Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանը Ես Ազատագրեցի Եւ Ոչ Թէ Ռաֆիք Հարիրին» Շեշտեց Զօր. Աուն

August 12, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Gen-Aoun_8-11-15
Զօր. Միշել Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ, նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող հարցերը տարբեր մեկնաբանութիւն կը ստանան: «Ոմանք կը մոռնան մեզի հանդէպ իրենց վերաբերմունքը: Իսկ ինչ կը վերաբերի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի այն յայտարարութեան, թէ ես պիտի քանդեմ բանակը եւ երկրին պաշտպանները, կ՛ուզեմ յիշեցնել, թէ բանակի զինուորները իմ զաւակներս են եւ անոնք երկրին պաշտպան զինուորներ են եւ ոչ վարչակարգի, հետեւաբար կարելի չէ, որ անոնք խաղաղ ցոյցի մը դէմ դնեն», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն նշեց, որ եթէ ոմանք տակաւին կը մտածեն իրենց դիմաց բանակ տեղադրել, ապա զգուշացումը տակաւին առկայ է: «Մեր երիտասարդ սերունդները դաստիարակուած են դիմադրելու ոգիով: Շատ յայտարարութիւններ կրնանք կատարել, սակայն շրջանցած ենք զանոնք, իսկ կան բաներ, որոնց մասին չենք փափաքիր խօսիլ, որպէսզի ոչ ոքի բարոյականին վրայ ազդենք», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնն ու օրէնքները խախտուած են եւ պետութիւնը քաոսի մէջ է:

«Սահմանադրութիւնն ու օրէնքը Պէյրութի աղբանոցներուն մէջ կը գտնուին, իսկ մենք 15 տարուան չարչարանքէ եւ ստուերի մէջ մնալէ ետք յաղթեցինք: Մենք Միջին Արեւելքի պատերազմը յաղթելու առանցքին մէջ կը գտնուինք, իսկ Լիբանանը ես ազատագրեցի` միջազգային ուժերու գործակցութեամբ եւ ոչ թէ Ռաֆիք Հարիրին», ըսաւ զօր. Աուն:

Ան հաստատեց, որ ինք ոչ ոքի հետ կը կատակէ եւ օր մը օրանց անձնական հարցեր չէ պաշտպանած: «Մեր ընտրանքը համամասնական դրութեամբ ընտրական նոր օրէնքն է, սակայն որովհետեւ երկիրը տագնապ կը դիմագրաւէ, համաձայն գտնուեցանք այդ օրէնքը յաջորդ ընտրութիւններուն մշակելու: Ինչո՞ւ կը փափաքին նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները նախագահական ընտրութիւն պարտադրել», հարց տուաւ ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց չյուսալքուելու եւ պայքարը շարունակելու կարեւորութիւնը` կոչ ուղղելով բոլորին մասնակցելու այսօրուան ցոյցին:

 

Նախորդը

Զինեալներ Կը Կասեցնեն Առաջնորդ Օլուանի Եւ Հայր Նասըրի Ինքնաշարժը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ Քննարկեց Երկրին Կացութիւնը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.