Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ցաւակցութեան Նպատակով Ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն

Յունուար 19, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

11815_assi_rayiՄարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Ժապալ Մըհսեն` անցեալ շաբթուան ընթացքին արձանագրուած զոյգ պայթումներուն պատճառած նահատակներուն ընտանիքներուն ցաւակցելու նպատակով:

Ռայի պատրիարքը ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի` նշելով, որ ինք մարոնի եկեղեցւոյ եւ եպիսկոպոսներուն անունով ցաւակցութիւն կը յայտնէ Ժապալ Մըհսենի մէջ արձանագրուած նահատակներուն համար` ընդգծելով միաժամանակ, որ իրենք խոր յարգանք կը տածեն Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն հանդէպ, յատկապէս երբ մտաբերեն, թէ անոնք այդ դժուար պայմաններուն մէջ ինչպէ՛ս ինքնազսպումի ենթարկուեցան եւ սադրանքներու ու չարիքի հուրը մարեցին:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ Թրիփոլիին ու Լիբանանին խաղաղութիւն վերադարձնելու առաքելութիւնը պէտք է Աստուծոյ վստահիլ եւ ողջունեց Թրիփոլիի բոլոր հեղինակութիւնները, որոնք նեցուկ կանգնեցան Ժապալ Մըհսենին:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց պետութեան բարգաւաճեցնելու Թրիփոլին:

Ան դրուատեց Լիբանանի կառավարութիւնը եւ անոր բոլոր աշխատանքները, յատկապէս ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած քայլերը` ապահովելու համար Լիբանանի ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը:

«Լիբանանցիները պէտք է համոզուին, որ մեր բոլորին կեանքը կրնան երաշխաւորել միայն ապահովութեան ուժերն ու բանակը», ըսաւ ան` ողջունելով Լիբանանի համար իր կեանքը զոհած իւրաքանչիւր նահատակի յիշատակը:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց նաեւ, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակուին, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ առեւանգուած բանակայինները տուն վերադառնան:

Իր կարգին, շէյխ Ասի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը կ՛ամոքէ Ժապալ Մըհսենի վէրքերը` նշելով, որ այդ այցելութիւնը բարոյականութեան ու մարդկօրէն վարուելու գագաթնակէտն է:

Ան մաղթեց նաեւ, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակուին` ողջունելով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի իրագործած նուաճումները:

Նշենք, որ շաբաթավերջին շէյխ Ասատ Ասի եւ նահատակներուն ընտանիքները շարունակեցին ցաւակցութիւններ ընդունիլ:

Ցաւակցութիւն յայտնեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէն, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Խտըր Հապիպն ու Քազեմ Խէյրը, որոնք ցաւակցութիւն յայտնեցին նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի անունով եւ մաղթեցին, որ Թրիփոլին խաղաղութեան ու հաշտութեան մթնոլորտի մէջ ապրի:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթն Ու Ապու Ֆաուրը

Յաջորդը

Այթա Շաապի Մէջ . Լիբանանեան Բանակի Կեդրոնին Դէմ Արցունքաբեր Ռումբեր Կ՛արձակուին

RelatedPosts

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը
Լիբանանեան

Ֆրենժիէ Մեկնեցաւ Ֆրանսա, Իսկ Պետական Պաշտօնեաները 60 Հազար Լ. Ոսկիի Հիման Վրայ Սկսան Գանձել Իրենց Աշխատավարձերը

Ապրիլ 1, 2023
Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

Ապրիլ 1, 2023
Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի  Երանացման Ուղիին Վրայ
Լիբանանեան

Ըսթֆեն Տուէյհի Պատրիարքը Կը Գտնուի Երանացման Ուղիին Վրայ

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In