Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան Ընդունեց Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Ֆոնտի Ներկայացուցիչը

October 15, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան ֆոնտի ներկայացուցիչ Անանտիթա Ֆիլիփոսը եւ ծրագիրի տնօրէն Փամելա Տի Քամելոն:

Պայրագտարեան իր այցելուներուն ներկայացուց իր մասնակցութիւնը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի հրաւէրով երիտասարդութեան միջազգային աշխատանքային ծրագիրի 30-ամեակին առիթով բարձրաստիճան ժողովին, որուն ընթացքին խօսք մը արտասանեց եւ որուն ծիրին մէջ բազմաթիւ անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ ունեցաւ:

Հանդիպումին մէկ մասը յատկացուեցաւ նախարարութեան եւ ընդհանրապէս ՄԱԿ-ի ու մասնաւորաբար Բնակչութեան ֆոնտին միջեւ երիտասարդութեան ոլորտին մէջ գործակցութեան համակարգման, ինչպէս նաեւ նախարարութեան առաջարկած շարք մը առաջարկներու արծարծման: Այս գծով ապագայ քայլերն ու ծրագիրները մանրամասն քննարկումի ենթարկուեցան:

Ֆիլիփոս պատրաստակամութիւն յայտնեց թիկունք կանգնելու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու: Համաձայնութիւն գոյացաւ այդ ծրագիրները յաջորդաբար յայտարարելու:

Պայրագտարեան Դիմաւորեց Արեւմտեան
Ասիոյ Ախոյեան Լիբանանի Վոլիպոլի Աղջկանց Խումբը

Պայրագտարեան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ընդունեց Լիբանանի վոլիպոլի աղջկանց ազգային խումբը, որ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանէն վերադարձաւ հինգ մրցումներու ընթացքին հինգ յաղթանակ արձանագրած եւ իր մօտ պահած Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանի տիտղոսը:

Նախարարը շնորհաւորեց Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնը ձեռք բերուած իրագործումին համար եւ նշեց, որ աղջկանց ազգային խումբը շրջանային ախոյեանութեան մէջ հայրենիքի դրօշը բարձր պահեց:

Պայրագտարեան Մարմնակրթութեան Մէջ
Շարք Մը Ձեռքբերումներու Հեղինակներ Ընդունեց

Մեկնելով ախոյեանները մեծարելու եւ ինքնութեան ու պատկանելիութեան բնորդը, դրական մրցակցութիւնը, դրական արժէքները սերմանելու, գնահատուած ըլլալու զգացումը խթանելու, երիտասարդ տաղանդներուն աջակցելու եւ ֆետերասիոններու, յանձնախումբերու, վարչութիւններու եւ մարզիչներու ջանքերը գնահատելու նկատմամբ իր նախանձախնդրութենէն, երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Էրպիլի մէջ մինի ֆութպոլի մրցաշարքի երրորդ դիրքի արժանացած Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը, Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեանութեան եւ Եգիպտոսի «Փարաւոններու Ախոյեանութեան»-ի ընթացքին ճիմնասթիքի մէջ 15 տարբեր մետալակիրներ, Նոթինկհամի մէջ Թաչ մարզաձեւի աշխարհի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը գրաւած Լիբանանի տղոց ազգային խումբը եւ Տուպայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ Կոլֆի մարզաձեւին մէջ շարք մը մետալներ ստացած մարզիկներ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.