Լիբանանեան

Զօր. Սլէյման. «Լիբանանեան Բանակը  Ամէնէն Հզօր Բանակներէն Է»

Զօր. Սլէյման. «Լիբանանեան Բանակը Ամէնէն Հզօր Բանակներէն Է»

Ճարտարապետ Հանրի Սֆէյր նախանցեալ գիշեր Ռէյֆունի իր բնակարանին մէջ մեծարանքի երեկոյ մը կազմակերպեց` ի պատիւ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Երեկոյին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ, պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Զօր. Սլէյման այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հիմնուած է անքակտելի երրորդութեան մը վրայ, որ...

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Սխալ Մը Գործած Է  Մուքպելի Օրինախախտումին   Առնչութեամբ Լուռ Մնալուն Պատճառով»

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Սխալ Մը Գործած Է Մուքպելի Օրինախախտումին Առնչութեամբ Լուռ Մնալուն Պատճառով»

Ժըպրան Պասիլ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ կարելի չէ առանց համախոհութեան նախարարաց խորհուրդին կողմէ որոշումներ տալ` հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան: «Կառավարութիւնը կը խոչընդոտէ երկրին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ կ՛իւրացնէ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները, որոնց ներկայացուցիչները մասամբ մենք ենք», ըսաւ ան: Պասիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը սխալ մը գործած է պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի...

Դատախազ Սաքըր 5 Լիբանանցիներ Եւ Պաղեստինցի Մը Ամբաստանեց Ահաբեկչական Ցանցի Մը Անդամակցելու Յանցանքով

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ 5 լիբանանցիներ եւ պաղեստինցի մը ամբաստանեց ահաբեկչական ցանցի մը  անդամակցելու յանցանքով: Անոնք ամբաստանուած են Ժապհաթ Նուսրային անդամակցելու եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերուն կեդրոններուն դէմ յարձակումներ գործելու յանցանքով: Սաքըր յանցագործներուն պարագաները փոխանցեց Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Արսալի Եւ Հերմելի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Կասկածելիներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացի Մահմուտ Եուսեֆ Ռիֆահին, որուն շուրջ  ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալու կասկածներ գոյութիւն ունէին: Միւս կողմէ, բանակը Հերմելի եւ արեւմտեան Պեքաայի մէջ կատարեց ներխուժումներ եւ խուզարկումներ` փնտռելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ կասկածելիներ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը Հարեթ Հրէյքի մէջ ձերբակալած է Հասան...

Լիբանանի Ազգային Կուսակցութեանց Դաշինքը Կը Դրուատէ «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Տարազը

Լիբանանի Ազգային կուսակցութեանց դաշինքը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ շրջանային զարգացումները: Նիստէն ետք դաշինքը շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը, որ ապահովեց 2000-ի ազատագրումը եւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակը, կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն եւ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանող ամուր հիմքը: Լիբանանի Ազգային կուսակցութեանց դաշինքը կառավարութենէն պահանջեց անսալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան...

Ժոսլին Ժըրժես Անյայտ Կորսուած Է

Ժոսլին Ժըրժես Անյայտ Կորսուած Է

Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Զահլէի Սայտէ փողոցին մէջ բնակող լիբանանցի կին մը` Ժոսլին Ժըրժես անյայտ կորսուած է եւ անոր հետ հաղորդակցութեան կապերը խզուած են: Անոր ազգականները երէկ պատահաբար Հաուշ Ումարայի պարտէզներուն մէջ գտած են Ժըրժեսի ինքնաշարժը: Ժըրժեսի անյայտացման պատճառները կը մնան անորոշ:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պաշտօնեաները երէկ գործադուլ մը կատարեցին` բողոքելով աղբերը նաւահանգիստ փոխադրելու կարելիութեան դէմ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ առանց արտօնութեան փողոց իջնելու եւ ցոյցեր կատարելու քայլերը կրնան վերածուիլ միլիսական երեւոյթի: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն չի կրնար զիրենք ազգային միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան դէմ լարել: Ան շեշտեց, որ...

Զարիֆ Կ՛աւարտէ Լիբանան Կատարած  Իր Այցելութիւնը Եւ Կը Մեկնի Սուրիա

Զարիֆ Կ՛աւարտէ Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Կը Մեկնի Սուրիա

Պըրրի եւ Զարիֆ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ առաւօտեան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Զարիֆ յայտնեց, որ Իրան մնայուն կերպով զօրակցած է ու կը զօրակցի լիբանանցիներուն եւ շրջանի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը կ՛ունենայ շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:...

Բագրատունի Այցելեց  Ապպաս Իպրահիմի

Բագրատունի Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Իպրահիմ եւ Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական հարցերն ու ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութէն Լիբանան տեղափոխուածներուն վերաբերող հարցեր: Այս շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիահայոց կեցութեան առնչուող խնդիրներուն բարւօք ընթացք տալու անհրաժեշտութիւնը:  

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը  Յետաձգեց 2 Սեպտեմբերին

Պըրրի Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Յետաձգեց 2 Սեպտեմբերին

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 2 սեպտեմբեր 2015-ին` խորհրդարանի անդամներուն օրինաթիւին չգոյութեան պատճառով: Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ շեշտած է Լիբանանին զօրակցելու Իրանի յանձնառութիւնը` առանց անոր ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու: Պըրրի հաստատեց, որ...

Յորդանանի Մէջ,  Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Լիբանանեան- Յորդանանեան Միացեալ Յանձնախումբին  Աշխատանքային Հանդիպումին

Յորդանանի Մէջ, Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Լիբանանեան- Յորդանանեան Միացեալ Յանձնախումբին Աշխատանքային Հանդիպումին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Յորդանան` ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին մեծ թիւով նախարարներ: Ամմանի մէջ վարչապետ Սալամ եւ յորդանանցի անոր պաշտօնակիցը` Ապտալլա Նսուր նախագահեցին լիբանանեան-յորդանանեան միացեալ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումին: Հանդիպումին սկիզբը վարչապետ Սալամ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան-յորդանանեան միացեալ յանձնախումբին աշխատանքային Է. հանդիպումին ընթացքին շրջանին մէջ կը տիրեն վտանգաւոր զարգացումներ, որոնք կը սպառնան անոր...

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները  Գործադրեցին Բողոքի Խաղաղ Ցոյց Մը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները Գործադրեցին Բողոքի Խաղաղ Ցոյց Մը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները երէկ կէսօրէ ետք Մեթնի, Ժունիէի, Ժիպէյլի, Պաթրունի, Միրնա Շալուհիի, Սին Էլ Ֆիլի, Էշրեֆիէի եւ այլ շրջաններու մէջ հաւաքուեցան իրենց ակումբներուն առջեւ եւ ինքնաշարժներով երթեր կազմակերպեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ, ապա ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ ներկայութիւն եղան համակիրներուն հաւաքման կեդրոններուն մէջ եւ ընդգծեցին իրենց արդար...

Տիմանի Մէջ.   Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց  Սամիր Մուքպելը

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամիր Մուքպելը

Մուքպել եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ կառավարութեան քայքայումին առումով մտավախութիւնները անտեղի են` դիտել տալով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը գիտակից են այդ իրականութեան սպառնացած վտանգին, ինչպէս նաեւ յանձնառու են կառավարութեան աշխատանքին հետեւողականութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա գործող պետական...

Զարիֆ Պաշտօնական  Այցելութիւն Տուաւ Լիբանան

Զարիֆ Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Լիբանան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան` ընկերակցութեամբ միջինարեւելեան հարցերու իր օգնականին` Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանի: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Զարիֆը դիմաւորեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանի Քպայսի, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ դեսպան Սաատ Զախիա, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ...

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ  Քննարկեց Երկրին Կացութիւնը

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ Քննարկեց Երկրին Կացութիւնը

Լազարինի, Քաակ եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին կացութիւնը: Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի: Հանդիպումէն ետք Ահմետ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է պաղեստինեան դատին վերաբերող շարք մը հարցեր` ընդգծելով, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ որդեգրուելիք...

«Լիբանանը Ես Ազատագրեցի  Եւ Ոչ Թէ Ռաֆիք Հարիրին»  Շեշտեց Զօր. Աուն

«Լիբանանը Ես Ազատագրեցի Եւ Ոչ Թէ Ռաֆիք Հարիրին» Շեշտեց Զօր. Աուն

Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ, նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը: Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող հարցերը տարբեր մեկնաբանութիւն կը ստանան: «Ոմանք կը մոռնան մեզի հանդէպ իրենց վերաբերմունքը: Իսկ ինչ կը վերաբերի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի այն յայտարարութեան, թէ ես պիտի...

Զինեալներ Կը Կասեցնեն Առաջնորդ  Օլուանի Եւ Հայր Նասըրի Ինքնաշարժը

Զինեալներ Կը Կասեցնեն Առաջնորդ Օլուանի Եւ Հայր Նասըրի Ինքնաշարժը

Ազգային լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ զինեալներով լեցուն երեք ինքնաշարժներ կասեցուցած են մարոնի համայնքի առաջնորդներէն Խալիլ Օլուան եպիսկոպոսին եւ հայր Էլի Նասըրի ինքնաշարժը` Տիմանէն Տէյր Ահմար ուղղուելու պահուն: Հոգեւորականներ Օլուան եւ Նասըր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ գործուղուած էին Տէյր Ահմար` շնորհաւորելու համար մարոնի համայնքի Տէյր Ահմարի առաջնորդ Հաննա Ռահմէ եպիսկոպոս` անոր առաջնորդ ընտրութեան առիթով: Երկու հոգեւորականները Ռահմէ եպիսկոպոսին...

Մաշնուք Ընդունեց Հէյլն  Ու Պեքաայի Միւֆթին

Մաշնուք Ընդունեց Հէյլն Ու Պեքաայի Միւֆթին

Մաշնուք եւ Հէյլ Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու մարտահրաւէրները: Մաշնուքի այցելեց նաեւ Պեքաայի եւ Զահլէի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյսը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` իսլամական բանտարկեալներուն թղթածրարին լուծման առումով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստ.  Լիբանան Կը Պահանջէ Անմիջապէս  Կասեցնել Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

Նաքուրայի Եռակողմանի Նիստ. Լիբանան Կը Պահանջէ Անմիջապէս Կասեցնել Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները

Երէկ առաւօտեան Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի եւ իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոյի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու կարեւորութիւնը եւ վերջին շրջանին հարաւային Լիթանիի մէջ արձանագրուած սահմանային խախտումները: Լիբանանեան կողմը ներկայացուց վերջին հանգրուանին գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնները եւ խստիւ դատապարտեց զանոնք`...

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը  Հանդիպում Մը Ունեցաւ Մորենոյի Հետ

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Մորենոյի Հետ

Մորենոյի հետ հանդիպումէն պահ մը Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտէլ Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու  երեսփոխաններ Էլի Մարունիի, Ֆարիտ Խազենի, Նաուաֆ Մուսաուիի, Սելիմ Սալհապի, Ալի Պեզզիի, Խալետ Զահրամանի, Խտըր Հապիպի, Ահմետ Ֆաթֆաթի, Այուպ Հըմայէտի եւ Ուալիտ Խուրիի, ընդունեց Փարակուէյի խորհրդարանի նախագահ Հիւկօ Ատալպերթօ Վելասքեզ Մորենոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի...

Page 915 of 985 1 … 914 915 916 … 985

Արխիւներ