Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան` ընկերակցութեամբ միջինարեւելեան հարցերու իր օգնականին` Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանի:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Զարիֆը դիմաւորեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Հանի Քպայսի, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ դեսպան Սաատ Զախիա, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխաններ Պիլալ Ֆարհաթ եւ Նաուար Սահիլի:
Զարիֆ օդակայանին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան օրինակելի տիպարն է: «Անիկա բռնագրաւումին դիմադրող եւ գոյատեւման պայքար մղող երկիրն է, որ կը պայքարի նաեւ ահաբեկչութեան դէմ, հետեւաբար ան ուսանելի դասեր քաղելու երկիրն է», ըսաւ Զարիֆ:
Զարիֆ նշեց, որ ինք լիբանանցի պետական պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ շրջանին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու հեռանկարները:
«Մենք այս շրջանին մէջ հիմնական կարիքը ունինք գործակցելու եւ երկխօսութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ընծայուած առիթներէն օգտուելու` դիմադրելու համար շրջանին սպառնացող մարտահրաւէրներուն: Այս հանգրուանին շրջանին մէջ կայ պատմական առիթ մը փոխադարձ գործակցութեամբ եւ խորհրդակցութիւններու ընդմէջէն դիմադրելու բոլոր մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ հիմնականները կարելի է նկատել ծայրայեղութիւնն ու սիոնական գոյացութիւնը», շեշտեց Զարիֆ:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Զարիֆ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Զարիֆ բարձր գնահատեց Սալամի դերակատարութիւնը` երկրին ապահովութիւնն ու խաղաղութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով, որովհետեւ այդ քայլերը նպաստած են երկրին կայունութեան:
«Այս հանգրուանը Լիբանանի մէջ մրցակցութիւն կատարելու յարմար չէ, այլ յարմար է Լիբանանը վերաշինելու եւ բարգաւաճեցնելու նպատակով մրցակցութիւն կատարելու: Բոլորը Լիբանանը կը ճանչնան իբրեւ ազգային գոյակցութեան եւ համակեցութեան, ինչպէս նաեւ դիմադրութեան երկիր: Այս իմաստով Իրան տարբեր մարզերու մէջ իր դերակատարութիւնը ունի եւ մնայուն կերպով պիտի զօրակցի լիբանանցիներուն եւ անոնց պահանջներուն», շեշտեց ան:
Նշենք, որ Զարիֆ այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:
Կը նախատեսուի, որ Պուսթրոս պալատին մէջ Զարիֆ եւ Պասիլ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տան: