Լիբանանի Ազգային լրատու գործակալութեան համաձայն, նախանցեալ երեկոյեան Զահլէի Սայտէ փողոցին մէջ բնակող լիբանանցի կին մը` Ժոսլին Ժըրժես անյայտ կորսուած է եւ անոր հետ հաղորդակցութեան կապերը խզուած են:
Անոր ազգականները երէկ պատահաբար Հաուշ Ումարայի պարտէզներուն մէջ գտած են Ժըրժեսի ինքնաշարժը:
Ժըրժեսի անյայտացման պատճառները կը մնան անորոշ: