց, որ ամօթալի է իր պատմութեամբ ծանօթ արաբական երկիր մը ներկայացնել իբրեւ Իսրայէլի նմանակը:

Միւս կողմէ, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժեր շեշտեցին, որ սէյիտ Նասրալլա Պահրէյնի մասին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին չյստակացուց, որ այդ կեցուածքը լիբանանեան պետութեան պաշտօնական կեցուածքն է:

 

Նախորդը

Ռիֆի Ընդունեց Իսլամական Բանտարկեալներուն Ընտանիքները

Յաջորդը

Քաակ Հասաւ Պէյրութ

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?