Լիբանանի Ազգային կուսակցութեանց դաշինքը երէկ գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ շրջանային զարգացումները:
Նիստէն ետք դաշինքը շեշտեց, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը, որ ապահովեց 2000-ի ազատագրումը եւ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակը, կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն եւ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանող ամուր հիմքը:
Լիբանանի Ազգային կուսակցութեանց դաշինքը կառավարութենէն պահանջեց անսալ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան արդար պահանջներուն եւ չանտեսել անոր ներկայացուցած կշիռը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ:
Դաշինքին համաձայն, լիբանանեան ներքին քաղաքական պառակտումը աւելի եւս կը խորանայ երկրին իշխանութեան ստանձնումին պարագային ազգային համագործակցութեան չքացման պատճառով: