
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին կացութիւնը:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ Ֆաթհ շարժումի կեդրոնական խորհուրդի անդամ Ազզամ Ահմետը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրի:
Հանդիպումէն ետք Ահմետ յայտնեց, որ վարչապետ Սալամի հետ քննարկած է պաղեստինեան դատին վերաբերող շարք մը հարցեր` ընդգծելով, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ որդեգրուելիք բարեկարգումներն ու բարգաւաճման ծրագիրները կ՛օժանդակեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն չքացման:
Ան խստիւ դատապարտեց պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ բռնկած ապահովական իրադարձութիւնները` շեշտելով, որ անոնց նպատակն է Լիբանանի ներքին ապահովական կայունութիւնը խախտել:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի տնօրէն Ֆիլիփ Լազարինի:
Հանդիպումը ունէր արարողակարգային բնոյթ: