Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախագահ Աուն գնդակը նետեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն փափաքող պետութիւններուն դաշտը, մասնաւորաբար այն պետութիւններուն, որոնք ստորագրեցին Շարմ Շէյխի համաձայնութիւնը` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի բռնագրաւած հինգ կէտերէն հեռանալն ու յարձակումները դադրեցնելը բանակցութեան առաջնորդող քայլեր են»: - ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան եւ ֆրանսական վերջին կեցուածքները լիբանանեան իրավիճակին նկատմամբ միջազգային մօտեցումին մէջ նկատառելի շրջադարձներ են, մանաւանդ...



















