Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ երէկ շեշտեց, որ աշխարհին կողմէ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնարարքներուն անտեսումը ոճիրին մեղսակցութիւն է, ինչպէս նաեւ մարդկային սկզբունքներէն եւ արժէքներէն հրաժարելու քայլ:
«Արդեօք Նինուէն ու անոր գիւղաքաղաքները ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու ծրագիրը զինուորական առասպե՞լի վերածուած է եւ մեծ պետութիւններուն բանակներուն, ինչպէս նաեւ Պաղտատի եւ Էրպիլի բանակներուն համար անկարելի գործողութիւն է ատիկա», հարց տուաւ Աֆրամ:
Ան հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչո՞ւ աշխարհը լուռ կը մնայ Նիկերիոյ մէջ 10 եկեղեցիներու հրկիզումին ի տես: