
Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան Ապտէլ Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու երեսփոխաններ Էլի Մարունիի, Ֆարիտ Խազենի, Նաուաֆ Մուսաուիի, Սելիմ Սալհապի, Ալի Պեզզիի, Խալետ Զահրամանի, Խտըր Հապիպի, Ահմետ Ֆաթֆաթի, Այուպ Հըմայէտի եւ Ուալիտ Խուրիի, ընդունեց Փարակուէյի խորհրդարանի նախագահ Հիւկօ Ատալպերթօ Վելասքեզ Մորենոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Փարակուէյի դեսպան Հասան Խալիլ Տիայի:
Հանդիպումէն ետք Զէյն յայտնեց, որ Մորենոյի հետ քննարկումները դրական եղած են` աւելցնելով, որ ստացած են Փարակուէյ այցելութեան հրաւէր մը, որուն պիտի ընդառաջեն:


