
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի նախանցեալ օր պաշտօնապէս աւարտեց իր առաքելութիւնը եւ մեկնեցաւ Լիբանանէն` հաստատելով, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը պիտի օժանդակէ ապահովական վտանգներուն դէմ դնելու:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր ներկայացուցիչն է Սիկրիտ Քաակը, որ շաբաթ օր հասաւ Պէյրութ: