Լիբանանեան

Լիբանանեան Բանակը Վնասազերծած Է  Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Լիբանանեան Բանակը Վնասազերծած Է Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Արսալի Այն Շաապ շրջանին մէջ գտած է «Քիա» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն ականուած ըլլալուն մասին կասկածներ ունեցած է: «Բանակը շրջափակած է շրջանը, եւ ստուգումներ կատարելէ ետք ի յայտ եկած է, որ ինքնաշարժը ականուած է 25 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթով: Բանակի սակրաւորները անմիջապէս վնասազերծած են ականը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Սինիորա. «Լիբանանցիներուն Կեանքը Կարելի Չէ Վտանգի Ենթարկել Շրջանային Օրակարգեր Գործադրելու Համար»

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ փաստերու պէտք չկայ համոզուելու համար, թէ Իսրայէլ թշնամի երկիր է եւ թէ Լիբանանը ահաբեկչութեամբ հարուածելու իմաստով ոչ մէկ առիթ կը խնայէ` բռնագրաւուած պահելով լիբանանեան հողերը եւ շահագործելով պաղեստինցիներուն իրաւունքները, ինչպէս նաեւ հրէականացնելով արաբական հողերը: Անդրադառնալով Քնայթրայի միջադէպին` Սինիորա յայտնեց, որ թշնամի Իսրայէլին դրդապատճառներ չեն պակսիր` Լիբանանի դէմ յարձակում գործելու առումով եւ աւելցուց, որ պէտք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ին, ներկայ պիտի գտնուի Քնայթրայի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու ժողովրդային ձեռնարկի մը: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ տեղեկագիրներու համաձայն, տասը հոգի հաշուող խմբակ մը նախանցեալ երեկոյեան հարաւային Լիբանանի Մալիքիէ գիւղաքաղաքէն մուտք գործած է Իսրայէլ, ուր զետեղած է ական մը եւ վերադարձած լիբանանեան հողեր: ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին մօտակայքը լսուած են  պայթումներ, որոնք Կոլանի բարձունքներուն մէջ...

Զօր. Քահուաժի  Ուղղուեցաւ Արսալ

Զօր. Քահուաժի Ուղղուեցաւ Արսալ

Զօր. Քահուաժի` շրջապատուած բարձրաստիճան զինուորականներով Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Արսալ եւ Ուատի Հմայտի ու Ուատի Հոսընի մէջ ստուգեց լիբանանեան բանակին յառաջապահ դիրքերը: Զօր. Քահուաժի դրուատեց արեւելեան լեռնաշղթային եւ Լապուէի մէջ դիրքաւորուած բանակայիններն ու անոնց մնայուն զոհողութիւնները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ արգիլել ահաբեկիչներուն ապօրինի մուտքը Լիբանան, ինչպէս նաեւ կարելի եղաւ մեկուսացնել զանոնք: «Բանակը կառչած...

Պըրրի. «Քնայթրայի Գործողութիւնը  Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ  Երկխօսութեան Վրայ Ոչ Մէկ  Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ»

Պըրրի. «Քնայթրայի Գործողութիւնը Հըզպալլայի Եւ Մուսթաքպալ Հոսանքին Միջեւ Երկխօսութեան Վրայ Ոչ Մէկ Ազդեցութիւն Պիտի Ունենայ»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց իսրայէլեան բռնարարքները, որոնք գործուեցան Դիմադրութեան մարտիկներուն դէմ` ընդգծելով, որ այդ յարձակումը ուղղակիօրէն կը դրսեւորէ Իսրայէլի թշնամական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ընտրական հաշիւները: Պըրրի շեշտեց, որ Իսրայէլ ռազմավարական սխալ մը գործած է` աւելցնելով, որ կրակով խաղալ...

Դիմադրութեան Նահատակներուն  Մարմինները Ղազիէի  Եւ Այն Քանայի Մէջ Յանձնուեցան Հողին

Դիմադրութեան Նահատակներուն Մարմինները Ղազիէի Եւ Այն Քանայի Մէջ Յանձնուեցան Հողին

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը երէկ Ղազիէի եւ այն Քանայի մէջ հողին յանձնեց Քնայթրայի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին թիրախ դարձած իր նահատակներուն մարմինները: Ղազիէի մէջ Ապպաս Իպրահիմ Հիժազի եւ անոր հայրը, որ մահացած էր իր զաւկին նահատակութեան գոյժէն ժամեր ետք, յանձնուեցան հողին: Անոնց յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ, ինչպէս նաեւ յուղարկաւորներու հոծ բազմութիւն մը: Այն Քանայի մէջ կատարուեցաւ Հըզպալլայի նահատակ մարտիկ Մոհամետ...

Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամատան Միջեւ  Վարկաւորումի Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

Լիբանանի Եւ Միջազգային Դրամատան Միջեւ Վարկաւորումի Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

Համաձայնագիրներու ստորագրութեան արարողութենէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամի հովանաւորութեամբ երէկ վարչապետարանին մէջ ստորագրուեցան վարկաւորումի երկու համաձայնագիրներ` Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ: Այդ համաձայնագիրներէն առաջինը պիտի յատկացուի Պըսրիի մէջ ամբարտակ մը կառուցելու` Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան ըմպելի ջուր ապահովելու, ինչպէս նաեւ ջրելեկտրակայաններ հիմնելու ծրագիրին, իսկ երկրորդը` ելեւմուտքի հոլովոյթի տնօրինման բարեկարգումին: Ստորագրուած առաջին համաձայնագիրը կ՛ընդգրկէ 474 միլիոն տոլարի վարկ մը, իսկ...

Պասիլ Քաակի Հետ Քննարկեց  Այթա Շաապի Իսրայէլեան  Յարձակումին Մանրամասնութիւնները

Պասիլ Քաակի Հետ Քննարկեց Այթա Շաապի Իսրայէլեան Յարձակումին Մանրամասնութիւնները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց Այթա Շաապի մէջ լիբանանեան բանակի մէկ դիրքին դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած յարձակումին մանրամասնութիւնները: Պասիլ յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քաակի պիտի տրամադրէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ այդ միջադէպին մասին, որպէսզի կարելի ըլլայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ բողոքել:

Զօր. Աուն – Ժահժահ Հանդիպումը  Որեւէ Ատեն Կրնայ Տեղի Ունենալ

Զօր. Աուն – Ժահժահ Հանդիպումը Որեւէ Ատեն Կրնայ Տեղի Ունենալ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպումը հաւանաբար տեղի ունենայ յաջորդ շաբթուան ընթացքին: Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Ժահժահի եւ զօր. Աունի միջեւ հանդիպումը որեւէ ատեն կրնայ կատարուիլ: Ան աւելցուց, որ այդ հանդիպումին մասին կանխաւ տեղեկութիւններ պիտի չբացայայտուին:

Ժապալ Մըհսենի Մէջ.  Լիբանանեան Ուժեր Ցաւակցութիւն  Կը Յայտնեն Շէյխ Ասատ Ասիի

Ժապալ Մըհսենի Մէջ. Լիբանանեան Ուժեր Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն Շէյխ Ասատ Ասիի

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ֆատի Քարամի, երէկ ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն, ցաւակցութիւն յայտնելու վերջերս արձանագրուած զոյգ պայթումներուն պատճառած նահատակներուն ընտանիքներուն: Պատուիրակութիւնը ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի` նշելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը ցաւակցի Ժապալ Մըհսենի եւ կը դատապարտէ պայթումները: Քարամ ցաւակցութիւն յայտնեց Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն` շեշտելով, որ այլեւս լիբանանցիներուն...

Ֆրենժիէ. «Դիմադրութիւնը  Կ՛որոշէ Իսրայէլին  Պատասխանելու Վայրն Ու Ժամանակը»

Ֆրենժիէ. «Դիմադրութիւնը Կ՛որոշէ Իսրայէլին Պատասխանելու Վայրն Ու Ժամանակը»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Դիմադրութեան` Իսրայէլի դէմ անոր պայքարին մէջ, աւելցնելով, որ Դիմադրութիւնը կ՛որոշէ Իսրայէլին պատասխանելու վայրն ու ժամանակը: «Մենք Դիմադրութեան նեցուկ կը կանգնինք անոր առնելիք որեւէ քայլին պարագային», ըսաւ Ֆրենժիէ` նշելով, որ ներքին լիբանանեան երկփեղկումը կը ծառայէ թշնամիին շահերուն, եւ «Դիմադրութիւնը այս առումով արթուն է»:    

Մուսթաքպալ Պլոքը Դատապարտեց  Քնայթրայի Յարձակումը

Մուսթաքպալ Պլոքը Դատապարտեց Քնայթրայի Յարձակումը

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Սամիր Ժսըրի: Նիստէն ետք երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը դատապարտած է Քնայթրայի մէջ Հըզպալլայի դէմ գործուած իսրայէլեան ահաբեկչութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա արաբական հողերու դէմ գործուած յարձակում է: Մուսթաքպալ հաստատեց, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովութիւնը առաջնահերթութիւն է` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է զայն պահպանել: Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ Հըզպալլա միջազգային...

Շեհայէպ Ալէյի Մէջ Կը Փակէ  Ծոթրինի Գործարան Մը

Շեհայէպ Ալէյի Մէջ Կը Փակէ Ծոթրինի Գործարան Մը

Երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ կարմիր մոմով փակել տուաւ Ալէյի մէջ գտնուող Հասամ Քասեմ Իպրահիմի ծոթրինի արտադրութեան գործարանը` նկատի ունենալով, որ անիկա առողջապահական նուազագոյն չափանիշները չէր ամբողջացներ: Այս մասին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Շեհայէպ յայտնեց, որ ծոթրինն ու աղբը իրարու խառնուած են այնպիսի ձեւով մը, որ կարելի չէ զանոնք իրարմէ բաժնել: Նախարարը ընդգծեց, որ քննութիւն կատարելէ ետք ի յայտ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի երկուշաբթի, 26 յունուարին: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Քաթարի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղեց քաղաքական անձնաւորութիւններուն համախոհութիւն գոյացնելու հանրապետութեան նախագահի թեկնածուին շուրջ` աւելցնելով, որ Քաթարի լիբանանեան գաղութը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Ցաւակցութիւն Յայտնեց Հըզպալլային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Հըզպալլային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը երէկ յետմիջօրէին այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Քնայթրայի շրջանին մէջ իսրայէլեան յարձակման պատճառով ինկած Հըզպալլայի վեց նահատակներուն համար: Ցաւակցութիւնը ընդունեցին Հըզպալլայի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ, նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

Արապսալիմ, Եոհմոր Շքիֆ Եւ Խիամ  Դիմաւորեցին Հըզպալլայի  Նահատակներուն Աճիւնները

Արապսալիմ, Եոհմոր Շքիֆ Եւ Խիամ Դիմաւորեցին Հըզպալլայի Նահատակներուն Աճիւնները

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը երէկ շարունակեց հողին յանձնել Սուրիոյ Քնայթրա շրջանին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձած իր ղեկավարներն ու պատասխանատուները: Հարաւային Լիբանանի Արապսալիմ շրջանին մէջ Մոհամետ Ահմետ Իսա, ծանօթ իբրեւ Ապու Իսա, յանձնուեցաւ հողին` ներկայութեամբ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն, որոնց շարքին էին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին, փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ եւ շարք մը այլ ղեկավարներ,...

Պըրրի. «Պեքաայի Ապահովական  Ծրագիրը Պիտի Գործադրուի»

Պըրրի. «Պեքաայի Ապահովական Ծրագիրը Պիտի Գործադրուի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի, ինչպէս բոլոր շրջաններուն մէջ: Ան հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերն ու բանակը Պեքաա պիտի չուղղուին պտոյտի նպատակով, այլ` անոնք հոն պիտի հաստատուին մինչեւ բոլոր յանցագործներուն ձերբակալումը: Պըրրի նշեց, որ ոչ մէկ յանցագործ պաշտպանելու նպատակով քայլերու պիտի դիմուի եւ Պեքաայի մէջ ապահովական ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի փաստէ օրէնքի ենթակայ քաղաքացիին...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումը  Կը Դատապարտէ Քնայթրայի Մէջ  Գործուած Յարձակումը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կը Դատապարտէ Քնայթրայի Մէջ Գործուած Յարձակումը

Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան համախմբումին անունով դատապարտեց Քնայթրայի մէջ Հըզպալլայի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Հըզպալլային եւ նահատակներուն ընտանիքներուն: Քանաան յայտնեց, որ այդ յարձակումը լիբանանեան պետութեան դէմ գործուած յարձակում մըն է եւ ցոյց կու...

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց  Ապի Ռամիան Եւ Չինաստանի Դեսպանը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Ապի Ռամիան Եւ Չինաստանի Դեսպանը

Ապի Ռամիա եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հարուածած վերջին ձիւնամրրիկին պատճառած վնասները եւ Ժիպէյլի երկրագործներուն պահանջները: Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի հետ եւ անոր թելադրանքով այցելած է վարչապետին ու խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի կարելի ըլլայ քաղաքացիներուն...

Միշել Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Դիմագրաւելու  Երկխօսութեան Դէմ Ծառացող Վտանգները

Միշել Սլէյման Կոչ Կ՛ուղղէ Դիմագրաւելու Երկխօսութեան Դէմ Ծառացող Վտանգները

Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդգծեց երկխօսութեան դէմ ծառացող վտանգները դիմագրաւելու կարեւորութիւնը` նշելով, որ այդ վտանգները դրսեւորուին իբրեւ Լիբանանի մէջ գործուած ահաբեկչութիւններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն դուրս լիբանանցիներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքներ: «Լիբանանեան գերագոյն շահերը կը պահանջեն շրջանցել ներքին լարուածութեան եւ երկփեղկումի սրումի որեւէ փորձ», ըսաւ ան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած միասնականութիւնը կը ծառայէ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին,...

Page 979 of 985 1 … 978 979 980 … 985

Արխիւներ