Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ուղղուեցաւ Յորդանան` ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին մեծ թիւով նախարարներ:
Ամմանի մէջ վարչապետ Սալամ եւ յորդանանցի անոր պաշտօնակիցը` Ապտալլա Նսուր նախագահեցին լիբանանեան-յորդանանեան միացեալ յանձնախումբին աշխատանքային հանդիպումին:
Հանդիպումին սկիզբը վարչապետ Սալամ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան-յորդանանեան միացեալ յանձնախումբին աշխատանքային Է. հանդիպումին ընթացքին շրջանին մէջ կը տիրեն վտանգաւոր զարգացումներ, որոնք կը սպառնան անոր միասնականութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս` ժողովուրդներուն հալածանքի ենթարկում, սպանութիւն, անոնց արժանապատուութեան ոտնակոխում ու սրբապղծումի վայրագ արարքներ:
Ան կոչ ուղղեց որդեգրելու քաղաքական չափաւորականութիւն եւ մշակութային բաց քաղաքականութիւն` աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելի է իրագործել` տապալելով աղքատութիւնը եւ տգիտութիւնը, որոնք ծայրայեղական մտքեր աճեցնելու բոյնը կը կազմեն:
«Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները պարզապէս փոխադարձ շահեր ապահովելու նպատակ չեն հետապնդեր, այլ անոնք պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ եղբայրութեան կապերը ամրապնդող յարաբերութիւններ են: «Մեր երկիրները իրարու նման են եւ բազմաթիւ հարցերու պարագային նոյն տեսակէտներն ու մօտեցումները կ՛որդեգրեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Յորդանան մնայուն կերպով եղբայրական կը նկատէ Լիբանանի հետ իր յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանի կողմէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն մատուցուած զինուորական օժանդակութեան համար:
Ան հաստատեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, առեւտրական, ներդրումային, ուժանիւթի, փոխադրութեան հարցերու եւ տեղեկատուութեան մարզերուն մէջ գործակցութիւնը պէտք է աշխուժացնել եւ ամրապնդել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ Նսուրի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի բարգաւաճման կը սպառնան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ ուղղակի բախումներն ու անոնց գործած սպանութիւնները եւ հաւատադրժողական աւերները, որոնք կրօնական եւ բարոյական ամէն սահման շրջանցած են:
Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով թոյլ կեցուածքներ չորդեգրելու:
Իր կարգին, Նսուր շեշտեց երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ Լիբանան եւ Յորդանան վատ կերպով ազդուած են սուրիական տագնապին դառն ճշմարտութենէն, որն է երկու երկիրներուն միջեւ ցամաքային փոխադրութեան խզումը:
Նշենք, որ վարչապետներ Սալամի եւ Նսուրի ներկայութեան Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ ստորագրուեցան շարք մը համաձայնագիրներ` տնտեսութեան, տեղեկատուութեան, ուժանիւթի եւ ընկերային բարգաւաճման մարզերուն վերաբերեալ:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ` ընդգծելով, որ ինք յանձնառու է Լիբանանին եւ ինքնիրեն ու լիբանանցիներուն խոստացած է այդ առաքելութենէն չհրաժարիլ:
Երեկոյեան վարչապետ Սալամ եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Պէյրութ: