Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները Գործադրեցին Բողոքի Խաղաղ Ցոյց Մը

Օգոստոս 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tayyar_8-12-15

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւն ու համակիրները երէկ կէսօրէ ետք Մեթնի, Ժունիէի, Ժիպէյլի, Պաթրունի, Միրնա Շալուհիի, Սին Էլ Ֆիլի, Էշրեֆիէի եւ այլ շրջաններու մէջ հաւաքուեցան իրենց ակումբներուն առջեւ եւ ինքնաշարժներով երթեր կազմակերպեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ, ապա ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ ներկայութիւն եղան համակիրներուն հաւաքման կեդրոններուն մէջ եւ ընդգծեցին իրենց արդար իրաւունքներուն համար պայքարելու կարեւորութիւնը:

Նահատակաց հրապարակին վրայ կատարուած ցոյցին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ոմանք կ՛ուզեն լիբանանցիներուն մէկ բաժինը ջնջել` ընդգծելով, որ իրենք նման բան պիտի չարտօնեն:

«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը գործադրեց 2005-ի Մարտ 14-ի յեղափոխութիւնը եւ գետնի վրայ մնաց իր գործերով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն հոսքը, ահաբեկչութիւնը եւ քաղաքական ահաբեկչութիւնը:

«Այնքան ատեն որ մարդիկ կը փորձեն մեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխել` լիբանանցիները անոնց պիտի պատասխանեն», հաստատեց ան:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր համադրող Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ իրենք իրենց իրաւունքները կը պահանջեն` աւելցնելով, որ քաղաքական մէկ ուժ չի կրնար առանձինը Լիբանանին իշխել:

Ռաֆֆուլ ըսաւ, որ զօր. Միշել Աուն այլեւս անհատ մը չէ, այլեւ վիճակ մը` ընդգծելով, որ իրենք կը պահանջեն իրենց գողցուած իրաւունքները: «Մենք կը հաւատանք Լիբանանի իսլամ եւ քրիստոնեայ գոյակցութեան, հետեւաբար պէտք է պաշտպանել Լիբանանը, անոր մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնները, ինչպէս նաեւ համերաշխութեան մթնոլորտը», ըսաւ ան:

Ռաֆֆուլ կոչ ուղղեց բոլորին պատրաստուելու ծովաշարժի մը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կատարած ցոյցը ժողովրդավարական ցոյց մըն է եւ լիբանանեան տարազէն քրիստոնեայ քաղաքական մեծագոյն ուժերը ջնջելու դէմ ժողովրդավարական արտայայտութիւն մը:

Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը տառապին ծրագրաւորուած լուսանցքայնացումէ, մինչդեռ իրենց պահանջն է երկրին իշխանութեան առումով համագործակցիլ եւ բարեկարգումներ կատարել:

Քանաան շեշտեց, որ իրենք այլեւս լուռ պիտի չմնան իրենց իրաւունքներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն, բանեցուած ճնշումներուն եւ լուսանցքայնացումին նկատմամբ:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Անթուան Սուէյտ յայտնեց, որ իրենց կատարելիք ցոյցը խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ցոյց է` աւելցնելով, որ իրենք ոչ ոքի հետ կ՛ուզեն բախում ունենալ, յատկապէս բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

Երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ գրաւի ենթարկել սկսած այս շարժումը շարունակելու իրենց կամքը` աւելցնելով, որ իրենք այս շարժումին նախաձեռնած են բոլոր լիբանանցիներուն եւ բոլոր քրիստոնեաներուն անունով: «Եթէ մենք մեր իրաւունքները չպահանջենք, ապա պիտի ջնջուինք եւ արտագաղթենք», ըսաւ ան:

Աուն երեկոյեան ժամը 8:00-ին յայտարարեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երէկուան շարժումը աւարտած է` աւելցնելով, որ այսօրուան շարժումին մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի ճշդուին:

 

 

Նախորդը

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամիր Մուքպելը

Յաջորդը

Յորդանանի Մէջ, Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Լիբանանեան- Յորդանանեան Միացեալ Յանձնախումբին Աշխատանքային Հանդիպումին

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?