Լիբանանեան

Գահիրէի Մէջ. Սուրիացի Իրաւաբաններ Կը Խոշտանգեն Իրաւաբաններու Լիբանանեան Պատուիրակութեան Անդամները

Գահիրէի մէջ տեղի ունեցող Արաբ իրաւաբաններու համադաշնակցութեան 23-րդ խորհրդաժողովին մասնակցող իրաւաբաններու լիբանանեան պատուիրակութեան անդամները երէկ խոշտանգուեցան սուրիացի իրաւաբաններուն կողմէ: Դէպքը պատահեցաւ, երբ Մուսթաքպալ հոսանքի իրաւաբաններու աշխատանքը համակարգող իրաւաբան Ֆատի Սաատ իր խօսքը կ՛արտասանէր` ահաբեկչական հարցերու յատուկ յանձնախումբի ժողովին ընթացքին: Մուսթաքպալ հոսանքի իրաւաբանները խստիւ դատապարտեցին այս դէպքը եւ Արաբ իրաւաբաններու համադաշնակցութենէն պահանջեցին այս իմաստով յստակ կեցուածք որդեգրել ու խորհրդաժողովէն հեռացնել Ասատի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, ինչպէս նաեւ մարոնի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք կը մաղթեն, որ Լիբանանի մէջ անմիջապէս նախագահական ընտրութիւն կատարուի` աւելցնելով, որ պահանջուածը այն է, որ երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան իրավիճակի մէջ ըլլալու որոշումը ըլլայ լիբանանեան իշխանութիւններուն որոշումը:...

Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Հոսանք  Երկխօսութիւնը Կը Շարունակուի

Հըզպալլա – Մուսթաքպալ Հոսանք Երկխօսութիւնը Կը Շարունակուի

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ սկսած երկխօսութեան երրորդ նիստը, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ ներքին անվտանգութիւնը հաստատող ազգային որոշումները պահպանելու կարեւորութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկու կողմերը քննարկած են անցնող շաբթուան ընթացքին երկրին մէջ տիրած քաղաքական ու ապահովական իրավիճակը եւ անոնց վրայ երկխօսութեան ունեցած դրական...

Պըրրիի Այցելուները Կ՛ընդգծեն  Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ  Երկխօսութեան Կարեւորութիւնը

Պըրրիի Այցելուները Կ՛ընդգծեն Քաղաքական Ուժերուն Միջեւ Երկխօսութեան Կարեւորութիւնը

Սալամէ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ելեւմտական եւ տնտեսական առումով: Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններ Էլի Քէյրուզ եւ Անթուան Զահրա: Հանդիպումէն ետք Զահրա յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ կատարուած...

Բանակը Կը Ձերբակալէ  Յանցագործներ Եւ Կը Գրաւէ Զէնքեր

Բանակը Կը Ձերբակալէ Յանցագործներ Եւ Կը Գրաւէ Զէնքեր

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Տըտտէի մէջ գրաւեց մեծ քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք: Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը երէկ Հարեթ Հրէյքի մէջ ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացի Ժուան Ֆաուզի Ահմետը, որ Նաամէի մէջ 8 հոկտեմբեր 2014-ին լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատի մը դէմ յարձակած էր եւ կրակ բացած անոր վրայ: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն...

Վարչապետ Սալամ  Ընդունեց Տերեք Փլամպլին

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Տերեք Փլամպլին

Փլամպլի եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ ամրապնդուած յարաբերութիւնները հիմքը կը կազմեն Լիբանանի մէջ իրենց աշխատանքին: «Վարչապետ Սալամին շնորհակալութիւն յայտնեցի լիբանանեան պետութեան եւ կառավարական բոլոր հաստատութիւններուն կողմէ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութեան առիթով», ըսաւ ան: Փլամպլի...

Ղաթթաս Խուրի Շարունակեց  Իր Վկայութիւնները  Միջազգային Դատական Ատեանին Մէջ

Ղաթթաս Խուրի Շարունակեց Իր Վկայութիւնները Միջազգային Դատական Ատեանին Մէջ

Ղաթթաս Խուրի Նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի երէկ շարունակեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մէջ իր վկայութիւնները` շեշտելով, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի կը մտածէր, որ ինք սուրիական ապահովական վարչակարգին թիրախ է` աւելցնելով, որ ան վարչապետի իր պաշտօնէն հրաժարեցաւ, երբ իմացաւ, որ սուրիական վարչակարգին հետ փոխըմբռնումը անհաւանական է եւ գրեթէ անկարելի: Նշենք, որ լիբանանեան խորհրդարանին ընդհանուր քարտուղարութիւնը երէկ կատարեց յստակացում մը,...

Կլիման Կը Շարունակէ Մնալ Անձրեւոտ

Կլիման Կը Շարունակէ Մնալ Անձրեւոտ

Պէյրութի օդերեւութաբանական գրասենեակին համաձայն, այսօր կլիման պիտի շարունակէ մնալ անձրեւոտ, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ: Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ ջերմաստիճանը պիտի մնայ կայուն, իսկ ձիւն պիտի տեղայ ծովուն մակերեսէն 1300 մեթր բարձրութեան վրայ: Կը նախատեսուի, որ լեռնային շրջաններուն ճամբաները սառցակալին: Միւս կողմէ, երէկ Թարշիշ-Զահլէ ճամբան մնաց փակ` տեղացած առատ ձիւնին պատճառով: Շեպաա-Հասպայա շրջան կրցան մուտք գործել միայն այն ինքնաշարժները, որոնք իրենց...

Միշել Սլէյման. «Ժամանակն Է Լիբանանի  Ինքնութիւնը Հաստատելու  Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու»

Միշել Սլէյման. «Ժամանակն Է Լիբանանի Ինքնութիւնը Հաստատելու Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու»

Զօր. Միշել Սլէյման Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ողջունեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք ընդգծեցին, թէ այդ հաստատութիւնները պատրաստ են զոհողութիւններ կատարելու` պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու համար բոլոր լիբանանցիներուն սպառնացող ահաբեկչութեան դէմ: Սլէյման շեշտեց, որ Արսալի, Թրիփոլիի թէ այլ շրջաններու մէջ իրականացուած ապահովական նուաճումները ողջունելի են` նկատի ունենալով, որ անոնք ձախողութեան մատնած են ներքին լիբանանեան միասնականութեան...

Միքաթի. «Ներքին Երկխօսութեան  Շրջագիծին Մէջ Անհրաժեշտ Է Նախագահական  Ընտրութեան Շուրջ Համախոհութիւն Գոյացնել»

Միքաթի. «Ներքին Երկխօսութեան Շրջագիծին Մէջ Անհրաժեշտ Է Նախագահական Ընտրութեան Շուրջ Համախոհութիւն Գոյացնել»

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց երաշխաւորելու ներքին լիբանանեան երկխօսութեան յատուկ ենթահող մը, որ կ՛արտօնէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Միքաթի բարձր գնահատեց կատարուած երկխօսութիւնը` շեշտելով, որ անիկա կը նպաստէ ներքին լիբանանեան լարուածութեան մեղմացման: Ան ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը եւ ողջունեց զանոնք` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անոնց առաքելութիւնը լաւագոյն կերպով կատարելու անոնց ճիգերուն համար:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Լիբանան ենթակայ է դաւադրութիւններու եւ մարտահրաւէրներու` կոչ ուղղելով ամրապնդելու լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը` դիմագրաւելու համար այդ բոլոր վտանգներն ու սպառնալիքները: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին: ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ...

Քաղաքապետարաններուն Տրամադրուելիք  Յատկացումներու Թղթածրարին Քննարկումը  Յետաձգուեցաւ Կառավարութեան Յաջորդ Նիստին

Քաղաքապետարաններուն Տրամադրուելիք Յատկացումներու Թղթածրարին Քննարկումը Յետաձգուեցաւ Կառավարութեան Յաջորդ Նիստին

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ վերահաստատած է նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը` նպաստելու համար պետական հաստատութիւններու աշխատանքին եւ պետութեան աշխուժացման հոլովոյթին: Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ բարձր գնահատեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու...

Լիբանանեան Բանակը Արսալի Մէջ  Վնասազերծեց Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Լիբանանեան Բանակը Արսալի Մէջ Վնասազերծեց Ականուած Ինքնաշարժ Մը

Լիբանանեան բանակը երէկ երեկոյեան Արսալի Այն Շաապ գիւղաքաղաքին մէջ բացայայտեց «Մերսետես» տիպի ականուած ինքնաշարժ մը, որ 120 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ կը կրէր: Բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին ականուած ինքնաշարժը: Միւս կողմէ, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ձախողեցուց Լիբանանի մէջ գործուելիք անձնասպանական շարք մը գործողութիւններ: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց Պասսամ Հուսամ Նապուշը, Էլի Թոնի Ուարաքը եւ Մուհաննատ Ալի Մոհամետ Ապտել Քատերը, որոնք կը...

Մաշնուք Այցելեց  Ռայի Պատրիարքին

Մաշնուք Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Հպէյշ, Մաշնուք եւ Ռայի պատրիարքը Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Մաշնուքին ընկերակցեցաւ նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին հետ կատարելապէս համաձայն է` նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան իմաստով: Ներքին գործոց նախարարը նշեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած է երկրին ապահովական...

«Շրջանային Ուժեր Եւ Ուաշինկթըն  Համոզուած Են, Որ Թուրքիա  Նեցուկ Կը Կանգնի ՏԱՀԵՇ-ին»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Շրջանային Ուժեր Եւ Ուաշինկթըն Համոզուած Են, Որ Թուրքիա Նեցուկ Կը Կանգնի ՏԱՀԵՇ-ին» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Հասան Նասրալլա Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի պարագային պիտի պատասխանէ ոչ միայն Գալիլիա մուտք գործելով, այլեւ` Գալիլիայէն ալ անդին երթալով: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ որեւէ յարձակում Դիմադրութեան դէմ յարձակում կը նկատուի եւ կարելի չէ անպատասխան ձգել զայն: Այս շրջագիծին մէջ,...

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Տրամադրուած  Սէուտական Զոյգ  Օժանդակութիւնները Ճիշդ Հունի Մէջ Են»

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Տրամադրուած Սէուտական Զոյգ Օժանդակութիւնները Ճիշդ Հունի Մէջ Են»

Զինուորական կցորդներուն հետ հանդիպումէն պահ մը Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական զոյգ օժանդակութիւնները ճիշդ հունի մէջ են` աւելցնելով, որ անոնց շնորհիւ լիբանանեան բանակը պիտի ստանայ արդի զէնք եւ զինամթերք: Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ իրենք ֆրանսական իշխանութիւններուն հետ արդէն իսկ վերջնական համաձայնագիր ստորագրած են, եւ կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային բանակը ստանայ յարմար...

Ապու Սաապ Յայտարարեց  Պետական Քննութեան Թուականները

Ապու Սաապ Յայտարարեց Պետական Քննութեան Թուականները

Էլիաս Ապու Սաապ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ վարչապետարանէն յայտարարեց պետական քննութիւններուն թուականները: Ապու Սաապ շեշտեց, որ 2015-ի պետական քննութիւններուն շրջագիծին մէջ պրէօվէի քննութիւնները պիտի սկսին 5 յունիսին, իսկ պաքալորէայի քննութիւնները` 10 յունիսին: Անդրադառնալով արհեստից վարժարաններու քննութիւններուն` Ապու Սաապ շեշտեց, որ այդ դպրոցներուն պարագային կիրարական քննութիւնները պիտի կատարուին 11 մայիսին, իսկ գրաւոր քննութիւնները` 22 յունիսին:

Ղաթթաս Խուրի Իբրեւ Վկայ  Ներկայացաւ Միջազգային Դատական Ատեան

Ղաթթաս Խուրի Իբրեւ Վկայ Ներկայացաւ Միջազգային Դատական Ատեան

Ղաթթաս Խուրի Նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի երէկ իբրեւ վկայ ներկայացաւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեան, ուր հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ամէնուր քաղաքականութիւն է, նոյնիսկ բժիշկներու սենտիքային կամ օդին մէջ: Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի իրեն առաջարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրել` աւելցնելով, որ 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Պէյրութի մէջ Հարիրիի գլխաւորած բոլոր ցանկերը յաջողութիւն արձանագրեցին: Խուրի շեշտեց, որ Հարիրիի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ շրջանին մէջ ծայրայեղականներն ու ծայրայեղականութիւնը տապալելու միակ միջոցը չափաւորականութիւնն է: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց,...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց  Առեւանգուած Բանակայիններուն  Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Առեւանգուած Բանակայիններուն Վերաբերող Նիստի Մը

Առեւանգուած բանակայիններուն հարցը հետապնդող յանձնախումբի նիստէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար...

Page 981 of 985 1 … 980 981 982 … 985

Արխիւներ