– ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Լիբանանի եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան վերաբերեալ վերջին կեցուածքները նոյնքան գոհունակութիւն յառաջացուցին, որքան անոնց բովանդակութեան նկատմամբ ամերիկեան եւ եւրոպական հետաքրքրութիւն»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երեքշաբթի գիշեր սուրիական կողմէն ստանձնեց երկու երիտասարդներ, որոնք նոյն օրը Հաուշ Սէյիտ Ալի շրջանէն առեւանգուած էին:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին կեցուածքը ճամբայ կը բանայ նոր Միջին Արեւելքի հաւասարակշռութեան մէջ Լիբանանի դիրքի վերաճշդման: Եթէ իշխանութիւնները ներկայ պահը լաւ ձեւով կառավարեն, Լիբանան կրնայ տագնապի բեմէն վերածուիլ հաւասարակշռութեան բեմի ազգային միասնական հայեցակարգի մը, որ յստակ կարմիր գիծեր կը գծէ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան պետութիւնը վերջերս որոշեց միանալ շրջանին մէջ ընթացք առած փոփոխութիւններու երթին, որովհետեւ նոյնիսկ Համաս շարժումը, որ խնդիրին առնչակից հիմնական կողմն է, հրաժարեցաւ զինուորական ընտրանքէն եւ բանակցութեան դիմեց»:
– «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ» կը հաղորդէ, որ զինուորական աղբիւրներ յայտնած են, թէ կը մերժեն «Մեքանիզմ»-ի ժողովները կապել ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի անձամբ ներկայութեան` նկատի ունենալով շարք մը հարցեր, որոնք այդ զինուորական եւ թեքնիք ժողովէն կը պահանջէ զանոնք լուծել կամ անոնց շուրջ համակարգում կատարել, որովհետեւ կարեւորը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցողն է եւ ոչ թէ ո՛վ ներկայ է:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթեթրի տեղեկութեան համաձայն, լիբանանեան կողմը սուրիական կողմին հետ իր բանակցային հանդիպումը սկսած է նշելով, որ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները յանգեցուցած են Պշարրէէն մէկ անձի եւ Պիքֆայայէն ուրիշ անձի մը լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմելուն, որպէսզի Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ առկախ խնդիրներու լուծումը քննարկեն:
– ԸՍՏ «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթին, «կը թուի, թէ Լիբանանին կատարածին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին պահանջածին միջեւ բացը մեծ է: Տուեալները ցոյց կու տան, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին կարգ մը դիտողութիւններուն ու Լիբանանէն պահանջներուն գործադրութիւնը կը թուի դժուար կիրարկելի ըլլալ»: