Լիբանանեան

«Եթէ Չնախաձեռնենք  Մեր Ներքին Հարցերը Լուծելու,  Ապա Տագնապը  Երկարատեւ Պիտի Ըլլայ»  Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

«Եթէ Չնախաձեռնենք Մեր Ներքին Հարցերը Լուծելու, Ապա Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

Շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան, ջուրի, աղբերու եւ շարք մը այլ հարցերը երկրին համայնքային մեքանիզմին կապուած տագնապներ են, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են այս կամ այն համայնքին կողմէ փտածութիւնն ու փտածները պաշտպանելու հարցին: Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Լիբանանի հարցերը կրնան լուծուիլ միայն այն պահուն, երբ քաղաքական բոլոր ուժերը կը ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները:...

Սամի Ժեմայէլ – Հէյլ Հանդիպում

Սամի Ժեմայէլ – Հէյլ Հանդիպում

Հէյլ եւ Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հէյլ յայտնեց, որ ինք շնորհաւորած է Սամի Ժեմայէլը անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով` աւելցնելով, որ ինք մեծ յարգանք ունի անոր հօր եւ Ժեմայէլ ընտանիքին նկատմամբ: Հէյլ ողջունեց Լիբանանի պատմութեան մէջ Ժեմայէլ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ հետաքննիչ դատախազ Մոհամետ Պատրան քննելէ ետք Սարա Ամինի սպանութեան հարցը անոր ամուսինը` Ալի Զէյնը դատապարտեց մահապատիժի: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբին երէկուան նիստը յետաձգուեցաւ` յանձնախումբի անդամներու օրինաթիւին չգոյութեան պատճառով: ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն երէկ յայտարարեց Պէյրութի փառատօներուն ցուցակը` աւելցնելով, որ հակառակ վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերուն, Լիբանան կը վկայէ քաղաքական վատթարացման իրավիճակ մը: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար...

Պըրրի Ընդունեց Փարակուէյի  Իր Պաշտօնակիցը

Պըրրի Ընդունեց Փարակուէյի Իր Պաշտօնակիցը

Մորենօ եւ Պըրրի կը փոխանակեն համագործակցութեան ստորագրուած փաստաթուղթերը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փարակուէյի իր պաշտօնակիցը` Հիւկօ Ատալպերթօ Վելասքեզ Մորենոն, որուն կ՛ընկերակցէր խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին աւարտին Պըրրի եւ Մորենօ ստորագրեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան արարողակարգ մը: Հանդիպումէն ետք Այն Թինէի մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ...

Բանակը Թրիփոլիի Մէջ Կը Ձերբակալէ Ահաբեկիչ Մը

Բանակը Ձերբակալեց Ապտել Ռահման Քիլանին Եւ Վեց Սուրիացիներ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալած է Ապտել Ռահման Քիլանին, որ անչափահաս պատանիներ «կը մարզէր» անձնասպանական գործողութիւններ կատարելու: Քիլանի, որ կը գտնուէր այլ երկրի մը մէջ, ձերբակալուեցաւ Լիբանան մուտք գործելու ընթացքին: Ըստ հաղորդագրութեան, ան հարցաքննութեան ընթացքին խոստովանած է, թէ ինք կը պատկանի Ուսամա Մանսուրի նախագահած ահաբեկչական խմբաւորումին եւ մեղսակցած է Թրիփոլիի...

Պասիլ. «Լիբանանի Մէջ Մեր  Դերակատարութիւնը Առեւանգող Տահեշ Կայ»

Պասիլ. «Լիբանանի Մէջ Մեր Դերակատարութիւնը Առեւանգող Տահեշ Կայ»

Պասիլ` իր խօսքին պահուն Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Քֆարզըպիանի Մար Աֆրամ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ այդ սուրբին անուանակոչութեան առիթով մատուցուած պատարագին, որուն նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ, մարոնի համայնքի Սարպայի առաջնորդ Պուլոս Ռուհանա եպիսկոպոսը: Պատարագէն ետք Պասիլ շեշտեց, որ Արեւելքի մէջ իրենք կը ներկայացնեն կոճղը եւ ոչ թէ ճիւղը, որ չորնալու պարագային կը կոտրուի եւ...

Սամի Ժեմայէլ. «Շրջանային Առանցքի  Պատկանող Ոեւէ Թեկնածու  Հանրապետութեան Նախագահ Պիտի Չդառնայ»

Սամի Ժեմայէլ. «Շրջանային Առանցքի Պատկանող Ոեւէ Թեկնածու Հանրապետութեան Նախագահ Պիտի Չդառնայ»

Սամի Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախագահելէ ետք կուսակցութեան ընթացիկ նիստին յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը այլեւս կարելի չէ հանդուրժել` դիտել տալով, որ կառավարութիւնը կազմուած է ազգային միութեան կառավարութիւն անուան տակ, նպատակ ունենալով նախագահական ընտրութիւն կատարել: Ան նշեց, որ այս կառավարութեան աշխատանքի ժամկէտ նախատեսուած էր երկուքէն երեք ամիս, իսկ այսօրուան դրութեամբ անիկա դարձած է ապարդիւն կառավարութիւն մը, որ պէտք...

Ռաատ. «Ներքին Լիբանանեան  Առումով Կացութիւնը Բարդ Է»

Ռաատ. «Ներքին Լիբանանեան Առումով Կացութիւնը Բարդ Է»

Մոհամետ Ռաատ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ նկատել տուաւ, որ ներքին լիբանանեան առումով կացութիւնը բարդ է եւ կը յատկանշուի տագնապներով: Ան նշեց, որ իշխող կառավարութիւնը չի կրնար տիրող հարցերուն արմատական լուծումներ գտնել: «Մեր առաքելութիւնն էր ներկայ կառավարութեան նուազագոյն համախոհութեան առիթ ընծայել, որպէսզի բոլորին համար կարելի ըլլար տագնապներուն լուծման առումով պատուհաններ գտնել եւ անկէ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ: Սակայն...

Էլիաս Մըր Ընդունեց Իրանի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանները

Էլիաս Մըր Ընդունեց Իրանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանները

Հէյլ եւ Մըր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին, Ինթըրփոլի նախագահ Էլիաս Մըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Մըրի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ: Քննարկուեցան տեղական, միջինարեւելեան եւ միջազգային զարգացումները:  

Ալեն Աուն. «Մենք Բոլորէն Առաջ Կը Փափաքինք  Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել»

Ալեն Աուն. «Մենք Բոլորէն Առաջ Կը Փափաքինք Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել»

Ալեն Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն Ժիպէյլի մէջ յայտնեց, որ եկած են Ժիպէյլի զանգերը հնչեցնելու եւ շեշտելու, որ այս երկրին մէջ իրենց գոյատեւումը վտանգուած է: «Պէտք է քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ վարուելակերպը փոփոխութեան ենթարկուի, որպէսզի կարելի ըլլայ այս երկրին մէջ մեր եւ մեր զաւակներուն ապագային մասին մտածել: Մենք բոլորէն առաջ կը փափաքինք հանրապետութեան նախագահ ընտրել, պայմանաւ որ այդ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ այսօր կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի հասնի Լիբանան: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Քաակ այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն...

Միջին Արեւելքի Մէջ Փոխանցման  Շրջանի Միջոցին.  Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Ճակատի  Կայունութեան Պահպանման Գծով

Միջին Արեւելքի Մէջ Փոխանցման Շրջանի Միջոցին. Ճիգերը Կը Շարունակուին Ներքին Ճակատի Կայունութեան Պահպանման Գծով

Շաբաթավերջին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կոչը` «պատրաստ ըլլալու երբ փողը հնչէ` ոտքերով քուէարկելու», որոշ մտավախութիւններ ստեղծեց քաղաքացիներուն մօտ` կացութեան վատթարացման հաւանականութեան գծով եւ տեղի տուաւ զանազան թեր ու դէմ արձագանգներու եւ հակազդեցութեանց: Աունական ճակատին վրայ տիրող «լռութիւնը», ըստ ոմանց կը նկատուի «փոթորիկը կանխող լռութիւն», ըստ ուրիշներու` Աուն զգուշութեամբ կ՛առնէ իր քայլերը, ներքին եւ արտաքին նկատառումներով:...

Աղբակոյտերու Հարցի Լուծման  Ձգձգման Լոյսին Տակ.  «Հոտերնիդ Ելաւ» Շարժումը Կը Պահանջէ  Կենսոլորտի Նախարարին Հրաժարումը

Աղբակոյտերու Հարցի Լուծման Ձգձգման Լոյսին Տակ. «Հոտերնիդ Ելաւ» Շարժումը Կը Պահանջէ Կենսոլորտի Նախարարին Հրաժարումը

Շաբաթ օրուան ցոյցէն պահ մը «Հոտերնիդ ելաւ» շարժումի համակարգող Իմատ Պազզի կը ներկայացնէ Մաշնուքի հրաժարման պահանջը Աղբակոյտերու հարցին լուծումը կը թուի, թէ տակաւին երկար պիտի ընդվզեցնէ լիբանանցիները, որոնք լիայոյս կը հետեւէին անցնող ուրբաթ օրուան նուազուրդին` իբրեւ լուծման նախաքայլ: Սակայն կառավարական աղբիւրներուն համաձայն, նուազուրդի արդիւնքները կրնան ուշանալ եւ երկարիլ մինչեւ յառաջիկայ շաբաթավերջ: Մինչ այդ, աղբակոյտերու բլրակները օր ըստ օրէ կը բարձրանան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԱՐԱԲԱԿԱՆ աշխարհը ներկայիս, աւելի քան երբեք, պէտք ունի քրիստոնեաներուն», յայտարարեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ, Պեքաայի կարգ մը շրջաններուն տուած իր հովուապետական եռօրեայ շրջապտոյտին աւարտին: Ռայի պատրիարքը այս առիթով հրամայական անհրաժեշտութիւն նկատեց նախագահի ընտրութիւնը: «ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ կան ՏԱՀԵՇ-ներ, որոնք կը փորձեն խափանել մեր բոլոր ձեռնարկները եւ «առեւանգել» մեր դերը` «Նուն» գիրը դնելով, այնպէս ինչպէս շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ կ՛աւերէ քրիստոնեաներու տուներն...

Շրջանային Դիւանագիտական  Եռուզեռին Զուգահեռ.  Լիբանանի Քաղաքական Հրապարակը  Հետզհետէ Կը Մթագնի

Շրջանային Դիւանագիտական Եռուզեռին Զուգահեռ. Լիբանանի Քաղաքական Հրապարակը Հետզհետէ Կը Մթագնի

Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հրապարակած` զինուորականներու պաշտօնավարութեան միամեայ երկարաձգման որոշումին վաղորդայնին բոլոր կողմերուն հայեացքները սեւեռած մնացին նշեալ որոշումի գլխաւոր թիրախ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ցուցաբերելիք կեցուածքին: Այս գծով համատարած տպաւորութիւն կը տիրէ, թէ հակառակ անցնող 48 ժամերու լռութեան, Ազգային ազատ հոսանքը տեղի պիտի չտայ եւ իր «խօսքը» պիտի փոխանցէ յառաջիկայ ժամերուն: Արդարեւ, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ դիւանագիտական...

Աղբակոյտերու Դասաւորման  Ընկերութեանց Մրցումին Հսկելով.  Մաշնուք. «Կը Գտնուինք Կենսոլորտային Արտակարգ Վիճակի Մէջ Եւ Կացութիւնը Աղէտալի Է»

Աղբակոյտերու Դասաւորման Ընկերութեանց Մրցումին Հսկելով. Մաշնուք. «Կը Գտնուինք Կենսոլորտային Արտակարգ Վիճակի Մէջ Եւ Կացութիւնը Աղէտալի Է»

«Երկրին կենսոլորտային վիճակը աղէտալի է, եւ կը գտնուինք արտակարգ վիճակի մէջ», յայտարարեց կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուք երէկ` հսկելէ ետք աղբակոյտերու «դասաւորման» թեկնածու ընկերութեանց մրցումին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Բարգաւաճման ու վերակառուցման խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Արդարեւ, երէկ չորս ընկերութիւններ իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցին ստանձնելու համար վեց շրջաններու մէջ աղբակոյտերու «դասաւորման» աշխատանքի իրագործումը: Մրցումին արդիւնքները պիտի յայտարարուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին` կոչ...

Վարչապետ Սալամ Իր Այցելուներուն Հետ  Քննեց Շրջանի Եւ Լիբանանի Իրավիճակը

Վարչապետ Սալամ Իր Այցելուներուն Հետ Քննեց Շրջանի Եւ Լիբանանի Իրավիճակը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ  իր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացուց երկրի հիմնահարցերուն հետապնդման գծով տարուող ճիգերուն վրայ` մօտէն հետեւելով առնչակից քաղաքական թէ ընկերային զարգացումներուն: Այս ծիրին մէջ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննեց շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի իրադրութեան վերջին զարգացումները: Այս առիթով ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վերահաստատեց միջազգային այս կազմակերպութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի պաշտօնական հաստատութեանց եւ անոնց գործունէութեան շարունակման:...

«Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը  Վտանգաւոր Է Բոլոր Կրօններուն  Եւ Համայնքներուն Համար»  Ընդգծեց Իրանի Դեսպանը

«Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը Վտանգաւոր Է Բոլոր Կրօններուն Եւ Համայնքներուն Համար» Ընդգծեց Իրանի Դեսպանը

Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի երէկ այցելեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլանի, որուն հետ քննեց շրջանի իրադարձութիւններն ու Իրանի հիւլէական թղթածրարը: Այս առիթով դեսպան Ֆաթհալի ընդգծեց հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգը, որ «կը սպառնայ բոլոր համայնքներուն եւ կրօններուն` տրուած ըլլալով, որ այդ խմբաւորումները չեն յարգեր բարոյական թէ մարդկային որեւէ արժէք»: Իր կարգին, նախկին նախարար Թալալ Արսլան բարձր գնահատեց «Իրանի դերակատարութիւնը շրջանի պաշտպանութեան...

Հովուապետական Եռօրեայ   Շրջապտոյտ Կատարելով Պեքաայի Մէջ`.   Ռայի Պատրիարք. «Երկիրը Այս Ընթացքով  Չի Կրնար Շարունակել»

Հովուապետական Եռօրեայ Շրջապտոյտ Կատարելով Պեքաայի Մէջ`. Ռայի Պատրիարք. «Երկիրը Այս Ընթացքով Չի Կրնար Շարունակել»

«Երկիր մը առանց նախագահի չի կրնար գոյատեւել, ինչպէս մարմին մը` առանց գլուխի», յայտարարեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ սկսած իր հովուապետական շրջապտոյտին ընթացքին Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ շրջաններու հոգեւոր թէ քաղաքական եւ պետական պատասխանատուներուն հետ: Ռայի պատրիարքը այս առիթով վերահաստատեց իր պահանջը պատկան կողմերուն` վերակենդանացնելու երկրի նախագահի ընտրութեան ճիգերը, միաժամանակ շարունակելով պահպանել երկրին սահմանադրական թէ օրէնսդրական պաշտօնական...

Պասիլ. «Մենք Ենք, Որ Կը Պայքարինք  Քրիստոնեաներու Իրաւունքներուն  Վերահաստատման Համար»

Պասիլ. «Մենք Ենք, Որ Կը Պայքարինք Քրիստոնեաներու Իրաւունքներուն Վերահաստատման Համար»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներէն` արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ վերահաստատեց իր եւ Ազգային ազատ հոսանքի պատրաստակամութիւնը` ճիգ չխնայելու լիբանանցիներու, յատկապէս քրիստոնեաներու իրաւունքներու վերահաստատման ի խնդիր: Միւս կողմէ, Պասիլ ընդունեց ՄԱԿ-ի հարցերու մնայուն համակարգող Ֆիլիփ Լազարինին: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանի եւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակին վրայ:

Page 916 of 985 1 … 915 916 917 … 985

Արխիւներ