
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական հարցերն ու ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութէն Լիբանան տեղափոխուածներուն վերաբերող հարցեր:
Այս շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիահայոց կեցութեան առնչուող խնդիրներուն բարւօք ընթացք տալու անհրաժեշտութիւնը: