Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 14, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պաշտօնեաները երէկ գործադուլ մը կատարեցին` բողոքելով աղբերը նաւահանգիստ փոխադրելու կարելիութեան դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ առանց արտօնութեան փողոց իջնելու եւ ցոյցեր կատարելու քայլերը կրնան վերածուիլ միլիսական երեւոյթի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի հաստատեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն չի կրնար զիրենք ազգային միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան դէմ լարել: Ան շեշտեց, որ իրենք համոզուած են, թէ Լիբանանը կը գոյատեւէ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեամբ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար պատասխանատուներէն Պասսամ Հաշեմ շեշտեց, որ խորհրդարանը պէտք է բխի ժողովուրդին կամքէն, որպէսզի արտայայտէ անոր փափաքները:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն ճիշդ գնահատեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի որոշումը: Ան շեշտեց նաեւ, որ սահմանադրութիւնը յեղաշրջումի ենթարկելու արարքը նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելն է:

ՍՈՒՐԻ կրօնաւորներու հանդիպումի նախագահ շէյխ Ալի Եասին յայտնեց, որ լիբանանցի պատասխանատուները իրենց ժողովուրդին ընտրանքը չեն յարգեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Պեքաայի մէջ տիրող կացութեան այլեւս կարելի չէ հանդուրժել, յատկապէս վերջին հանգրուանին: Ան խստիւ դատապարտեց զինեալներու կողմէ Տիմանէն Տէյր Ահմար ուղղուող հոգեւորականներուն ինքնաշարժը կասեցնելու դէպքը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց աղբերը Մինայի Արաբական համալսարանին ետեւ նետելու արարքը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հիւսէյն Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան երկրին մէջ տիրող համախոհութեան եւ փոխըմբռնումին, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին իրաւատէրերու շարժումներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շարժումը տկար է եւ հիւծած` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքը թիրախ դարձնելը ահաբեկչութեան կը ծառայէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ իրենք պայքարի երկար ուղի մը ունին եւ չեն փափաքիր իրենց ներուժը մէկ շունչով սպառել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ արգիլուած է փողոցները փակել, իսկ երկրին ապահովական կայունութեան խախտումը կարմիր գիծ է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք պիտի ըլլան առաջինները, որոնք պիտի պաշտպանեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, եթէ զայն լուսանցքայնացնելու փորձ մը կատարուի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազեցաւ 700 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 800 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան զօրակցող բոլոր կողմերը սկսած են իրենց տուրքը վճարել, իսկ սուրիական բանակը յաղթական դուրս պիտի գայ երկրին դէմ մղուած պատերազմէն:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ ընդունեց Ֆաթհ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարիլ պաղեստինցիներուն կողքին, մինչեւ բռնագրաւուած պաղեստինեան բոլոր հողերուն ազատագրումը:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ արուարձաններուն մէջ երէկ Հըզպալլայի կողմէ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ երկխօսութիւն կը կատարեն լիբանանեան պետութեան եւ անոր շահերէն մեկնելով:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ձախողած է լիբանանցիները ազգային միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան դէմ լարելու առումով:

 

 

Նախորդը

Լաթաքիան Ռմբակոծումի Ենթարկուեցաւ

Յաջորդը

Ժոսլին Ժըրժես Անյայտ Կորսուած Է

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?