Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիմանի Մէջ. Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամիր Մուքպելը

Օգոստոս 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել եւ Ռայի պատրիարքը
Մուքպել եւ Ռայի պատրիարքը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ կառավարութեան քայքայումին առումով մտավախութիւնները անտեղի են` դիտել տալով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը գիտակից են այդ իրականութեան սպառնացած վտանգին, ինչպէս նաեւ յանձնառու են կառավարութեան աշխատանքին հետեւողականութեան` նկատի ունենալով, որ անիկա գործող պետական միակ հաստատութիւնն է:

Մուքպել նշեց, որ ինք այցելութիւններ կատարած է լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերու ղեկավարութիւններուն եւ անոնց հետ քննարկած պետական կառոյցներու պետերուն նշանակման թղթածրարը, ինչպէս նաեւ յստակացուցած բոլորին, թէ նշանակումներուն մասին համախոհութիւն չգոյացուելու պարագային կարելի չէ ապահովական կառոյցը, յատկապէս բանակին առաքելութիւնը սառեցնել:

«Բանակը իր առաքելութիւնը պէտք է շարունակէ, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել երկրին կայունութիւնը եւ պաշտպանել Լիբանանը` անոր դէմ սպառնացող մեծաթիւ վտանգներէն», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի հետ իր ունեցած հանդիպումին` Մուքպել յայտնեց, որ Զարիֆի հետ քննարկած է լիբանանեան բանակին կացութիւնը եւ անոր զինուորական կարողութիւնները:

«Ես Զարիֆին վստահեցուցի, որ լիբանանեան բանակը հզօր եւ միասնական բանակ է, սակայն մենք երբեք չքննարկեցինք լիբանանեան բանակին մատուցուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը», ըսաւ Մուքպել:

Ան աւելցուց, որ Զարիֆէն խնդրած է օժանդակել լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու հոլովոյթին եւ այդ իմաստով Զարիֆի կողմէ պատրաստակամութիւն եւ դրական կեցուածք շօշափած է:

 

Նախորդը

Ըստ Թրքական Դիւանագիտական Աղբիւրի Մը. Զարիֆ Յետաձգած Է Թուրքիա Իր Այցելութիւնը

Յաջորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Անդամները, Համակիրներն Ու Պատասխանատուները Գործադրեցին Բողոքի Խաղաղ Ցոյց Մը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?