Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 20, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց սննդանիւթի առողջապահութեան վերաբերող նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մաղթեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ Զահլէի մէջ սիմենթի գործարան մը հաստատելու արտօնագիրը չեղեալ նկատեն:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերու ընդհանուր ներկայացուցիչ Ճեֆրի Ֆելթման Լոնտոնի մէջ հանդիպում ունեցած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ անոր խորհուրդ տուած Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող կարգ մը փիլիսոփաները չլսելու: Ֆելթման շեշտեց, որ Ուաշինկթըն Հըզպալլան կը նկատէ Լիբանանի մէջ կայունութեան ազդակ մը:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ Ժապալ Մըհսենը թիրախ դարձնող զոյգ պայթումները արտաքին կողմերէ կատարուած էին եւ ոչ թէ Թրիփոլիի բնակչութեան կողմէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Այն Հելուէի գաղթակայանին հարցը կը սերտուի` առանց զինուորական գործողութիւններու դիմելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Սիասա» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի մէջ գտնուող արաբական եւ արեմտեան երկիրներու դեսպանատուներուն շուրջ ապահովական միջոցառումները խստացած են` նկատի ունենալով այդ կառոյցներուն դէմ գործուելիք անձնասպանական գործողութիւններուն հաւանականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է ապահովական լուրջ ցնցումներու` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ժամուան ընթացքին պէտք է ապահովական ցնցումներ եւ միջադէպեր ստեղծել:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը զգուշացնեն լիբանանեան բանակին դէմ հաւատադրժողական ուժերուն կողմէ գործադրուելիք ահաբեկչական գործողութիւններէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Այն Հելուէի մէջ տիրող կացութիւնը պիտի չբարդանայ այն աստիճան, որ անիկա հասնի լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն հետ զինուորական բախումի:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, սիւննի-շիի երկխօսութիւնը չի միտիր նախագահական ընտրութիւն կատարելու հարցը լուծել:

 

Նախորդը

«Իւրաքանչիւր Ոք Իրաւունք Ունի Ուրիշին Կրօնը Վարկաբեկելու» Կ՛ըսէ Քամերոն

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր Յայտարարեց Առողջապահական Չափանիշներ Չամբողջացնող Սննդեղէն Վաճառող Նոր Ճաշարաններու Անուններ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.