Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը
ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացի Մահմուտ Եուսեֆ Ռիֆահին, որուն շուրջ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալու կասկածներ գոյութիւն ունէին:
Միւս կողմէ, բանակը Հերմելի եւ արեւմտեան Պեքաայի մէջ կատարեց ներխուժումներ եւ խուզարկումներ` փնտռելով ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ կասկածելիներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ բանակը Հարեթ Հրէյքի մէջ ձերբակալած է Հասան Հիւսէյն Զաայթերը, որ ամբաստանուած է շարք մը յանցանքներով: Շուէյֆաթի եւ Լայլաքիի մէջ բանակը ձերբակալեց 11 յանցագործներ եւ գրաւեց անոնց մօտ գտնուող զէնքն ու զինամթերքը: