Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարիֆ Կ՛աւարտէ Լիբանան Կատարած Իր Այցելութիւնը Եւ Կը Մեկնի Սուրիա

Օգոստոս 13, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պըրրի եւ Զարիֆ
Պըրրի եւ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ երէկ շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ առաւօտեան այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Հանդիպումէն ետք Զարիֆ յայտնեց, որ Իրան մնայուն կերպով զօրակցած է ու կը զօրակցի լիբանանցիներուն եւ շրջանի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ իր ներդրումը կ՛ունենայ շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան պիտի շարունակէ պահպանել իր այս գործելաոճը:

«Հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը ստորագրելով` իսլամական պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան շահաւէտ ենթահող մը ապահովուած է եւ յստակ դարձած, որ ներքին տարակարծութիւնները կը լուծուին միայն տարբեր երկիրներուն միջեւ գործակցութեամբ: Հետեւաբար, պէտք է երկխօսութեան եւ փոխադարձ գործակցութեան քաղաքականութիւնը որդեգրել միացեալ շահերու իրականացման համար», հաստատեց Զարիֆ:

Պասիլ եւ Զարիֆ
Պասիլ եւ Զարիֆ

Պուսթրոս պալատին մէջ Զարիֆ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ շրջանին մէջ Իսրայէլ միակ ուժն է, որ շրջանին ապահովական կայունութիւնը քանդող հիւլէական զէնքեր ունի եւ ան տակաւին կառչած կը մնայ իր ցեղապաշտական վարչակարգին, որ կը հակադրուի լիբանանեան եղբայրական, միասնական, բազմազանութեան եւ համերաշխութեան իրականութեան:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանը այսօր Իրանի հետ մէկտեղ կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու խրամատին մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ ահաբեկչութիւնը իր հետեւանքները կ՛ունենայ նաեւ Լիբանանի վրայ, յատկապէս երկրին հիւսիսային սահմաններէն, սակայն պէտք է հաստատել նաեւ, որ ահաբեկչութիւնը իր վատ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ զայն ֆինանսաւորող կողմերուն վրայ:

Պասիլ ըսաւ նաեւ, որ Լիբանան կը տառապի սուրիացի գաղթականներուն  հոսքէն` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը կրնայ քաղաքական մուտք մը ըլլալ` Սուրիոյ մէջ քաղաքական որեւէ լուծման:

Անդրադառնալով շրջանին մէջ փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձնելու քաղաքականութեան` Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ եւս ատիկա զգալի կը դառնայ` նշելով սակայն, որ Իրան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:

Իր կարգին, Զարիֆ շեշտեց, որ Իրան շրջանի բոլոր երկիրներուն օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ եւ կոչ կ՛ուղղէ անոնց միասնաբար գործակցելու ահաբեկչութեան եւ համայնքային ծայրայեղութեան դէմ պայքարին մէջ:

Զարիֆ հաստատեց, որ Իրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Դիմադրութեան եւ պատրաստ է ամէն իմաստով աջակցելու Լիբանանի բարգաւաճման:

Ան դրուատեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ ընթացքը կը շարունակուի: Ան ըսաւ, որ իրանեան իշխանութիւնները նեցուկ կը կանգնին լիբանանցիներուն պահանջներուն` աւելցնելով, որ անոնք երկրին ներքին հարցերուն չեն միջամտեր:

«Մենք Լիբանանը երկխօսութեան օրինակելի տիպարը կը նկատենք եւ կրցած ենք աշխարհին փաստել, որ երկխօսութեամբ կարելի է շարք մը բարդ հարցեր լուծել, ինչպէս էր պարագան Իրանի հիւլէական ծրագիրին», ըսաւ ան:

Զարիֆ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի հետ:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել յայտնեց, որ քննարկուած են Լիբանանի շահերուն նպաստող դրական կեցուածքները:

Լրագրողներէն մէկուն կողմէ բանակին տրամադրուած իրանեան օժանդակութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մուքպել յայտնեց, որ բանակին զինման հարցը չեն քննարկած` աւելցնելով, որ բանակը կազմ ու պատրաստ է, իսկ անոր զինման հարցը յաջորդ հանգրուանին քննարկուելու խնդիր է:

Երէկ առաւօտեան Զարիֆ իր կեցութեան վայրին` «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ ընդունեց պաղեստինեան խմբաւորումներուն ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին ընթացքին Զարիֆ ընդգծեց, որ Իրան անշեղ կը մնայ Դիմադրութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած զօրակցութեան առումով:

Զարիֆ հաստատեց, որ ներքին արաբական տարակարծութիւններէն եւ տագնապներէն օգտուողը սիոնական գոյացութիւնն է` աւելցնելով, որ Իրան յանձնառու կը մնայ բոլորին օժանդակութեան ձեռք մեկնելու:

seyid_zarif_8-12-15

Նշենք, որ Զարիֆ նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունեցած էր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` ներկայութեամբ Զարիֆի ընկերակցող պատուիրակութեան եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ ստորագրուած համաձայնագիրը եւ անոր ունենալիք ազդեցութիւնը շրջանային հարցերուն վրայ:

Զարիֆ Նաեւ Այցելեց Դամասկոս

Zarif-Assad_8-12-15

Զարիֆ Լիբանան իր այցելութիւնը աւարտելէ ետք Պէյրութի օդակայանին ճամբով մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Հանդիպումէն ետք իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ասատի հետ քննարկումները լաւ էին եւ կեդրոնացած Սուրիոյ տագնապին վրայ: «Ժամանակը հասած է, որ միւս դերակատարները եւ մեր դրացիները հետաքրքրուին ճշմարտութիւններով, ընդառաջեն սուրիացի ժողովուրդի պահանջներուն եւ աշխատանք տանին ծայրայեղականութեան, ահաբեկչութեան եւ համայնքայնութեան դէմ պայքարելու»:

Միւս կողմէ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները համաձայնութիւն գոյացուցած են ներսուրիական բանակցութիւններու նոր հանգրուանի մը կայացման համար տարուող ջանքերուն աջակցող բանաձեւի մը շուրջ:

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Յաջորդը

Կարօ Փայլան «Խելքը Գլուխը Բերել»-ու Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?