Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ սկսած են շօշափել յստակ փոփոխութիւններ` առողջապահական չափանիշները ամբողջացնող սննդեղէնի առումով, նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով ճաշարաններ իրենց վաճառած սննդեղէնին մասին կը կատարեն անհրաժեշտ քննութիւնները, որոնց արդիւնքները լաւ դուրս կու գան:
Ան ողջունեց ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարները, որոնք առաւելագոյն չափով գործակցեցան առողջապահութեան նախարարութեան հետ` յաջողցնելու համար այս արշաւը:
Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ առողջապահական չափանիշներ ամբողջացնող սննդեղէնի արշաւը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ կարգ մը այլ ճաշարաններ տակաւին չեն ամբողջացներ առողջապահական չափանիշները:
Այս շրջագիծին մէջ Ապու Ֆաուր կարդաց ճաշարաններու նոր անուանացանկ մը.
«Մզար»` Սատ Պաուշրիէ, «Մազաթ»` Մքալլես, «Սնաք Յարութ»` Համրա, «Կրանտ Քաֆէ»` Կեդրոնական Պէյրութ, «Համաուի»` Մարզական աւան, «Հալապի»` Քասքաս, «Ռապապա»` Պարպիր «Զաղլուլ»` Շայահ, «Աղա»` Հատի Նասրալլա մայրուղի, «Պարպար»` Համրա եւ Սփիրզ եւ «Ֆարրուժ Ապու Սամի»` Պըրժ Ապի Հայտար:
Ան աւելցուց նաեւ, որ դատական իշխանութիւններուն հրահանգով ձերբակալուած է սուրիացի առեւտրական մը` լիբանանեան կարգ մը ճաշարաններու նեխած սննդեղէն վաճառելու յանցանքով:
Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ Մաժտալ Այնճարի մէջ փակուած են կարգ մը մսագործներ ու խանութներ, ինչպէս նաեւ շաքարի զտարան մը: