Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիֆի Ընդունեց Իսլամական Բանտարկեալներուն Ընտանիքները

Յունուար 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիֆի` իսլամական բանտարկեալներու ընտանիքներուն հետ
Ռիֆի` իսլամական բանտարկեալներու ընտանիքներուն հետ

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց իսլամական բանտարկեալներուն ընտանիքներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան յայտնեց, որ անկարելի է սուրիական վարչակարգին ձգած երեսուն տարուան սխալները երեք ամսուան մէջ սրբագրել` աւելցնելով, որ անիկա ժամանակի եւ պետութեան կողմէ ի գործ դրուելիք մեծ ջանքերու կը կարօտի:

Ան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է անոնց զաւակներուն թղթածրարները մանրամասնութեամբ ուսումնասիրելու` աւելցնելով, որ ինք պիտի ջանայ իսլամական բանտարկեալներուն համար իրենց ընտանիքներուն այցելութիւնները ապահովել:

Ռիֆի հաստատեց, որ իսլամական բանտարկեալներուն դատավարութիւնները երկու ամիսէն պիտի աւարտին` աւելցնելով, որ զանոնք Ռումիէի բանտի Դ. մասնաշէնք փոխադրելու քայլը ժամանակաւոր է:

Ան դիտել տուաւ, որ բանտերուն մէջ պիտի հաստատուին հեռաձայնային սովորական հաղորդակցութեան յատուկ հեռախօսներ, որպէսզի բանտարկեալները կարենան իրենց հարազատներուն հետ կապ պահել` աւելցնելով, որ այդ դասաւորումը կ՛իյնայ բանտին համար որդեգրուած օրինաւոր դասաւորումներուն շարքին:

Ռիֆի ընտանիքներուն վստահեցուց, որ անոնց զաւակներուն հետ յարաբերութիւնը մարդկային չափանիշներով կը կատարուի` շեշտելով, որ անոնք այսօրուընէ սկսեալ պիտի ընդունին բժշկական պատուիրակութիւններու այցելութիւններ, որոնց նպատակն է հսկել արգելափակեալներուն առողջութեան:

Միւս կողմէ, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Ռումիէ բանտին մէջ գործադրուած ապահովական ծրագիրը, որուն լոյսին տակ ներքին ապահովութեան ուժերը ներխուժած էին բանտ եւ յարձակած անզէն բանտարկեալներուն վրայ:

Նշենք սակայն, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին Բ. մասնաշէնքին վերանորոգումէն ետք, իսլամական բանտարկեալները պիտի փոխադրուին այդ շէնքը, ուր մարդկային պայմաններ պիտի տիրեն:

Մաշնուք յայտնեց, որ այդ շէնքին նորոգութիւնը պիտի սկսի այսօր` աւելցնելով, որ իսլամական բանտարկեալներուն Բ. մասնաշէնք վերադարձը պիտի ապահովուի երեք հանգրուանով` 1 մարտին, 1 ապրիլին եւ  մայիսին:

Նախորդը

Հարիրի – Ժիրօ Հանդիպում

Յաջորդը

«Պահրէյն Թշնամի Երկիր Չէ» Հաստատեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս  Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»
Լիբանանեան

Միքաթի. «Կառավարութիւնը Կատարելապէս Կը Գործադրէ Իր Պարտաւորութիւնները»

Մարտ 24, 2023
Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան  Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը
Լիբանանեան

Ռամատանի Ամիսը Սկսելու Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Մարտ 24, 2023
Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին
Լիբանանեան

Պըրրի Ռամատանի Առիթով Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Ընդունեց Խարազին

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In